ԽՌԿԱԼ ԵՒ ԽՌԿՈՑ ․- SNORE-SNORING

0 0
Read Time:3 Minute, 57 Second

   Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան

«Բժիշկին խօսքը Ե.», Մոնրէալ, 2020

 

Խռկոցը (snoring) քունի մէջ քթային կամ բերանային շնչառութեան ընթացքին արտադրուած անբնական ձայնն է: Այս խռկոցին արտադրութեան գործողու-թիւնը կը կոչուի խռկալ (snore):

Խռկալ բառին հայերէն հոմանիշներն են՝ խռնչել, խռմփալ, խռալ եւ խռլտալ: Իսկ խռկոց բառին հոմանիշներն են՝ խռնչոց, խռմփոց, խռոց եւ խռլտոց:
Խռկալը համամարդկային երեւոյթ է: Անիկա կը պատահի անխտիր բոլոր մարդոց, այսինքն՝ սեւին եւ ճերմակին, աղքատին եւ հարուստին, մեծին եւ պզտիկին, զարգացած մարդուն եւ տգէտին, իգական եւ արական սեռին: Մեզմէ շատեր ունին այս փորձառութիւնը: Շատ քիչեր չեն խռկար: Խռկացող անձը չի լսեր եւ չի զգար իր խռկոցը: Շատերու համար անիկա ամէնօրեայ անլուծելի տագնապ է եւ մղձաւանջ:

Բնական պայմաններու մէջ առողջ անձ մը չի խռկար:

Խռկոցը կը պատահի առաւելաբար տղամարդոց եւ տարեցներու մօտ: Իսկ կիներ զայն առաւելաբար կ՚ունենան յղութեան շրջանին: Յաճախ կը հանդի-պինք մարդոց, որոնք կը նկարագրեն իրենց կողակիցին արտադրած արտառոց ձայնը քունի ընթացքին եւ կը նմանցնեն այդ ձայնը շոգեկառքի մը փուֆ-փուֆին, սրինգի մը կամ փողի մը սուլոցին, դրան մը ճռինչին, խելագարի մը անակնկալ եւ արտառոց պոռթկումին, կրակի վրայ ճնշիչ կաթսայի մը ֆշշոցին: Խռկոցը կը դառնայ ընկալողին համար զզուելի, խանգարիչ եւ անհանգuս-տացնող:
Խռկացողը կը խանգարէ իր շրջապատին գիշերային խաղաղութիւնը եւ լռութիւնը, արգելք կը հանդիսանայ իր քով քնացող անձին հանգիստին եւ քունին: Խռկացողը իր խռկոցով կը գրգռէ իր դիւրազգաց կողակիցը եւ երբեմն կ՚ունենայ ընտանեկան, այսինքն՝ ամուսին-կին անհասկացողութիւն, վիճաբա-նութիւն, անբնական փոխյարաբերութիւն եւ տարակարծութիւն: Իսկ ծայրայեղ պարագաներու՝ մինչեւ իսկ ամուսնալուծում:

Խռկոցը ունի երկու սկզբնաղբիւր (origin)՝ քիթ եւ քթաըմբան (nasopharynx) ու ըմբան-կոկորդ (pharynx) եւ բերան: Խռկոցին հիմնական ախտապատճառները կը գտնուին այս երկու կեդրոններուն մէջ:

Քթային ախտապատճառները կրնան ըլլալ միակողմանի կամ երկկողմանի:   Այս ախտապատճառներն են.

  1.   Քիթի գերզգայնութիւն, որ կը յառաջացնէ քիթի խլնաթաղանթի արիւնա-խռնում (congestion) եւ ջրախռնում (edema).
  2. Քիթի միջնորմի (septum) ծուռութիւն.
  3. Քիթի լաւորակ եւ վատորակ ուռեր.
  4. Քիթի յետսամասի ընդոծին մկանային կամ ոսկրային մասնակի խցում (choanal atresia).
  5. Քիթին մէջ օտար մարմինի գոյութիւն.
  6. Քթաըմբանի գեղձուռոյցք (adenoids).
  7. Քթաըմբանի զանազան տեսակի ուռեր:

Վերոյիշեալ ախտապատճառները կը խցեն քիթի խոռոչը մասնակիօրէն: Ներշնչուող օդը դժուարութեամբ կ՚անցնի քիթի խոռոչէն եւ կը յառաջացնէ տեսակաւոր սուլոցային ձայներ, որոնց ուժգնութիւնը կախեալ է խցումի տարողութենէն:
Ըմբանային-բերանային ախտապատճառներն են.

  1. Ծաւալած նշիկներ (tonsils), լեզուակ (uvula), լեզու եւ լեզուի արմատ, որոնք կրնան ըլլալ ընդոծին կամ բորբոքումի մը հետեւանքով.
  2. Ըմբանի յետսապատի ուռեր եւ թարախակոյտ.
  3. Ըմբանային լաւորակ եւ վատորակ ուռեր.
  4. Լեզուի թուլութիւն քնանալու ընթացքին, երբ լեզուն կ՚ուղղուի դէպի ըմբան.
  5. Ծնօտի ընդոծին յետադարձութիւն (retrognathia), որուն հետ լեզուն ալ մաս-նակիօրէն կը տեղադրուի ետեւ՝ դէպի ըմբան:

Վերոյիշեալ հինգ ախտապատճառները մասնակիօրէն կը խցեն կոկորդը: Ուստի ներշնչուած օդը հանգստօրէն չուղուիր դէպի խռչափող եւ կ՚արտադրուի անբնական շնչառական ձայն մը՝ խռկոցը:

 

  1. Ընդոծին երկար եւ թոյլ մկանային քիմք: Քնանալու ընթացքին երկար եւ թոյլ մկանային քիմքը կը թրթռայ եւ կ՚արտադրէ յատուկ թրթռացումային խռկոց:

Խռկոցը ունի նաեւ երկրորդական ախտապատճառներ.

  1. Գիրութիւն. գէր անձը կ՚ունենայ ըմբանային անցքի նեղութիւն եւ մասնակի խցում:
  2. Ալքոլամոլութիւն. ալքոլը կը թուլցնէ կոկորդի եւ քիմքի մկանները, որոնք մասնակիօրէն կը խցեն ըմբանը:
  3. Ծխախոտի գործածութիւն. ծխախոտի երկարատեւ գործածութիւնը կը յա-ռաջացնէ կոկորդի եւ քիթի մնայուն բորբոքում եւ մասնակի խցում:
  4. Քնաբեր եւ հակագերզայնութեան դեղեր ու թմրեցուցիչներ. այս դեղերը կը թուլցնեն կոկորդի եւ քիմքի մկանները:
  5. Քնանալու ընթացքին մարմինի, վիզի եւ գլխու սխալ դիրքորոշում.կԿռնակի վրայ պառկած վիճակով լեզուն կ՚ուղղուի դէպի ըմբան եւ կը խցէ զայն մաս-նակիօրէն: Հակառակը կը պատահի, երբ կը քնանանք փորի վրայ եւ կամ կողմնակի դիրքով:
  6. Բարձի կազմուածք.թոյլ եւ կակուղ բարձի գործածութեամբ լեզուն դարձ-եալ կ՚ուղղուի դէպի ըմբան եւ կը յառաջացնէ կոկորդի մասնակի խցում:
  7. Քունէ առաջ ստամոքսի ծանրաբեռնում մեծածաւալ եւ դժուարամարս կերա-կուրներով։
    Խռկացող անհատը կ՚ունենայ նաեւ այլ ախտանշաններ համաձայն ախտա-պատճառին: Յաճախակիօրէն տեսնուած ախտանշաններն են.
  8. Ցերեկ ատեն քնոտութիւն, որ վտանգաւոր կը դառնայ ինքնաշարժ վարելու ընթացքին.
  9. Կեդրոնացումի տկարացում-նուազում.
  10. Կոկորդի չորութիւն եւ ցաւ.
  11. Անհանգստաւէտ քուն.
  12. Արեան ճնշումի բարձրացում.
  13. Կրծքավանդակի մկանային եւ ոսկրային ցաւ:

Ինչպէս յիշուեցաւ նախապէս, խռկալը անբնական երեւոյթ է: Անիկա հիւան-դագին բնոյթ կը ստանայ, երբ քիթի եւ կոկորդի խցումը աւելի զարգանայ, շնչահեղձութիւնը սաստկանայ, ուղեղին թթուածինով յագեցումը զգալիօրէն  նուազի եւ տեղի ունենայ քունի շնչադադար:

Խռկալու ախտաճանաչումը պէտք է կատարուի մասնագէտ բժիշկին կողմէ: Պէտք է ախտաճանաչուի խռկոցին ախտապատճառը, որպէսզի ըստ այնմ կատարուի անոր դարմանումը:

Խռկոցի դարմանամիջոցներն են.

  1. 1. Վիրաբուժական գործողութիւններ եւ միջամտութիւններ.

ա. Քիթի, ըմբանի եւ քթաըմբանի խցումներուն,

բ. Թոյլ եւ տկար մկանային քիմքին

գ. Ծաւալած լեզուակին եւ լեզուի արմատին

  1. 2. Ոչ-վիրաբուժական դարմանամիջոցներ.

ա. Կարծր բարձի գործածութիւն

բ. Քիթի արտաքին սեղմիչներ (nasal strips)

գ. Քիթի հակախռնիչներ (nasal decongestants)

դ. Բերանի յատուկ կազմածներ (mouth pieces), որոնք կ՚օգնեն ծնօտի տեղաշարժումին եւ լեզուի բնական տեղադրութեան

ե. Օդի շարունակական ներմղիչ սարք (CPAP continuous positive air pressure), որ կը գործածուի քունի ընթացքին շարունակ բնական շնչառութիւն ունենալու եւ շնչադադարի արգելք հանդիսանալու համար

զ. Ալքոլ եւ ծխախոտ չգործածել,

է. Ստամոքսը չծանրաբեռնել քնանալէ առաջ,

ը. Չգիրնալ եւ ընդհակառակը՝ նիհարնալ,

թ. Քնանալ կողմնակի կամ փորի վրայ՝ գլուխը պահելով կողմնակի դարձած

ժ. Խոնաւութիւն ունենալ ննջարանին մէջ,

ժա. Քնաբեր դեղեր շատ չգործածել,

ժբ. Ապրիլ ժուժկալ եւ հետեւիլ մարմնամարզի:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles