
Օգոստոս 23-ին կը լրանայ դաւադիր գնդակին զոհ դարձած Արցախեան ազատամարտի հերոս ընկ. Հրաչ Մուրատեանի յիսնամեակը։ Ուղիղ մէկ տարի առաջ մենք պայմանաւորուած էինք որ միասին պիտի նշենք այդ տարեդարձը, սակայն թրքածին ոճրագործը թոյլ չտուաւ որ Կարօտի ու Պետոյի զինակից մեր ընկերը շարունակէր հայրենիքի ծառայութեան իր գործը եւ ես այցի եկայ Պետօ Ղեւոնդեանի կողքին տեղաւորուած շիրիմին։
Սիրելի ընկեր, քու նահատակութիւնդ, ինչպէս միւս բոլոր ազատամարտիկներուն կորուստը, անկասկած մեծ ցաւ է քու ընտանիքիդ, հարազատներուդ, կուսակիցներուդ, մարտական ընկերներուդ, համագիւղացիներուդ եւ ազգի հայրենասէր հատուածին։ Ես մէկ անգամ, Գետաշէնի անկման օրերուն, չստուգուած տեղեկութեամբ մը ցնցուած եմ արդէն քու նահատակութեանդ գուժով ու անկէ ետք իւրաքանչիւր զոհի հետ ապրած եմ քեզ կորսնցնելու արհաւիրքը։ Բայց այս կորուստը կրկնակի ցաւ է, որովհետեւ այն հարազատ ընկեր մը կորսնցնելէ աւելի` քու երազած հայրենիքը ունենալու յոյսը կը մեռցնէ, հոգիիդ ու մտքիդ նուիրուածութեան առարկայ դարձած ազգին ու պետութեան բարոյազրկուածութիւնը կ’ապացուցէ։ Տարիներ շարունակ կռուեցար իր ոճրագործը հերոսացնող ցեղին դէմ, կառուցելու համար քու երազած հայրենիքդ եւ ստացար այն պետութիւնը, որ իր իսկական հերոսին դաւադիր սպանութիւնն անգամ դատապարտելու բարոյական արժանիքէ զուրկ է։ Այո, պատեհ ու անպատաեհ առիթներով հայրենասիրութենէն ճառող ազգի ոչ-հայրենասէր հատուածը ոչ միայն ցաւակցութիւն չյայտնեց այլ նոյնիսկ չդատապարտեց քու սպանութիւնդ, դեռ ուր մնաց բացայայտել ու պատժել թրքածին ոճրագործին։
Քու վրայ կրակած ճիւաղը պէտք է պատժուի, ոչ թէ յանուն վրէժի կամ արդարութեան, այլ յանուն ներքին թշնամիի վերացման, վաղուայ օրուան հանդէպ յոյսի վերականգնման, ազգի ինքնամաքրման ու հայրենիքի նուիրեալ կերպարի ճառագայթումին։ Մենք կը սպասենք Դաշնակցութեան Աստուծոյ պատիժին, որովհետեւ ազգային ու հայրեանասէր կերպարը պէտք ըլլայ անխոցելի, ժողովուրդին ու ազգին հոգսերով մտահոգուած ղեկավարի օրինակը պէտք ըլլայ վարակիչ, իսկ հայրենադաւութիւնն ու բարոյազրկուածութիւնը պէտք ըլլան պատժելի։
Վստահ եմ այս բոլորը քեզ չեն տխրեցներ, սիրելի ընկեր։ Ծնունդդ շնորհաւոր, քանզի դուն ծնած էիր չմեռնելու համար, ճիշտ այնպէս ինչպէս մատնիչ Աւէները չկրցան մեռցնել Աղբիւր Սերոբին։ Բազմահազար երիտասարդներ Երեւանէն մինչեւ Սփիւռք գոռացին “Բոլորս Հրաչ Մուրատեան ենք” եւ անոնց կտակեցիր նուիրեալ ազատամարտիկի աննկուն կամքը, հայրենասէր հայու կերպարը, ազնիւ, անկաշառ ու բարոյականի տէր ղեկավարի օրինակը եւ գաղափարապաշտ դաշնակցականի յարատեւ պայքարի հաւատամքը։ Գէորգ Չաւուշն էր կուռքդ եւ դուն ժառանգեցիր անոր համեստութիւնն ու քաջութիւնը, Արամ Մանուկեանն էր իտէալդ եւ դուն մարմնաւորեցիր ժողովուրդիդ անշահախնդիր ծառայելու տիպարը, Լիզպոնի նահատակներն էին պաշտամունքդ եւ դուն միշտ պատրաստ էիր գերագոյն զոհաբերութեան, ու գացիր դէպի անմահութիւն՝ յաջորդ սերունդներուն կտակելով նախնիներէդ ժառանգած բոլոր բարեմասնութիւնները։