ԳԱՐԵԳԻՆ ՔԱՀԱՆԱՅ ՊԵՏՈՒՐԵԱՆ
Հայ եկեղեցւոյ ոսկետառ շարակնոցը, ինքնին գանձ մըն է մեր հոգեւոր ու մշակութային գրականութեան մէջ ու իր մէջ կը պարունակէ այնհաւատքը ամրապնդող, ցոլացնող ու ներբողող գրութիւններ:
Հայ ժողովուրդը իր բազմերանգ շնորհներով, դարեր շարունակ արտայայտած է իր կրօնական թէ ազգային զգացումները, հաստատումները եւ կեցուածքները զանազան միջոցներով, անոնք ըլլան գրութիւններով, արուեստով, երգով, խօսքով ու այլ միջոցներով, որոնք լաւագոյնս թարգմանած են մեր ինքնութիւնը:
Մեր քրիստոնէական հաւատքը անկասկած ունի իր Առաքելական ու Ընդհանրական հաստատումները, յստակ Աստուածաբանութիւնը, հաւատքի կեցուածքը, զոր կը մնայ անձեռնմխելի եւ պատմական մեծ արժէք ունեցող հարստութիւն:
Հայ եկեղեցւոյ շարակնոցը, որուն մասին կարելի է հատորներ լեցնել, բաւարարելու համար իր արժէքը, կու գայ հանդիսանալու մեր քրիստոնէական հաւատքի լաւագոյն աղբիւրներէն մէկը, իր ճոխութեամբ, Աստուածաբանական հաստատումներով, հարուստ բովանդակութեամբ, հոգեկան մեծ բաւարարութիւն ընծայելով ու մեր հաւատքը գեղեցիկ ձեւով երգելով:
Լոյս ի Լուսոյ… մէկը այն շարականներէն, զոր առանց յաւելեալ բացատրութեան եւ յաւելեալ աղբիւրներու, ահաւասիկ մեզ կը փոխադրէ քրիստոնէական կրօնքի ակունքը, սիրտը եւ հոն, ուրկէ սկիզբ առաւ մեր սքանչելի հաւատքը. Լոյսը… Լոյսէն:
Այն Լոյսը, որ միակ Լոյսէն ծնունդ առաւ, մեծ լոյսը աշխարհ բերաւ, այն Լոյսը որ իր ունեցած լոյսով աշխարհը լուսաւորեց ու հանեց զայն խաւարային վիճակէն:
Յիսուս Քրիստոսի մկրտութեան առթիւ ներբողական այս գովերգը, իր բովանդակութեան մէջ լիովին օրհներգութիւն մըն է Քրիստոսի լոյս բնութեան մասին, որուն մէջ մասնիկ մը իսկ խաւար գոյութիւն չունի: Քրիստոս Լոյս ըլլալով եկաւ աշխարհ ու Լոյսին մասին վկայեց ու Լոյսին մասին խօսեցաւ: Յովհաննու Աւետարանին մէջ յստակօրէն գրուած է. “Ես որպէս լոյս եկայ աշխարհ, որպէսզի ով որ ինծի հաւատայ` խաւարի մէջ չմնայ” (Յվ 12.46):
Լո՜յս… Տիեզերքին մէջ տարր մը, առանց որուն կեանքը գոյութիւն չունի, աշխարհ իր իմաստը կը կորսնցնէ եւ ստեղծագործութիւն թերի է: Առաւօտ երբ լոյսը կը տեսնենք, ինքնաբերաբար նոր օրուան մը մէջ կը մտնենք, նոր առօրեայի մը մէջ, զոր կարելի կը դառնայ միայն լոյսով: Երբ գիշեր ըլլայ, կը գործածենք գիտական որոնումներու արդիւնք եղող լոյսը, արուեստական լոյսը, զոր առիթ մը կ՛ըլլայ մինչեւ ուշ ժամանակ վայելելու լոյսին գոյութիւնն ու օգտագործութիւնը:
Սակայն այս մէկը նիւթական լոյսն է, այն լոյսը որ արեւին ծագելով յառաջ կու գայ եւ գիտական ստեղծագործութեամբ. արեգակը Աստուծոյ ստեղծած մէկ տարրն է եւ լոյս ջամբող միջոց, խաւարային աշխարհը լոյսով օժտելու: Աստուած լոյսը ստեղծեց, տիեզերքը լուսաւորեց:
Մարդ արարածը ըլլալով էակ մը, որ կազմաւորուած է մարմինէ ու հոգիէ, մարմնաւոր աչքերուն համար ունեցաւ արեգակը, իր մարմնաւոր կեանքի ընթացքը շարունակելու համար: Մարդ արարածի հոգիի աչքերուն լոյս տալու համար, աննիւթական լոյսը, հոգիի լոյսը, հոգեւոր աշխարհը լուսաւորելու եւ լոյսի մէջ պահելու համար, ահաւասիկ Հօրմէն ղրկուած Աստուածային Լոյսը մարմին զգեցաւ եւ մարդոց մէջ բնակութիւն հաստատեց, որպէսզի մարդիկ միշտ իրենց հետ ու իրենց մէջ ունենան յաւիտենական Լոյսը, Լոյսերու լոյսը, մշտավառ լոյսը` Յիսուս Քրիստոս, մարմնացեալ Աստուածը:
Հոգիի աչքերուն լոյս ջամբելու համար Աստուած այլ տեսակ լոյս մը չստեղծեց, այլ տեսակ տարրի մը գոյութիւն չտուաւ, այլ Ինք իջաւ ու մարդուն սիրտն ու հոգին լուսաւորեց Իր մշտնջենաւոր Լոյսով:
Ահաւասիկ խորհուրդը քրիստոնէութեան: Աստուած որպէս լոյս Ինքզինք յայտնեց մարդկութեան, առանց որուն, մարդը խաւարի ու մթութեան ճանապարհներուն մէջ մնալով, պիտի անհետանար խաւարի տիեզերքին մէջ, ոչնչանալով խաւարի կրակին մէջ: Նախքան Քրիստոսի մարմնացումը, Աստուծոյ օրէնքը լուսաւորեց Իր հանդէպ հաւատք ունեցողներու կեանքերը: Այդ օրէնքը չգործադրուեցաւ լիովին, ուրեմն մնաց թերի:
Օրէնքը չկրցաւ լուսաւորել մարդու հոգին, ուստի Աստուած երկնային օրէնքը փոխարինեց երկնառաք Իր Լոյսով, Իր լոյսի օրէնքը հաստատելով մարդկութեան մէջ, միակ օրէնքը, որն է Քրիստոս ու Իր Սուրբ Աւետարանը:
Քրիստոս, որուն դիմաց կը խոնարհին բոլոր երկնաւոր ու երկրաւոր արարածները, եկաւ Ինք դառնալու մեր մարմնի ու հոգիի եւ ողջ էութեան Լոյսը, առաջնորդ լոյսը, փառքի, օրհնութեան եւ յաղթանակի լոյսը:
Որքան գովերգենք լոյսը, կը մնանք տակաւին թերացած, որքան երգենք լոյսին մասին, կը մնանք տակաւին լոյսը ունենալու բաղձանքով, որքան որ ունենանք լոյս, այնքան կը մնանք ծարաւովը լոյսին: Յաւիտենական Լոյսին կը հասնինք, միայն այն ատեն, երբ ունենանք մեր ներսիդին յաւերժական Լոյսը` Քրիստոս:
Յովհաննէս Մկրտիչի տուած վկայութիւնը Քրիստոսի մասին, հաստատում մը եղաւ Քրիստոսի Լոյս բնութեան: Փաստօրէն Քրիստոսի կենարար մկրտութեան ժամանակ կատարուած Աստուածային վկայութիւնը, կ՛անդրանցնի ամէն տեսակ բնական ու գերբնական տրամաբանութիւն, որովհետեւ Աստուած Ինք, Իր բնութեան լիութեամբ ու վեհութեամբ, ի վերուստ վկայեց ըսելով. “Դո՛ւն ես իմ սիրելի Որդիս. քեզի՛ հաճեցայ” (Ղկ 3.22բ):
Վկայութիւն մը, որ իր վաւերականութիւնը կը ստանայ ամենակալ Աստուծմէն, ինքնին օրհնութիւն մըն է տիեզերքին համար, որ մարմնաւորուեցաւ Քրիստոսի ներկայութեամբ, բոլոր տիեզերքին համար: Այդ վկայութիւնը անթերի է ու երաշխիք մեր Քրիստոնէական կրօնքի ճշմարտութեան եւ կատարելութեան:
Յունուար ամիսը կ՛իմաստաւորուի Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեամբ եւ Աստուածայայտնութեամբ` Մկրտութեամբ: Քրիստոսի ծնունդը այլափոխեց, վերափոխեց ու վերստեղծեց ստեղծագործութիւնը, անոր տալով նոր աւիշ եւ նոր ընթացք, Հոգին ընկալելու, Հոգիով ապրելու եւ Լոյսը ունենալու: Քրիստոսի սրբարար մկրտութեան իրողութիւնը, քրիստոնեաներս հրաւիրեց վերստին մկրտութեան, ջուրէն ու Հոգիէն մկրտուելու:
Մարմնի մաքրութիւնն ու լուացումը չէ միայն, որ մարդ արարածի ինքնութիւնն ու կոչումը կը ճշդեն, այլ մարմնին չափ ու աւելի հոգիի մկրտութեան եւ հոգեւոր մկրտութեան արժանանալն է պէտք:
Այսօր աշխարհ անհրաժեշտ կարիքը ունի մաքրամաքուր հոգի ունեցող մարդոց, որովհետեւ ամէն երեւոյթ եւ արարք, արդիւնք են մարդկային հոգեկանին ու հոգիի աշխարհին: Եթէ բարիք տեղի կ՛ունենայ այս աշխարհին մէջ, արդիւնքն է բարի հոգիի գոյութեան, անոր ներկայութեան, լոյսի գոյութեան եւ լուսաւորութեան: Իսկ բոլոր այն չարիքները, որոնց ականատես եւ ականջալուր կը դառնանք շատ յաճախ, արդիւնք են անհոգի ու խաւարային իրաւիճակներու, որոնց մարդ արարած կամովին ենթակայ կը դառնայ: Բարի հոգին, միայն Քրիստոսի Սուրբ Հոգին ու անոր ներկայութիւնն է մեր մէջ: Յաւիտենական Լոյսը կու գայ միայն յաւիտեաններուն մէջ գոյութիւն ունեցող Լոյսէն` Աստուածային Լոյսէն:
Մենք կոչուած ենք Լոյսի Որդիներ ըլլալու, Աստուած մեզի շնորհքը տուաւ լոյսի որդիներ կոչման, ուստի ընդունինք Լոյսը մեր մէջ, լուսաւորելու համար մեր շրջապատը: Առաքեալը հետեւեալ պատգամը կը փոխանցէ իւրաքանչիւրիս ըսելով. “Անոնց մէջ եղէք աստղերու պէս` որոնք կը փայլին երկնակամարին վրայ” (Փլպ 2. 15բ):
Յունուար ամսուան մէջ նաեւ կը յիշատակենք Յովհաննէս Նախակարապետ Մկրտիչին ծննդեան տօնը, այն Յովհաննէսին, որուն համար Եսայի մարգարէ խօսեր էր, ըսելով. “Անապատին մէջ աղաղակողին ձայնը կ՛ըսէ.- Տիրոջ ճամբան պատրաստեցէք, հարթեցէ՛ք անոր շաւիղները” (Ես 40.3):
Ասիկա այն Յովհաննէսն էր, որ ինքզինք արժանի չգտաւ նոյնիսկ Յիսուսի կօշիկներուն կապերը կապելու, այն անձը, որ քաջաբար քարոզեց Քրիստոսի գալստեան մասին, կոչուելով Նախակարապետ, հանդիմանելով անօրէնները, զանոնք հրաւիրելով ապաշխարութեան: Ան եղաւ այն հողեղէն անձը, որուն Աստուած արժանի նկատեց ու շնորհքը տուաւ մկրտելու մեր Տէրը, որպէսզի ամբողջանար մարգարէութեան մէջ կատարուած Աստուածային հաստատումն ու խոստումը: Յովհաննէս մկրտիչի կեանքը վերջ գտաւ գլխատումով, յանուն ճշմարտւթեան ու արդարութեան համար իր վկայութեան:
Հայ ժողովուրդը թող վայելէ ու արժանի դառնայ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի բարեխօսութեան եւ անոր շնորհքին:
Թող Քրիստոսի Լոյսը միշտ ծագի ու լուսաւորէ մեր բոլորին կեանքերը, դառնալով Լոյսի ու Արդարութեան որդիներ:
“Լոյս ի լուսոյ, ի Հօրէ առաքեցար եւ մարմնացար ի Սուրբ Կուսէն, զի վերստին նորոգեսցես զապականեալն Ադամ”
“Հօրմէն ղրկուեցար, Դուն լոյսէ լոյս, եւ մարմնացար Սուրբ Կոյսէն, որպէսզի դարձեալ նորոգես ապականած մարդը (Ադամը)”