
Read Time:1 Minute, 39 Second
Լուսանցքի տակ առնուած է այս տարուան Հայաստանի վերանկախացման տօնակատարութիւնը։ Հաւանաբար աւելի ամբողջական եւ իրապաշտ պիտի ըլլայ նկարագրել, թէ այս տարուան Սեպտեմբեր 21-ի հանդիսութիւնները պիտի նշուին երկու օր ետք կատարուելիք Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու պատրաստութեամբ։
Վերանկախացման ձեռնարկներու բեմահարթակին վրայ, անցեալ 27 տարիներու պատահածէն աւելի, երկու օր ետք պատահելիքին մասին պիտի խօսուի։
Վերջերս եռագոյն դրօշի երկրի վարդագոյն ապագային եւ կանաչազարդ Երեւան դարձած Էրեբունիի աւագանիի ընտրութիւններուն մասին սեւով եւ սպիտակով կը խօսուի․․․ երկու տարբեր բեւեռներ, որոնք կ՛ընթանան 180 աստիճան տարբերութեամբ։ Տարբերութիւն մը․․․ ուղղութիւն մը, որ կրնայ շատ աւելի խառնիճաղանճ կացութիւն մը ստեղծել, երբ ընթանայ 360 աստիճան տարբերութեամբ, այսինքն՝ ոչ մէկ դրական յառաջխաղացք արձանագրելով։
Մինչ այդ, Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնին եւ յատուկ քննչական ծառայութեան պետին միջեւ կայացած հեռախօսական զրոյցներու հրապարակումը, որ յստակօրէն կ՛անդրադառնար անցեալի եւ ապագայի ներքին մութ հարցերու, իր կարգին կրնայ ուղղակի կերպով ազդել աւագանիի ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ։
Հոս է, որ սեւ ու սպիտակէն անդին կրնայ ընթանալ ներքին քաղաքական մթնոլորտը: Հայորդիին համար, յստակ պէտք է ըլլայ, թէ այդ խիստ կարեւոր ու խորհրդապահական հեռախօսական զրոյցներու հրապարակումը կատարուեցաւ Փաշինեան-Փութին հանդիպումէն հազիւ երկու օր ետք։ Իսկ հետեւելով ոճին, թարգմանութիւններուն, լեզուական ոճին, յստակ է, թէ այդ արձակուած «կայքէջային ռումբ»-ին ետին կը գտնուին ռուս կայքահէններ, որոնց սխրանքը՝ Միացեալ Նահանգներու վերջին նախագահական ընտրութիւններուն միջամուխ ըլլալով, ցայսօր կը մնայ անհասանելի եւ նախանձելի։
Տասներկու հոսանքներ (ութը կուսակցութիւններ եւ չորս դաշինքներ) կը մասնակցին այս ընտրարշաւին, որոնց կարգին Հ․ Յ․ Դաշնակցութիւնը, թեկնածու առաջադրելով Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր, Հ․Յ․Դ․ Գերագոյն մարմնի նախագահ, թղթակից եւ Շուշիի ազատագրման մասնակից Միքայէլ Մանուկեանը։
Մանուկեանի գլխաւորած Հ․Յ․Դ․-ի ցանկին կարգախօսն ու լոզունգն է «Միասին՝ յանուն Երեւանի», յանուն բարեկարգ եւ խնամուած մշակութային Երեւանի, յանուն նոր սերունդի հոգատար, արդար, ժամանակակից եւ զարգացող Երեւանի եւ անշուշտ՝ գեղեցիկ ու կանաչ-գունագեղ Երեւանին։
Կատարելիք գործը շատ է, սկսելով օրինաւոր շինարարական աշխատանքներէն, մինչեւ փոխադրամիջոցներու վերաորակաւորում, կենսոլորտի պաշտպանութիւն, ընկերային պայմաններու բարելաւում եւ յատկապէս անտուն բնակիչներու պատսպարաններու կառուցում։
Միասին, յանուն Երեւանի վիթխարի գործ կայ իրագործելիք, եւ այս գծով պէտք է գերադասել գունաւոր թէ անգոյն ցեխարձակումները, ճիշդ անձնակազմին յանձնել քաղաքին բանալիները եւ լծուիլ գործի։