Գլխաւոր
ԼՐՈՐՍ.- ԾՈՎԸ ՄԱԿԱՐԴԵԼՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ(ՆԵՐ)

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
6 Օգոստոս 2025
Ուռկանս ուսս նետած՝ այսօր դարձեալ լրորսի ելայ հայկական ու աշխարհի բաց ծովերուն մէջ: Ահա ձեռքս անցածէն քանի մը մեծ ու մանր նմուշ:
- ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ պաշտօնապէս հաստատուեցաւ, որ Փաշինեան էֆենտին ճամպրուկը պատրաստած է Ուաշինկթըն երթալու եւ կոկորդը (սկսելու համար՝ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը) դնելու Թրամփի եւ Ալիեւի ձեռքերուն մէջ: Նախատեսութիւններու սակարանն ալ աւելի՛ պաշտօնական հանգամանք ստացաւ: Շուտով յայտնի պիտի ըլլայ, թէ ամերիկացիք եւ ազերիները (նաեւ անոնց «մեծ եղբայր» Թուրքիան) նիւթական ինչպիսի՛ համով պատառներ պիտի ունենան: Ռազմավարական շահերը՝ այլ աղիւսակի տակ: Բոլոր նախանշանները ցոյց կու տան, որ Փաշինեան պիտի վերադառնայ, ինչպէս նախընթաց նման ուղեւորութիւններէն, բեռնաւորուած՝ քանի մը հակ… մոխիրով (ո՛չ փոշիով), մարդոց աչքին նետելու համար: Թրամփ մտածեր է, որ անտառային հրդեհներու հետեւանքով, ահագին մոխիր «արտադրուած» է. վաճառական մարդը անկէ՛ ալ շահ պիտի ապահովէ…: Այս ու նման հանդիպումներէ Հայաստանի համար շահ ակնկալելը կը յիշեցնէ այն մարդը, որ ծովուն ջուրերը մակարդելու ելած է դգալ մը մածունով, ու երբ հարց տուած են, թէ ծովուն ջուրը մակարդ կը բռնէ՞՝ պատասխաներ է. գիտեմ որ չի բռներ. հապա՞ եթէ բռնէ՜…
- ԻՐԱՆԻ մէջ, Իսրայէլի ի նպաստ լրտեսութիւն ընող մը մահապատիժի ենթարկուած է: Հայաստանի մէջ, թշնամիին ի նպաստ գործողները իշխանութեան վրայ են, անոնք կը հալածեն ու կը բանտարկեն հայրենիքն ու անոր շահերը պաշտպանողները:
- ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ մէջ, Փութին հիւրընկալեր է նախագահ Թրամփի բանագնացը: Խօսեր են Ուքրայինայի եւ երկկողմանի շահերու մասին: «Չարխօսիկներ» կ’ըսեն, որ քննարկեր են Ուքրանիան բաժնեկցելու նոր տարազներ, քանզի ռուսական ուժերը նոր յառաջխաղացք արձանագրեր են, ռմբակոծումները կը շարունակուին, Թրամփ արդէն ապահոված է այդ երկրին բնական հարստութիւնները, իսկ եւրոպացի դաշնակիցներուն պարտադրած է ամերիկեան զէնք գնել եւ… Ուքրայինային նուիրել:
- ՀԻՐՈՇԻՄԱՅԻ մէջ յիշատակուեցաւ մարդոց վրայ կորիզային առաջին ռումբին փորձարկման տարեդարձը: Երկու օր ետք՝ Նակազաքիի կարգը պիտի գայ: Ասդին, աշխարհի տարբեր գօտիներու մէջ, կորիզային զէնք ունենալու մրցավազք մը կայ, տարբեր տագնապներու սաստկացման հաւանականութիւնը նոր Հիրոշիմաներով ու Նակազաքիներով կը սպառնայ աշխարհին, քաղաքակրթութեա՛ն, ԿԵԱՆՔԻ՛Ն:
- ԿԱԶԱՅԷՆ հաղորդուեցաւ, որ «պատերազմի զոհերուն» թիւը մօտեցեր է 61 հազարի: Իսրայէլեան բանակին կողմէ կոյր ջարդերը կը կրկնուին «զհաց մեր հանապազորդ»-ի պէս: Իսրայէլի կառավարութիւնը կը պատրաստուի պաշտօնական որոշում տալու եւ բանակը արձակելու Կազայի վրայ՝ անոր ամբողջական գրաւման նպատակով (մինչեւ հիմա եղածը պաշտօնական չէ՞ր): Արեւմտեան Ափը այս կամ այն ձեւով կը մատնուի նոյն ճակատագիրին: Մարդասիրական կազմակերպութիւններ կը հաւաստեն, որ ուղղակի ռմբակոծումներէ եւ կրակոցներէ սպաննուողներէ անդին, այլ պատճառներով (սով, դարմանումի միջոցներ-դեղեր չգտնող հիւանդներ ու վիրաւորներ…) ինկած զոհերուն թիւը հասած է երկո՛ւ-հարի՛ւր-հազարի՜: Ճի՛շդ ու ճիշդ այն ոճը՝ որուն հետեւանքով մեր Արցախը մաս առ մաս բռնագրաւուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ (դուք գիտէք որ նուէր տրուեցաւ), հիմա «ճաշասեղանին» դրուած է Հայաստանը, սկսելով Սիւնիքէն: Փաշինեանը հիւրընկալելու պատրաստուող Ուաշինկթընը (անկախ վարչակազմի գոյնէն), կը մնայ Իսրայէլի ոճիրները գլխաւոր քաջալերողը եւ ողբերգութեան վրայ աչքը փակ պահողը…
- ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ քթին շուրջ սկսած է ճանճ մը տզտզալ: Եւրոպական մէկ քանի երկիրէ ահազանգեր կու գան, թէ Ատրպէյճան Թուրքիոյ ճամբով անորակ վառելանիւթ կը ծախէ իրենց: Հայաստանի մէջ (եւ այլուր), այս լուրը երազներ խրախուսեր է: Իսկ կարելի՞ է մոռնալ, որ Մե՜ծն Եւրոպան իր ճակատագիրը կապած է Ատրպէյճանի վառելանիւթին, Միացեալ Նահանգներն ալ եւրոպացիներուն պարտադրեց, որ ռուսականի փոխարէն՝ ի՛ր վառելանիւթը գնեն… աւելի սուղ վճարելով: Եւ ժողովրդավա՜ր եւրոպացիները հլու-հնազանդ՝ դարձած են նման բռնակալութիւններու պատանդը: Բողո՞ք, ընդվզո՞ւմ… Ո՜վ մտիկ կ’ընէ:
- ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ՝ քանի մը «մանր ձուկ» (անոնց կարեւորութիւնը չեմ նսեմացներ):
- 1. Իբրեւ խռովարար ձերբակալուած եւ բանտարկուած երիտասարդի մը՝ ազատամարտիկի մը առողջական վիճակը վատթարացած է, իշխանութիւնները հաւանաբար վճռած են զայն մահուան դուռը հասցնել, ինչպէս պատահեցաւ քաղաքական այլ բանտարկեալի մը:
- 2. Ազատամարտիկի մը հայրը, անիմաստ մեղադրանքով մը, մէկ ու կէս տարի բանտարկութեան տարուած է:
- 3. Այլ կալանաւորներ ազատ կ’արձակուին, երբ կը փաստուի որ մեղադրանքները շինծու են եւ իշխանախումբին զուտ քաղաքական-քարոզչական հաշիւներէն ելած:
- 4. Շշուկներ շրջան կ’ընեն, որ Հայաստան կրնայ քանի մը ամիս ետք ցորենի-հացի տագնապ դիմագրաւել, եթէ ռուսական ցորեն չհասնի: Կ’ըսուի, որ Թուրքիայէն ցորեն ներածելու ախորժակով օժտուածներ իրենց ձեռքերը կը շփեն…
- ԱՇԽԱՐՀԻ այս կամ այն ցամաքամասին վրայ սանձարձակ հրդեհները եւ բնական աղէտներ (հեղեղային անձրեւներ, սահանքներ, մրրիկներ) մահ, աւեր եւ նիւթական հսկայական վնասներ պատճառած են տարուան առաջին վեց ամիսներուն (տարին կը շարունակուի, աղէտները՝ նմանապէս): Ըստ որոշ հաշուարկի մը՝ մարդկային զոհերէն անկախ, նիւթական վնասները անցած են 140 միլիառ տոլարի սահմանները: Աղէտներէն մաս մը, կ’ըսեն գիտնականներ՝ «մարդակերտ են», հետեւանք՝ կենսոլորտը պատուհասող գործօնները անտես թողելու, գիտութեան կոչերը անպատասխան ձգելու «իմաստութեան»:

