ԼրահոսՅօդուածներ

ԾԱՂՐԱՆԿԱՐԻՉԻՆ ԴԻՏԱՆԿԻՒՆԸ

p7 bis

Տպաւորիչ է ֆրանսացի ծանօթ ծաղրանկարիչ Ուիլեմի այս գործը.- «Թուրքիա-Հայաստան՝ Ձեռնուիլը», որ լոյս տեսաւ Ֆրանսական մամուլէն ներս, Ցիւրիխի մէջ կատարուած Հայաստան-Թուրքիա համաձայնագրի ստորագրութիւնէն քանի մը օր ետք: Դէպքերու իրադարձութիւններուն հետեւողը կրնայ դիւրութեամբ նկատել, ոսկորի վերածուած եւ «հալած» հայորդիին ձեռքին իմաստը:

Միւս կողմէն, միեւնոյն ժամանակ «Լը Ֆիկարօ» թերթը հրատարակած էր ուժանիւթի միջանցքներու քարտէսը, որ կþընդգրկէր Թուրքիան: Քարտէսը կազմած էր «Սի. Այ. Էյ.»ը՝ Միացեալ Նահանգներու ուժանիւթի նախարարութեան հետ համագործակցաբար: Քարտէսին մէջ տրուած են Հայաստանի սահմանները…համաձայն Սեւրի դաշնագիրի, որ կնքուած է Օգոստոս 10, 1920-ին, հայ-թրքական սահմանը անցած է Վան, Պիթլիս, Էրզրում եւ Տրապիզոն նահանգներէն՝ Հայաստանին կարելիութիւն տալով ելք ունենալ դէպի Սեւ ծով:

Օսմանեան կայսրութիւնը օրին, չվաւերացուց դաշնագիրը, որ անվաւեր նկատուեցաւ 1923 թուականին, Լոզանի մէջ կնքուած համաձայնագիրէն ետք:

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button