Գլխաւոր
ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՈՒՂԻՈՎ
Հայ Դատը արծարծողներուն շրջանակը բաւական ընդարձակ է արդէն: Այնքան մը, որ ան հայկական շրջանակներէ դուրս գալով, բացուած է միջազգային աշխարհին: Եւ այդ իսկ պատճառով, կը խօսուի, կ’արծարծուի եւ վերլուծման կ°ենթարկուի պետական, կուսակցական, միջազգային եւ տեղեկատուական մակարդակներու վրայ:
Բնական էր այսպիսի երեւոյթ, արդիւնք եւ ընթացք, մանաւանդ որ երբ դատը մարդկային դատ է, ուրեմն մարդիկ վաղ թէ ուշ անպայման պիտի սթափին եւ պիտի անդրադառնան ու ենթագիտակցին, թէ այդ դատը նաեւ իրենց դատն է, իբրեւ շնչող էակ՝ մարդ, Աշխարհ կոչեցեալ վիթխարի բնագաւառին մէջ:

