ԽՈՀԱՆՈՑԻ ՄԻՕՐԻՆԱԿԻՆ ԴԱՐՄԱՆ՝ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱՍԷԿՈՍԷ

0 0
Read Time:1 Minute, 51 Second

 

            Դեկտեմբեր է: Արեւ կայ: Կեանքեր հնձող համաճարակը կը թուի թէ յոգնած է, վաճառատուները բացուած են, տնարգելութիւնը մեղմացած է:

            Էլպիս եւ Արմենակ զարդարուած սակառով մը եկան, բանտարկեալի այցելութեան եկողի պէս. չիր, չամիչ, ընկոյզ, կաղին, շագանակ:

            Լաւ էր, Արմենակ մեզ դուրս պիտի բերէր մեկուսացումէ, մարդ պիտի տեսնէինք, Մակարուհիին ձայնէն տարբեր նուագ պիտի լսէի:

            Սուրճը չեկած, Արմենակ փակած էր հիւանդի, հիւանդանոցի եւ մահերու էջը: Այնքա՜ն ըսելիք ունենալու էր:

            – Կրկին թուրքին ոտքի կոխան ենք,- հառաչեց:

            – Կը վերականգնինք, կը տեսնես որ ժողովուրդը չէ հաշտուած պարտութեան հետ, մեծ թիւով երիտասարդներ ոտքի ելած են, նաեւ երէցներ, մայրեր, հայրեր, կիներ,- շարունակեցի Արմենակի միտքը լաւատեսութեամբ:

            – Մակարս, ճիշդ ես: Յուսադրիչ պատկերիդ ետին կան նաեւ, հայաստանցիին ըսած ասէկոսէները, նորահայերէն ֆէյքերը: Կը բաւէ, որ մի ոմն դժգոհ, դառնացած, կամ չբաւարարուած փառատենչիկ զրպարտէ, բամբասէ, այդ որպէս հաւաստի լուր կաթողիկոսի, նախագահի, ակադեմիկոսի խօսքէն աւելի արագ կը տարածուի հայաշխարհի մէջ:

            Արմենակ ումպ մը սուրճ կուլ տուաւ: Ապա՝

            – Նորայր Ատալեանի կամ Վեհանոյշ Թէքեանի նոր գիրքէն Նոր Զէլանտայի հայերը տեղեակ չեն ըլլար, բայց կը լսեն ասէկոսէները: Էլպիսին քրոջ աղջիկը երէկ Օքլէնտէն հեռաձայնեց, ինչպէս միշտ կարօտներու մասին խօսեցաւ, նաեւ՝ Հայաստանի կեանքին եւ ցոյցերուն, ըսաւ որ ցուցարարներուն դրամ կը բաժնեն, անձ գլուխ 5000, եթէ վարչապետին դէմ պոռան՝ 10.000…

            – Գործազրկութեան դէմ պայքար,- ըսի:

            – Մակա՛ր, ամէն ցոյցի քանի մը հազար հոգիի եթէ հինգ կամ տասը հազար տան, ուրկէ՞ պիտի բերեն այդ գումարները: Դրա՞մ կը տպեն:

            – Այդպէս ալ ըսի՞ր Օքլէնտի հարազատիդ:

            – Ըսի: Բայց ամուր մնաց իր կարծիքին վրայ: Ըսաւ որ լուրը ճիշդ է, քանի որ Երեւանի, Պէյրութի, Պորտոյի, Լոս Անճելըսի իր ֆէյսպուքեան ընկերուհիները լուրերը կը ստանան աղբիւրէն: Այդքան ճիշդին դէմ ի՞նչ կարելի է ըսել:

            – Ես նկատի չարի ըսածը: Քոյրս եւ իր աղջիկը հայերէն գիրք-թերթ չեն կարդար, հայութեամբ ալ չէին հետաքրքրուեր: Կը թուի, թէ դառնացած հայ դրացի մը ունի, եւ հայ զգալու համար դարձած է քննադատ,- ըսաւ Էլպիս:

            Մակարուհին լուռ հետեւած էր: Իր կարգին աւելցուց.

            – Զարմանալի չէ: Ասէկոսէն ճշմարիտէն աւելի ճիշդ է, չի ցաւցներ:

            Արմենակ սուրճի վերջին կաթիլը կուլ տուաւ եւ եզրակացուց.

            – Տգիտութիւն եւ թեթեւսոլիկութիւն ախտ են, կը չքացնեն իրատեսութիւնը, ֆէյսպուքը կ’ըլլայ գիտութիւն եւ ճշմարտութիւն, այլութիւն, կը դառնանք գործիք: Ասէկոսէն նոր օրերու քաղաքական առաջնրդող միտք է:

            Մակարուհիին կոնեակով վայելեցինք չոր միրգերը, որոնց մէջ էին չոր քիւին եւ չոր մանկան, մեր կեանքին մէջ յայտնուող քիւի-մանկայական անգիտութեան պէս…

 

Մակար ի Գաղիա, 5 դեկտեմբեր 2020

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles