ԽՈՀԵՐ ԵՒ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ.- ՀԱՅՐՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

0 0
Read Time:7 Minute, 23 Second

ԳԱ­ՐԵ­ԳԻՆ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ՊԵ­ՏՈՒՐ­ԵԱՆ

Մարդ­կա­յին կեան­քը իր խորհր­դա­ւոր կազմ­ուած­քով իր մէջ կը ներգ­րա­ւէ այն­պի­սի նկա­րա­գիր­ներ, որոնք իս­կա­պէս կշիռք մը ու բա­րո­յա­կան պատ­կեր մը կը պար­գե­ւեն անոր:

Ծնող­քի հաս­կա­ցո­ղու­թիւնը կեան­քի առա­ջին իսկ օրե­րէն, տի­րա­կան ներ­կա­յու­թիւն եղած է պատ­մու­թեան մէջ: Հո­գա­տա­րու­թեան, ապա­հո­վու­թեան եւ սի­րոյ կեդ­րոն մըն է ըն­տա­նի­քը որ կը բաղ­կա­նայ ծնող­նե­րէ ու զա­ւակ­նե­րէ:

Ամէ­նէն նուի­րա­կան հաս­տա­տու­թիւնը մար­դուն հա­մար ըն­տա­նիքն է, եւ հարկ է որ այդ­պէս ըլ­լայ: Ըն­տա­նի­քը եւս ու­նի իր նուի­րա­պե­տա­կան կա­ռուց­ուած­քը, զոր ինք­նին ըն­կե­րու­թիւն մըն է, զայն առաջ­նոր­դող հօր եւ մօր տի­պար­նե­րով, անոնց հսկո­ղու­թեան եւ իմաս­տուն ղե­կա­վար­ման ներ­քեւ:

Ըն­տա­նի­քը իր գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թեամբ շատ խոր ու բարձ­րա­գոյն աս­տի­ճան յար­գան­քի ար­ժա­նի մի­ջա­վայր մըն է, որուն եր­դի­կին ներ­քեւ սե­րունդ­ներ ծիլ կ՛առ­նեն, կը ճիւ­ղա­ւոր­ուին եւ կ՛ար­մա­տա­ւոր­ուին: Անոնց առըն­թեր, անոնք կը դաստ­ի­ա­րակ­ուին, կ՛ուռ­ճա­նան բա­րո­յա­կան եւ մարդ­կա­յին սկզբունք­նե­րով, կրօ­նա­կան ու ազ­գա­յին ժա­ռան­գու­թեամբ, որոնք ան­մասն մէկ բա­ժինն են այս կեան­քին:

Հայ­րու­թեան մա­սին խօ­սե­լով կամ անոր մե­ծու­թեան մա­սին խոր­հե­լով, ինք­նա­բե­րա­բար կը խօ­սինք ըն­տա­նի­քի մա­սին: Ըն­տա­նի­քը կը հիմ­նադր­ուի հօր ու մօր ներ­կա­յու­թեամբ եւ անոնց որո­շու­մով: Հայ­րու­թիւնը ինք­նին խոր­հուրդ մըն է, զոր հայ­րու­թեամբ կ՛ըմբռն­ուի, հաս­կա­ցո­ղու­թեան կու գայ, կը լից­քա­ւոր­ուի եւ առա­ւել կը հա­սուն­նայ ան­ձի մը հա­մար, ինչ­պէս է պա­րա­գան մայ­րու­թեան:

Հայ­րու­թիւնը, պաշ­տօ­նէ մը կամ տիտ­ղո­սէ մը աւե­լի պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն է, նուի­րում ու հա­ւա­տար­մու­թիւն: Բարձ­րա­գոյն աս­տի­ճա­նի գի­տակ­ցու­թիւն, եւ մնա­յուն օրի­նա­կի դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ըն­տա­նի­քէն ներս:

Տի­ե­զեր­քի երե­սին չկայ ոե­ւէ հայր, որ ինք­զինք կրնայ զերծ նկա­տել այս պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն, որով­հե­տեւ հայ­րու­թիւնը իր էա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ, կը տա­րած­ուի բո­լոր հայ­րե­րուն վրայ ու բո­լոր հայ­րե­րուն հա­մար:

Կա­րե­ւոր չէ թէ այ­սօր կրնանք նա­եւ հա­կա­ռակ տի­պար­ներ տես­նել մեր չորս­դին, սա­կայն անոնք միայն դժբախ­տու­թիւն­ներ են, որոնք եր­բեք չեն կրնար խա­թա­րել հայ­րու­թեան նուի­րա­կա­նու­թիւնն ու գու­ցէ սրբու­թիւնը:

Հօր մը տի­րա­կան ներ­կա­յու­թիւնը իր ըն­տա­նի­քի գլխուն, որ­պէս հո­գա­տար ու խնա­մա­կալ, աշ­խա­տա­սէր ու նուիր­եալ էակ, կրնան ար­դա­րաց­նել իր հայ­րու­թիւնը, այ­լա­պէս ան կը դառ­նայ պար­զա­պէս ներ­կա­յու­թիւն եւ անօ­րի­նա­կե­լի ան­հա­տա­կա­նու­թիւն:

Հայ ժո­ղո­վուր­դի մօտ հայ­րու­թիւնը վա­ղուց ար­դէն նուի­րա­կա­նա­ցած իրո­ղու­թիւն է, որով­հե­տեւ մեր կեան­քին մէջ մեծ դեր ու­նե­ցած են եւ ու­նին մեր հայ­րե­րը, որոնք իրենց ըն­տա­նիք­նե­րուն եւ ան­կէ դուրս հա­մայ­նա­կան մեր մեծ ըն­տա­նիք­նե­րուն մէջ իրենց վիթ­խա­րի դե­րը ու­նին:

Մեր հայ­րե­րը ուղ­ղա­կի եւ գործ­նա­կան ներշն­չում են մեր ըն­տա­նիք­նե­րէն ներս, լա­ւա­գոյն տի­պար ու վստա­հե­լի յե­նա­րան մեր մայ­րե­րուն նման: Պատ­մու­թեան էջե­րը երբ ան­գամ մը եւս թեր­թա­տենք, հոն պի­տի տես­նեք, թէ հայ հայ­րե­րը ինչ տե­սակ նկա­րագ­րի տէր մար­դիկ եղած են, որոնց հա­մար իրենց ըն­տա­նի­քը ան­գե­րա­զան­ցե­լի եւ մաք­րա­մա­քուր կա­ռոյց է:

Ճիշտ այդ պատ­ճա­ռով, թշնա­մի­նե­րը առա­ջին հեր­թին մեր հայ­րե­րուն վնաս հաս­ցու­ցին, զա­նոնք ան­հե­տա­ցու­ցին, հե­ռու քշե­ցին իրենց տու­նե­րէն ու ըն­տա­նիք­նե­րէն, զի­րենք զրկե­լով իրենց հայ­րա­կան կո­չու­մէն, որ­պէս­զի շատ աւե­լի դիւ­րաւ կա­րե­նա­յին ոչն­չաց­նել մեր ան­մեղ մայ­րե­րը, քոյ­րերն ու եղ­բայր­նե­րը:

Սա­կայն այդ ծրա­գի­րը եր­բեք ալ չյա­ջո­ղե­ցաւ, որով­հե­տեւ մեր հայ­րե­րուն թո­ղած աւան­դը, անոնց օրի­նակն ու բարձ­րա­գոյն տի­պա­րը փո­խանց­ուե­ցաւ մեր ըն­տա­նիք­նե­րու ան­դամ­նե­րուն, որոնք ար­ի­ա­բար շա­րու­նա­կե­ցին ապ­րիլ, գո­յա­տե­ւել եւ հայ­րե­րուն յի­շա­տա­կը յա­ւեր­ժաց­նել:

Հայ հայ­րե­րուն ու մայ­րե­րուն չար­չա­րանքն ու նա­հա­տա­կու­թիւնը նոր աւի­շով զար­դա­րեց իրենց ըն­տա­նիք­նե­րը, որոնք աշ­խար­հով բո­լոր ներ­կա­յու­թիւն ցոյց տուին ու իրենց ծնո­ղաց դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան հի­ման վրայ սե­րունդ­ներ կեր­տե­ցին:

Ու­րեմն այ­սօր եւս մեր ներ­կայ ըն­կե­րու­թեանց ճգնա­ժա­մա­յին պա­հե­րուն, նոյն գի­տակ­ցու­թիւնը կը պա­հանջ­ուի հայ ըն­տա­նիք­նե­րէն, ըլ­լա­լու գի­տա­կից, նուիր­եալ, ըն­տա­նի­քը սի­րող ու ամէն մի­ջո­ցի դի­մող, այդ ըն­տա­նի­քի ամուր գո­յու­թեան, շա­րու­նա­կու­թեան ու բեղմ­նա­ւոր­ման ի խնդիր:

Ըն­տա­նիք կազ­մե­լը ար­ժէք մըն է, սա­կայն այդ ըն­տա­նի­քը պա­հե­լը պա­տիւ, ար­ժա­նիք, նուի­րա­կան առա­քե­լու­թիւն եւ օրհ­նու­թիւն է: Ուս­տի ոե­ւէ ան­հատ իրա­ւա­սու չէ զայն քայ­քա­յե­լու, այ­լա­պէս այդ առա­քե­լու­թիւնը զուրկ կ՛ըլ­լայ բա­րո­յա­կան ար­ժէ­քէ, մարդ­կա­յին չա­փա­նիշ­նե­րէ, Աստ­ուա­ծա­յին օրհ­նու­թե­նէ եւ կը ծա­ռա­յէ միայն այ­լոց վատ օրի­նակ հան­դի­սա­նա­լու եւ այս աշ­խար­հի խա­ղա­ղու­թիւնը խան­գա­րե­լու:

Որ­քան ալ որ խառն­ուինք օտար ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու եւ օտա­րա­մուտ եւ ին­չու չէ շատ յա­ճախ քան­դիչ ու քայ­քա­յիչ մի­ջա­վայ­րե­րու, որ­պէս հայ ազ­գի զա­ւակ­ներ պար­տա­ւոր ենք պա­հել մեր դա­րա­ւոր ժա­ռան­գու­թիւն­նե­րը, որոնց կար­գին է ըն­տա­նի­քի կազ­մու­թիւնը, անոր պահ­պա­նու­թիւնն ու ան­շար­ժու­թիւնը, այ­լա­պէս չենք կրնար կոչ­ուիլ ար­ժա­նա­ւոր զա­ւակ­ներ այս դա­րա­ւոր ու ան­գե­րա­զան­ցե­լի ուժ ու­նե­ցող ազ­գին` Հայ­կազն­եան ազ­գին:

Ողջ ու առողջ մնան բո­լոր հայ­րե­րը, եւ անոնց լաւ, բա­րի, ազ­նիւ ու քաջ օրի­նա­կը խթան հան­դի­սա­նայ գա­լիք սե­րունդ­նե­րուն:

 

 

ՀԱՅՐԻԿԻՍ

ԳՐԻՇ ԴԱՒԹԵԱՆ (Քալիֆորնիա)

Դու իմ գլխին հովանաւոր Արարատ ես, հայր,

Ամպ ու զամպի դէմ ամրակուռ իմ վահանն ես, հայր:

Երկրից երկիր թէ զօրք ելնեն ու բախուեն թափով,

Դու ես պաշտպան մեր տան յարկի, դու զօրավար հայր:

Կեանքի կռւում փոթորկալից ես կորած զինուոր,

Բազկիդ թափը իմ թիկունքին` անյաղթ ուժ է հայր:

Արդարութիւնն ու աշխատանքն են կենաց հիմքը,

Քրտինքն արդար աշխատանքի ճակտիդ ծով է, հայր:

Տանը, խաղաղ մեր յարկի տակ, նստել ենք հացի,

Առատութեան մեր սփրոցի աղ ու հացն ես, հայր:

Ես լացակում մի պատանի դպրոցի ճամբում,

Կեանքի ճամբում թեւատակիս դասագիրքն ես, հայր:

Դու լուռ սիրով հսկում ես իմ բախտի հիմնարկման,

Ծռուած քարը շտկել տալիս, ճարտար վարպետ, հայր:

Որդին հօրից լաւ պիտ ապրի“, խօսքդ է իմաստուն,

Դա էլ հաւատքս է լինելու երբ ես դառնամ հայր:

Լոնտոն, Մայիս 1961

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles