Լրահոս
Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան․- ՅՈՒՇ ԵՐԵԿՈՅ՝ ԺԻՐԱՅՐ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆԻ
attachments (17)
Փետրուար 27, 2023-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ, նախագահութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին, տեղի ունեցաւ «Յուշ Երեկոյ Ժիրայր Դանիէլեանի» վերնագիրով հանդիսութիւնը։
Կաթողիկոսարանի, ե՛ւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, շրջանակին մտաւորական եւ մտերիմ բարեկամը՝ Ժիրայր Դանիէլեան, մահացած էր Նոյեմբեր 2022-ին, Պոսթընի մէջ։

