Լ.Ղ.Հ. ՆԱ­ԽԱ­ՐԱՐ ՆԱ­ՐԻ­ՆԷ ԱՂԱ­ՊԱԼ­ԵԱՆ ՊԻ­ՏԻ ՄԱՍ­ՆԱԿ­ՑԻ ՔՈՆԿ­ՐԷ­ՍԷՆ ՆԵՐՍ ԱՐ­ՑԱ­ԽԻ ՇԱՐԺ­ՄԱՆ 25-ԱՄ­ԵԱ­ԿԻ ՏՕ­ՆԱ­ԿԱ­ՏԱ­ՐՈՒ­ԹԵԱՆ

0 0
Read Time:2 Minute, 21 Second

p1 narine-aghapalian  ՈՒԱ­ՇԻՆԿ­ԹԸՆ.- Ամե­րի­կա­յի Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բը կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Քոնկ­րէ­սէն ներս, կա­յա­նա­լիք ու Ար­ցախ­եան շար­ժու­մի 25ամ­եա­կին նուիր­ուած տօ­նա­կա­տա­րու­թեան, իր մաս­նակ­ցու­թիւնը պի­տի բե­րէ Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան երի­տա­սար­դա­կան ու մշա­կու­թա­յին հար­ցե­րու նա­րա­րար նա­խա­րար Նա­րի­նէ Աղա­պալ­եան:

“Այս առի­թը կ՛ու­զենք օգ­տա­գոր­ծել դարձ­եալ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լու հա­մար Քոնկ­րէսին մէջ Հայ­կա­կան հա­մախմ­բու­մին, որ ջանք չի խնա­յեր քոնկ­րէ­սա­կան­նե­րը տե­ղե­կաց­նե­լու Ար­ցա­խի մէջ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կար­գեր ամ­րապն­դե­լու եւ խա­ղա­ղու­թիւն հաս­տա­տե­լու նպա­տա­կով տա­րուող աշ­խա­տանք­նե­րուն մա­սին: Քոնկ­րէ­սին մէջ կա­յա­նա­լիք տօ­նա­կա­տա­րու­թիւնը լաւ առիթ մը պի­տի ըլ­լայ ոչ միայն Ար­ցախ­եան շար­ժու­մին 25ամ­եա­կը եւ այդ թուա­կա­նէն ետք ար­ձա­նագր­ուած ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան, մշա­կու­թա­յին ու տնտե­սա­կան զար­գա­ցում­նե­րը տօ­նե­լու, այլ ցոյց տա­լու, թէ հան­րա­պե­տու­թիւնը նա­եւ ու­նի ղե­կա­վա­րու­թեան նոր սե­րունդ մը, որ աշ­խա­տանք կը տա­նի աւե­լի փայ­լուն ապա­գայ մը կեր­տե­լու տես­լակա­նով“, յայտ­նեց Ամե­րի­կա­յի Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի գոր­ծա­դիր վա­րիչ Արամ Համ­բար­եա­նը:

Նա­խա­րար Նա­րի­նէ Աղա­պալ­եան, որ առանց­քա­յին դեր ու­նե­ցած է Շուշիի` որ­պէս մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նի վե­րա­կանգ­ման գոր­ծով, Մարտ 13-ին պի­տի ժա­մա­նէ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ եւ մաս­նակ­ցի Քոնկ­րէ­սին մէջ, կա­յա­նա­լիք ու­սու­ցո­ղա­կան ծրագ­րին եւ օրէնս­դիր­նե­րու, քա­ղա­քաց­ի­ա­կան առաջ­նորդ­նե­րու եւ հա­մայն­քա­յին կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րու հետ, մի­ա­սին տօ­նե­լու Ար­ցա­խի ազ­գա­յին ազա­տագ­րա­կան շարժ­ման 25-ամ­եա­կը:

Նա­խա­րար Նա­րի­նէ Աղա­պալ­եան մաս­նա­գի­տու­թեամբ լրագ­րող է եւ կը հան­դի­սա­նայ Ար­ցա­խի ղե­կա­վար­նե­րու նոր սե­րուն­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն մէ­կը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles