ԽՈՀԵՐ ԵՒ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ` ՄԵԾ ԸԼԼԱԼՈՒ ԿՈՉՈՒՄԸ

0 0
Read Time:13 Minute, 14 Second

ԳԱ­ՐԵ­ԳԻՆ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ՊԵ­ՏՈՒՐ­ԵԱՆ

“Աշա­կերտ­նե­րը սկսան վի­ճա­բա­նիլ թէ իրենց­մէ ո՞վ է մե­ծը: Յի­սուս գիտ­նա­լով անոնց մտա­ծու­մը, մա­նուկ մը առաւ եւ իր քով կանգ­նեց­նե­լով` ըսաւ. – Ով որ ըն­դու­նի այս մա­նու­կը իմ անու­նովս` զիս ըն­դու­նած կ՛ըլ­լայ, եւ ով որ զիս կ՛ըն­դու­նի` ըն­դու­նած կ՛ըլ­լայ զիս ղրկո­ղը: Որով­հե­տեւ ով որ ձեր բո­լո­րին մէջ փոք­րիկն է, ան է մե­ծը” (Ղկ 9.46-48):

Առա­քի­նու­թիւն մը, որ իր մէջ կը բո­վան­դա­կէ այն­քան վեհ ու սքան­չե­լի նկա­րա­գիր, որուն ար­ժա­նի դառ­նա­լու հա­մար, մարդ արա­րած  իրկեան­քը կը թրծէ ու ի գործ դնէ ճիշդ հա­կա­ռակ պատ­կե­րը գո­յաց­նե­լով ու փոքր ըլ­լա­լու, բո­լո­րին ծա­ռան դառ­նա­լու նկա­րա­գի­րը ու­նե­նա­լով:

Մե­ծու­թիւնը մարդ արա­րա­ծի մտա­յին ու հո­գե­կան աշ­խարհ­նե­րուն մէջ սկիզ­բէն ի վեր գո­յու­թիւն ու­նե­ցող երե­ւոյթ մըն է: Պատ­մու­թեան սկիզ­բէն ի վեր, կը կար­դանք, կը հե­տեւց­նենք ու կը քա­ղենք, որ մար­դիկ մեծ ըլ­լա­լու հա­մար, մեծ իրա­ւա­սու­թիւն­ներու կալ­ուած­ներ ու­նե­նա­լու նպա­տա­կով, ծնունդ տուած են շատ մը պա­տե­րազմ­նե­րու, կռիւ­նե­րու եւ ան­վերջ հար­ցե­րու…

Մեծ ըլ­լա­լու մրցակ­ցու­թիւնը առաջ բե­րած է նա­խանձ իրա­րու հան­դէպ, ոխե­րի­մու­թեան նկա­րա­գիր, դի­մա­ցի­նին վնաս հասց­նե­լու փոր­ձու­թիւն եւ շատ մը այլ հո­ռի երե­ւոյթ­ներ, որոնք իս­կա­պէս մար­դը հե­ռա­ցու­ցած են իր իս­կա­կան պատ­կե­րէն, այն պատ­կե­րէն որուն համա­ձայն Աստ­ուած զայն ստեղ­ծեց:

Մեծ ըլ­լա­լը շատ յա­ճախ մարդ արա­րա­ծին կող­մէ տեսն­ուած է յա­րա­բե­րա­բար իր կար­ծի­քին, դա­տո­ղու­թեան ու զգա­ցում­նե­րուն, մոռ­նա­լով իս­կա­կան Մեծ դառ­նա­լու շնորհ­քին հրա­մա­յա­կան­նե­րը, որուն առա­ջինն ու ամէ­նէն մե­ծը, բո­լո­րին ծա­ռայ դառ­նալն է, հա­մա­ձայն մեր Քրիս­տո­նէ­ա­կան կեան­քի գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թեան եւ այն իրա­կա­նու­թեան, որ փոր­ձա­ռու­թեամբ առաջ եկած է:

Մեծ կոչ­ուի­լը, մար­դիկ կը նկա­տեն առաջ­նա­հեր­թու­թիւն իրենց կեան­քին մէջ, առանց մտա­ծե­լու մե­ծու­թիւն ընե­լու մա­սին, կ՛ու­զեն մեծ կոչ­ուիլ առանց աշ­խա­տան­քի, առանց մե­ծու­թեան ար­ժա­նի արարք­ներ կա­տա­րե­լու, առանց մե­ծու­թեան իմաս­տը գիտ­նա­լու, այլ պար­զա­պէս, որով­հե­տեւ լաւ տիտ­ղոս է, ու­րեմն ամէն ջանք կը թա­փեն տի­րա­նա­լու այդ կոչ­ման ու մէյ մը որ զայն ձեռք ձգեն, իրենք զի­րենք խա­բե­լով ու խաբ­ուե­լով այ­լոց կող­մէ, կ՛ել­լեն օգ­տա­գոր­ծե­լու իրենց մե­ծու­թեան սին տիտ­ղո­սը, վա­յե­լե­լով անոր վա­ղան­ցուկ այս­պէս կոչ­ուած առա­ւե­լու­թիւն­նե­րը:

Իւ­րա­քան­չիւր մարդ արա­րա­ծի մէջ գո­յու­թիւն ու­նի ինք­նա­փուխ զգա­ցու­մը մե­ծու­թեան, մեծ կոչ­ման ու մե­ծի տեղ դրուե­լու իրո­ղու­թեան: Փոք­րիկ մը երբ կը սկսի աճիլ ու մեծ­նալ, ինք­նա­բե­րա­բար եւ աս­տի­ճա­նա­բար չու­զեր դա­ւա­նիլ իր փոքր ըլ­լա­լը ու միշտ բնա­կան ձգտում մը կ՛ու­նե­նայ մեծ ըլ­լա­լու, մեծ մար­դոց հետ շաղ­ուե­լու, մե­ծե­րու նիւ­թե­րուն մէջ մտնե­լու եւ մի­ջա­մուխ դառ­նա­լու: Այս­պէս, երբ կը թե­ւա­կո­խէ պա­տա­նու­թեան տա­րի­նե­րը, հոն աւե­լի շեշ­տա­լի կը դառ­նայ անոր մեծ­նա­լու ցան­կու­թիւնը եւ այս­պէս կեան­քը իր հանգր­ուան­նե­րուն մէջ նո­րա­նոր սո­վո­րու­թիւն­ներ ի յայտ կը բե­րէ, որոնք կը թարգ­ման­ուին մեծ­նա­լու զա­նա­զան արարք­նե­րով:

Շատ ան­ձեր գո­յու­թիւն ու­նին, որոնք որ­քան մեծ­նան ու մե­ծի տեղ դրուին, այն­քան աւե­լի ծա­ռաւ կը մնան մե­ծու­թեան, կար­ծէք չեն կրնար յա­գե­նալ այն մե­ծու­թեամբ, զոր բնա­կան երե­ւոյթ մըն է իրենց դիր­քին ու կա­րո­ղու­թեան հա­մար: Անոնք սա­կայն խոր­քին մէջ միայն մեծ­նալն է որ կը հե­տապն­դեն, առանց այդ մեծ­նա­լը ամուր հի­մե­րու վրայ հաս­տա­տե­լու եւ աշ­խա­տե­լու անոր հզօ­րաց­ման, ուս­տի անոնց իյ­նա­լը շու­տով վրայ կը հաս­նի ու նախ­կին վի­ճա­կէն աւե­լի խեղճ վի­ճա­կի մը կը յան­գին:

Ան­ձեր կան, որոնք հո­գե­բա­նա­կան տար­բեր ելե­ւէջ­նե­րով, կ՛իյ­նան փա­ռա­մո­լու­թեան ու փառ­քի տի­րա­նա­լու մութ փոր­ձու­թեան մէջ: Փառ­քը, այն­պի­սի մո­լու­թիւն մըն է, որ մարդ արա­րա­ծը կո­րուս­տի ճամ­բուն մէջ կը զե­տե­ղէ ու անոր կեան­քը կը դարձ­նէ դժո­խա­յին ու ար­հա­ւիր­քի ըն­թացք մը:

Շա­տեր կը մե­ծար­ուին առանց գի­տակ­ցե­լու իրենց կո­չու­մին ու մեծ դաս­ուե­լուն, որոնք շու­տով կը կորսնց­նեն այդ կո­չու­մը ու կը դառ­նան նուազ յար­գանք վա­յե­լող ան­ձեր:

Մար­դիկ, որոնք շատ բախ­տա­ւոր կ՛ըլ­լան, շատ յա­ճախ բախ­տի բեր­մամբ կը մե­ծար­ուին, կամ ինչ­պէս կա­րե­լի է ըսել “սխալ­մամբ” կը մե­ծար­ուին, առանց որե­ւէ մէկ մե­ծու­թեան նշոյլ ու­նե­նա­լու իրենց ներ­սի­դին, սա­կայն այդ մե­ծա­րան­քէն ետք, անոնց վի­ճա­կը կը դառ­նայ սոս­կա­լի, ու անոնց փա­ռա­մո­լու­թեան առաջ­քը առ­նե­լը կը դառ­նայ գրե­թէ ան­կա­րե­լի:

Առա­քի­նի մար­դիկ ալ գո­յու­թիւն ու­նին, որոնք իրենց մե­ծար­ուե­լուն կամ մե­ծի տեղ դրուե­լուն հա­մար այն­քան երախ­տա­պարտ կը գտնուին, որոնք գու­ցէ կ՛ամչ­նան իրենց տրուած մե­ծա­րան­քէն, պատ­կա­րանք մը կը առա­ջա­նայ իրենց ներ­սի­դին, այն պատիւին հա­մար զոր ար­դար է, իրենք զի­րենք ար­ժա­նի չգտնե­լով այդ փառ­քին: Այդ մար­դի­կը այն­քան գի­տա­կից են իրենց ան­ձին ու նկա­րագ­րին, զոր չեն ու­զեր զայն աղա­ւա­ղել փառ­քի ու մե­ծա­րան­քի խաբ­կան­քով: Անոնք գի­տա­կից են ու տէր իրենց մե­ծու­թեան, զոր մէյ մը որ ան­հե­տա­նայ, դժուար թէ վե­րա­կանգ­նի: Յար­գան­քը մե­ծու­թեան հան­դէպ կը պահ­ուի այն ժա­մա­նակ, երբ կը յարգ­ուի տու­եալ մե­ծու­թիւնը, երբ կը շատ­նայ այդ մե­ծու­թեան հան­դէպ պա­տաս­խա­նա­տու դիրք ու­նե­նա­լը:

Երբ մե­ծու­թեան գա­ղա­փա­րը քննար­կենք ու զայն դի­տենք յա­րա­բե­րա­բար մարդ­կա­յին բա­րո­յա­կան բարձր սկզբունք­նե­րուն եւ զայն դի­տենք կրօ­նա­կան վեհ ու առա­քի­նի ակ­նո­ցով, հոն պի­տի տես­նենք իրո­ղա­պէս թէ ո՞րն է ճշմա­րիտ մե­ծութիւը, ո՞վ է իս­կա­կան մե­ծը, ի՞նչ է պայ­մա­նը մեծ ըլ­լա­լու եւ անոր ար­դար կոչ­ման տի­րա­նա­լու: Այդ մէ­կը սկսիլ քննե­լու հա­մար, ան­հր­աժեշտ է սա­կայն, խո­հե­մա­բար դի­տել ու մօ­տե­նալ բա­րո­յա­կան ու կրօ­նա­կան սկզբունք­նե­րուն, մաքր­ուիլ փառ­քի ու մե­ծամ­տու­թեան ախ­տէն եւ պատ­րաստ ըլ­լալ ար­դար մե­ծու­թեան ու ար­դար փառ­քի ըն­կալ­ման:

Ճշմա­րիտ մե­ծու­թիւնը Աս­տուծ­մէ տրուած մե­ծու­թիւնն է: Ար­դար փառ­քը Աս­տու­ծոյ կող­մէ փա­ռա­ւոր­ուիլ եւ Աս­տու­ծոյ աչ­քին փա­ռա­ւոր ըլ­լալն է: Աս­տու­ծոյ փառ­քին ար­ժա­նի կը դառ­նանք, երբ զԱստ­ուած կը փա­ռա­ւո­րենք մեր կեան­քով ու գոր­ծով: Աս­տու­ծոյ կող­մէ տրուած մե­ծու­թեան ար­ժա­նի կը դառ­նանք երբ կը մե­ծա­րենք զԱստ­ուած, Իր Սուրբ Աւե­տա­րա­նի փո­խան­ցած ճշմա­րիտ մե­ծու­թիւնը հասկ­ցած կ՛ըլ­լանք ու զայն կը թարգ­մա­նենք մեր կեան­քով:

Մե­ծու­թիւնը շնորհք մըն է, որ միայն Աս­տուծ­մէ կու գայ, սա­կայն մար­դուն գոր­ծով ու վե­րա­բեր­մուն­քով: Իս­կա­կան մե­ծու­թիւնը ու­նի իր պայ­մանն ու գրա­ւա­կա­նը, որն է խո­նար­հու­թիւնը, առա­քի­նի կեանք ու­նե­նա­լը, ծա­ռա­յա­կան ոգի­ով լեց­ուի­լը ու ծա­ռա­յու­թեան պատ­րաս­տա­կա­մու­թեան յանձ­նա­ռու­թիւնը, ինք­զինք դի­տե­լը յա­րա­բե­րա­բար Աս­տու­ծոյ մե­ծու­թեան ու փառ­քին, ինք­զինք նկա­տե­լով Աս­տուծ­մէ ստեղծ­ուած ու Աս­տու­ծոյ հաշ­ուե­տու միշտ ու ամէն բա­նի մէջ:

Պատ­մու­թեան մէջ շատ մեծ մար­դիկ եկած ու իրենց ազ­դե­ցու­թիւնը թո­ղած են, անոնք կը յիշ­ուին միշտ ու պի­տի յիշ­ուին, մին­չեւ այն ատեն, որ իրենց գոր­ծե­րով հե­տաքրք­րուող ու  զա­նոնք ար­ժե­ւո­րող մար­դիկ գո­յու­թիւն ու­նին: Մեծ մար­դի­կը, որոնց անուն­նե­րը միշտ գլխա­գի­րով կը գրուին, ան­պայ­ման ըրած են այն­պի­սի գոր­ծեր, որոնց մի­ջո­ցաւ իրենց ան­ձե­րը մէկ­դի դրած`  կար­չած են մեծ սկզբունք­նե­րու գոր­ծադ­րու­թեան, մեծ երազ­նե­րու իրա­կա­նաց­ման առա­քի­նի աշ­խա­տան­քին:

Հայ ժո­ղո­վուր­դը ու­նե­ցած է իր Մեծ ռահ­վի­րա­ները, որոնց շնոր­հիւ մեր ազ­գա­յին թէ եկե­ղե­ցա­կան կա­ռոյց­նե­րը կան­գուն ու զօ­րա­ւոր մնա­ցած են ու կը մնան մին­չեւ այ­սօր: Անոնք կը ներշն­չեն ներ­կայ սե­րուն­դը, որ­պէս­զի անոնք եւս փոր­ձեն ըն­թա­նալ այն ճա­նա­պար­հէն, ուր­կէ ըն­թա­ցան մե­ծե­րը:

Ան որ կ՛ու­զէ մեծ դառ­նալ, չի մտա­ծեր մե­ծու­թեան մա­սին, այլ իր գոր­ծերն են, որոնք  ինք­նա­բե­րա­բար զայն կը բարձ­րաց­նեն ու կը հասց­նեն հոն, ուր որ կը պա­հան­ջէ մե­ծու­թիւնը: Մե­ծու­թեան տի­րա­նա­լու հա­մար հարկ է որ ան­հա­տին “Ես”ը յա­ղա­թա­հար­ուի “Մենք”ին կող­մէ: Եսա­կեդ­րոն կեանք ու անձ­նա­կան բարձ­րա­ցու­մը չեն որ կ՛երաշ­խա­ւո­րեն մար­դու մը մե­ծու­թիւնը, այլ այդ ան­ձը որ իր նման մար­դիկ իր հետ կը բարձ­րաց­նէ ու կը հասց­նէ բարձ­րա­կէ­տին, իրա­կան մե­ծու­թեան: Այն ան­ձը որ ու­րիշ­նե­րը ոտ­նա­կո­խե­լով կը մեծ­նայ, սուտ է անոր մե­ծու­թիւնը ու խա­բու­սիկ, որով­հե­տեւ չու­նի հիմ­նա­ւո­րում եւ բա­րո­յա­կան առա­քի­նու­թիւն:

Իրա­կան մե­ծու­թիւնը նա­եւ կը կա­յա­նայ այն առա­քի­նու­թեան մէջ, որ անձ մը կ՛ու­րա­խանայ եւ հա­ճոյ­քով կ՛ըն­կա­լէ իր նմա­նին մե­ծու­թիւնը, բարձ­րա­ցու­մը եւ տրուած փառ­քը: Ու­րի­շով ու­րա­խա­նա­լու հա­մար, հարկ է գնա­հա­տել դի­մա­ցի­նին մե­ծու­թիւնը, որով­հե­տեւ այդ­պի­սով կա­րե­լի է հաս­նիլ մե­ծու­թեան, որ կազմ­ուած է ար­դա­րու­թեան հիմ­քե­րուն վրայ:

Մեր շուրջ կը գտնենք ու պատ­մու­թե­նէն ալ կ՛իմա­նանք առա­քի­նա­զարդ մար­դոց մա­սին, որոնք իս­կա­պէս բարիի մարմ­նա­ցումն են այս տի­ե­զեր­քին մէջ, անոնք հասկ­ցած են ու հա­սած այս աս­տի­ճա­նին, որ ճշգրտօ­րէն տի­րա­պե­տած են մե­ծու­թեան գա­ղա­փա­րին ու ըստ այնմ կ՛ապ­րին իրենց առօր­եան:

Մե­ծու­թեան մա­սին շատ յստա­կօ­րէն ու յայտ­նա­պէս գրուած է Սուրբ Աւե­տա­րան­նե­րուն մէջ , որոնք հիմ­նա­կան աղ­բիւր­ներն են, որոնց­մէ մարդ արա­րած կրնայ սոր­վիլ մե­ծու­թեան մա­սին ու եթէ եր­բեք կ՛ու­զէ մեծ ըլ­լալ, պէտք է հե­տե­ւի հոն գրուած պատ­գամ­նե­րուն եւ ար­ձա­նագր­ուած ճշմար­տու­թեանց: Չկայ որե­ւէ մէկ գրու­թիւն, փի­լի­սո­փա­յու­թիւն կամ գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թիւն, որ կրնայ լա­ւա­գոյնս բա­ցատ­րել եւ ուղ­ղել մարդ արա­րա­ծը դէ­պի իս­կա­կան ու ճշմա­րիտ մե­ծու­թիւն, քան Աստ­ուա­ծա­շուն­չը, որ լա­ւա­գոյն աղ­բիւրն է մե­ծու­թեան եւ բա­նա­լին այս կեան­քը իր լա­ւա­գոյն իմաս­տին մէջ ապ­րե­լու:

Քրիս­տոս ըլ­լա­լով հան­դերձ տի­ե­զեր­քի ամե­նա­մե­ծը, ամե­նա­փա­ռա­ւոր Աստ­ուա­ծը, մե­ծու­թեան աղ­բիւ­րը, մե­ծե­րու Մե­ծը, եկաւ աշ­խարհ ու խո­նար­հա­բար ծա­ռան եղաւ բո­լո­րին, մե­ծա­միտ մար­դոց հան­դէպ ըմ­բոս­տա­ցաւ, լքեալ­նե­րուն հետ եղաւ, որ­պէս­զի զա­նոնք մե­ծա­րէ: Իր մե­ծու­թիւնը այն աս­տի­ճան հա­սաւ, որ նոյ­նիսկ իր աշա­կերտ­նե­րուն ոտ­քե­րը լուաց, որ­պէս գե­րա­գոյն խո­նար­հու­թեան տի­պար: Իր մե­ծու­թիւնը այն­քան խո­րի­մաստ է ու վեհ, որ իր ծա­ռա­յու­թեամբ, ար­դա­րու­թիւնը խօ­սե­լով, չար­չար­ուե­լով ու մա­հով, հա­սաւ այն աս­տի­ճան մե­ծու­թեան, որ Աս­տու­ծոյ կող­մէ փա­ռա­ւոր­ուե­ցաւ յա­ւիտ­եան ապ­րե­լու հա­մար, որ­պէս­զի մեզ ալ փառ­քի որ­դի­ներ ըլ­լա­լու շնորհ­քը պար­գե­ւէ:

Քրիս­տո­սի մէջ մարմ­նա­ւոր­ուած կը գտնենք իս­կա­կան մե­ծու­թիւնը: Լա­ւա­գոյն օրի­նա­կը հան­դի­սա­նա­լով մե­ծու­թեան, այ­սօր մենք բո­լորս հրա­ւիր­ուած ենք այդ նոյն մե­ծու­թեան տի­րա­նա­լու, սա­կայն նախ եւ առաջ բո­լո­րին ծա­ռան դառ­նա­լով, մար­դոց մէջ յե­տի­նը ըլ­լա­լով, որ­պէս­զի նախ Աս­տու­ծոյ կող­մէ մե­ծար­ուինք ու ապա մար­դիկ ալ տես­նե­լով մեր խո­նար­հու­թիւնը` մե­ծա­րեն մեզ:

Այս տե­սակ մե­ծա­րանքն է որ կը մնայ յա­ւիտ­եան ու այս է ճշմա­րիտ կո­չու­մը մե­ծու­թեան:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles