Յ. ՀԵԼՎԱՃԵԱՆ
Պէյրութ
Մեր տան դիմաց, խրճիթի մը մէջ կ’ապրէին ծերունիներ Մարի Մայրիկը եւ Յովհաննէս Էմմին:
Ամէն իրիկուն այդ ծերունիները բարձրաձայն կը կռուէին, զիրար կը նախատէին, կը վարկաբեկէին, կը հայհոյէին: Ձայներնին այնքան յստակ կը լսուէր, որ պահ մը կը կարծէինք թէ մեր տան մէջ տեղի կ’ունենար կռիւը:
Դրացիները եւ անոնց մէջ մայրս յաճախ Մարի Մայրիկին օգնելու համար կը միջամտէին, կը հանդարտեցնէին Յովհաննէս Էմմին, ու Մարի Մայրիկը տունէն դուրս հանելով առժամեայ «կրակմար»ի դրութիւն կը ստեղծէին:
Մարի Մայրիկէն կ’իմանայինք, թէ Յովհաննէս Էմմին դարձեալ մէկ շիշ օղի խմած էր ու երկրորդ շիշը պահանջելուն եւ Մարի Մայրիկին՝ անոր չենթարկուելուն պատճառաւ կռիւ փրթած էր:
Անոնք հակառակ որ կը կռուէին, կը նախատէին ու կը վարկաբեկէին զիրար՝ միասին ապրած էին ամբողջ կեանք մը:
Մինչեւ այսօր կը յիշեմ թէ ինչպէս Մարի Մայրիկը օր մը լացաւ մեր տան մէջ: Լացաւ սրտով: Լացաւ տաք արցունքներով.
- Չեմ ուզեր որ խմէ: Իր առողջութեան համար լաւ չէ: Կը վախնամ իր վրայ: Չեմ ուզեր որ վնասուի: Ես իրմէ զատ մէկը չունիմ,- կ’ըսէր յուզումով:
Իսկապէս Մարի Մայրիկը մէկը չունէր բացի Յովհաննէս Էմմիէն: Միայն մոխրագոյն կատու մը կ’ապրէր հետերնին: Չեմ գիտեր ինչո՞ւ Աստուած ամուլ ձգած էր այդ երկու ծերունիները:
Մարի Մայրիկը ժամ մը մեր տունը նստելէ ետք կը հանդարտէր: Թէեւ արցունքն ալ կը չորնար, բայց կարմրած աչքերով մեզմէ կը բաժնուէր, վերամիանալու պաշտելի Յովհաննէսին:
Գիշերուայ ժամը տասնըմէկն է եւ թաղը՝ հանդարտ: Ոչ ձայն, ոչ ալ կռիւ կայ: Կ’երեւի Յովհաննէս Էմմին թմրած, քնացած է եւ Մարի Մայրիկը վերմակով կը ծածկէ անոր բաց կուրծքը, որպէսզի չմսի ու չհիւանդանայ:
Խաղաղ գիշեր է: Միայն թիթեղաշէն տանիքներուն վրայ մաղուող անձրեւուն ձայնը որպէս մեղմ նուագ կը լսուի:
Իսկ ես՝ վերմակիս տակ, խանգարուած, չեմ կրնար քնանալ, անվերջ Մարի Մայրիկին լացող դէմքը կ’ուրուագծուի, եւ իր հոգիէն ծնած խօսքերը ականջներուս մէջ կը կրկնուին.
- Չեմ ուզեր որ խմէ: Իր առողջութեան համար լաւ չէ: Կը վախնամ իր վրայ: Չեմ ուզեր որ վնասուի: Ես իրմէ զատ մէկը չունիմ:
Այդ գիշեր մինչեւ առտու լացի Մարի Մայրիկին համար: Նաեւ՝ Յովհաննէս Էմմիին համար: Վստահաբար այդ մարդը սրտի ցաւէն կը խմէր, թերեւս անզաւակ մնացած ըլլալուն համար կը խմէր:
Առաւօտուն թաց բարձս հակառակ դարձուցի եւ առանց մօրս աչքերուն նայելու վազեցի դպրոց, կարմրած եւ յոգնած աչքերով:
Այդ դէպքէն տարի մը վերջ Յովհաննէս Էմմին մեռաւ: Շատ չանցած Մարի Մայրիկն ալ աւանդեց հոգին: Ան Յովհաննէս Էմմիէն զատ մէկը չունէր. աճապարեց միանալու անոր:
Այսօր անոնք չկան: Զիրենք ներկայացնողներն ալ չկան: Իմ այս գրութեամբ յիշատակ մը ուզեցի ձգել այս երկու կռուող բայց զիրար պաշտող ծերունիներուն կեանքէն: