“ԿԱԶ­ՄԱ­ԿԵՐՊ­ՈՒԱԾ ՁԵ­ՒՈՎ ՊԻ­ՏԻ ՄԱՍ­ՆԱԿ­ՑԻՆՔ ԵՐԵ­ՒԱ­ՆԻ ԱՒԱ­ԳԱՆԻԻ ԸՆՏ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵ­ՐՈՒՆ“, ԿԸ ՅԱՅՏ­ՆԷ Ա. ՎԱՐ­ԴԱՆ­ԵԱՆ

0 0
Read Time:2 Minute, 15 Second

aghvan-vartanian ԵՐԵ­ՒԱՆ.- Հ.Յ.Դ. խմբակ­ցու­թեան պատ­գա­մա­ւոր Աղ­ուան Վար­դան­եան, շա­բա­թաս­կիզ­բին խորհր­դա­րա­նին մէջ լրագ­րող­նե­րուն հետ զրոյ­ցին ըն­թաց­քինյայտ­նեց, որ Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թիւնը իս­կա­պէս կը մտա­ծէր, որ Երե­ւա­նի աւա­գանիի ընտ­րու­թիւն­նե­րը կրնան դառ­նալ այն հար­թա­կը, որ ընդ­դի­մա­դիրու­ժե­րուն մի­ա­ւոր­ուե­լու, այդ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն քա­ղա­քա­կան պայ­քա­րի ճամ­բով եր­թա­լու կա­րե­լիու­թիւն պի­տի տայ եւ Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թիւնը այս գծովկա­տա­րած է ամէն կա­րե­լին եւ ան­կա­րե­լին:

“Մեր խիղ­ճը մա­քուր է, քա­նի որ մենք ըրինք ամէն ինչ, որ­պէս­զի քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րը հա­մա­ձայ­նու­թեան գան: Իւ­րա­քան­չիւր քա­ղա­քա­կան ուժ առան­ձինպի­տի մաս­նակ­ցի այդ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն, սա­կայն ատի­կա չի նշա­նա­կեր, որ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւնը պի­տի դադ­րի: Ար­դէն Երե­ւա­նի աւա­գանիիընտ­րու­թիւն­նե­րէն ետք կա­րե­լի է, որ բա­րեն­պաստ պայ­ման­ներ ստեղծ­ուին մի­աց­եալ աշ­խա­տան­քի հա­մար“, ընդգ­ծեց Վար­դան­եան:

Ըստ անոր, քննար­կում­ներ տե­ղի ու­նե­ցած են “Ժա­ռան­գու­թիւն“ եւ “Բար­գա­ւաճ Հա­յաս­տան“ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն հետ թէ՛ մի­ա­սին, թէ՛առան­ձին-առան­ձին, սա­կայն մօ­տե­ցում­նե­րու տար­բե­րու­թիւն­նե­րը թոյլ չտուին մի­ա­ւոր­ուիլ եւ մի­աս­նա­կան ցու­ցակ կազ­մել:

Ըստ անոր, պարտք եւ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն ու­նին բո­լո­րը` թէ՛ իշ­խա­նու­թիւնը, թէ՛ ընդ­դի­մու­թիւնը, եւ այդ պարտ­քէն եւ պա­տաս­խա­նա­տուու­թե­նէն կա­րե­լի չէ խու­սա­փիլ: “Մենք մեր երկ­րին մէջ թշնա­մի­ներ չու­նինք, տա­րա­կար­ծու­թիւն­ներ, տար­բե­րու­թիւն­ներ, այո, կան, բայց ոչ եր­բեք թշնա­մանք, եւ միայն քա­ղա­քա­կան հա­մա­ձայ­նու­թեամբկա­րե­լի է փո­խել այս իրա­վի­ճա­կը: Կը կար­ծենք, որ անոր հա­մար հիմ­քեր կան, եթէ բո­լոր կող­մե­րը իս­կա­պէս տրա­մադր­ուած են: Մենք ու­նինք մեր ճամ­բու քար­տէ­սը եւ կըկար­ծենք, որ կա­րե­լի է այդ ճամ­բով առաջ եր­թալ“, եզ­րա­կա­ցուց Վար­դան­եան:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles