ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴԻ ՓՈՔՐ ՆՄԱՆՕՐԻՆԱԿԸ` ՀՈԼԱՆՏԱՅԻ ԱԼՄԵԼՕ ՔԱՂԱՔԻՆ ՄԷՋ
Հոլանտայի Ալմելօ քաղաքին մէջ կը կառուցուի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր` Ծիծեռնակաբերդի նմանութեամբ, որուն բացումը նախատեսուած է Ապրիլ 24-ին: Մարտ 9-ին Հոլանտայի Ալմելօ քաղաքի Հայ առաքելական եկեղեցին հիւրընկալեց “Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական խնձոր“ կուսակցութեան անդամ, Հոլանտայի Ազգային ժողովի երեսփոխան, Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Փիթըր Օմտզիխտը: Անոր ընկերակցեցան Ալմելոյի մէջ “Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական խնձոր“ կուսակցութեան նախագահ Իրենէ Տեն Սելտամ եւ քաղաքապետարանի աւագանիի անդամ Եան Վան Մարլէն:
Հանդիպման ներկայ եղան նաեւ Հայ Դատի յանձնախումբի, “Գարեգին Նժդեհ“ երիտասարդական միութեան, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ներկայացուցիչներ: Մասնակիցները քննարկեցին շարք մը հարցեր, ինչպէս` Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը եւ դատապարտումը, թէ ի՛նչ հակադարձ գործողութիւններ կրնան ընել Հոլանտայի իշխանութիւնները թրքական եւ ատրպէյճանական մերժողական եւ ռազմատենչ քաղաքականութեան դէմ: Քննարկուեցաւ նաեւ հայկական դպրոց ունենալու անհրաժեշտութիւնը, հայերու վիճակը Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Սուրիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Հոլանտա մերձեցումը (յատկապէս տնտեսական մարզին մէջ) եւ որոշ մարզային հարցեր:
Վարչութեան նախագահ Օննիկ Քելիճիի կողմէ դրուեցան հարցեր հայերու աշխատանքի տեղաւորման վերաբերեալ, հայկական գերեզմանատուն ունենալու պահանջը, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի, յատկապէս, հայ սկաուտներու համար սեփական շէնք ունենալու պահանջը, ինչպէս նաեւ ներկայացուեցան աւագ սերունդի խնամքին եւ բնակարանային համալիր ծրագիրին վերաբերեալ հարցեր:

