ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐԸ ՄՈՐԹԱԶԵՐԾ Կ’ԸՆԵՆ ՄԵՐ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԱՇԽԻՔ ՀԱՅԵՐԷՆԸ

0 0
Read Time:1 Minute, 47 Second

gino

Գարուն է: Ծառերը կանաչ կը հագնին: Կարմիր, կանաչ կամ սեւ կակաչները աւելի արագ կը վազեն թզենիին տերեւներէն: Ձմրան բորբոսին դէմ ծուլացած թոշակառուի պէս արեւին յանձնուելու երջանկութիւնը կը վայելէի:
Յանկարծ կողքիս յայտնուեցաւ Կեդրոնականցի Արմենակ:
– Զանգը հնչեցուցի, լսող չեղաւ, դուռը բացի եւ մտայ,- ըսաւ բարեւելէ առաջ:
– Հոգ չէ, գողեր չեն գար, գիտեն որ հոս բան չեն գտներ:
– Հայերէնի դուռն ալ բաց է, պահակ չկայ, տէր չկայ, խղճացող չկայ:
– Դուն կաս, չի՞ բաւեր:
– Ես ի՞նչ կրնամ ընել, վարժապետ, գրող, խմբագիր, լրագրող, ակադեմիկոս, կամ տեղ մը բազմած ղեկավար չեմ:
Մակարուհին սուրճ բերաւ եւ հարցուց.
– Երիտասարդի պէս առանձի՞ն եկեր ես: Ո՞ր մոծակը խայթած է քեզ:
– Ըսէ՛ մոծակները: Հայաստանի եւ սփիւռքներու:
– Արմենա՛կ, պիտի ըսե՞ս թէ ո՛ւր են այդ մոծակները որ պաշտպանուինք,- հարցուցի:
– Հայաստանի հեռատեսիլի մոծակները նոյն խօսքին մէջ անգամ մը կ’ըսեն «հիւանդանոց» անգամ մը կ’ըսեն «հոսպիտալ»: Աշխարհի «ամենամեծ լսարան» հայկական հեռատեսիլը ինչո՞ւ նախադասութեան սկիզբի «հիւանդանոց»ը կը մոռնայ եւ իր տնանկի պնակը կը բռնէ օտարին առջեւ եւ կ’ընդունի «հոսպիտալ»ը, չմոռնալով «հոսպիտալացնել»ը:
– Հաւանօրէն կը մտածեն, որ սփիւռքի հայերը «հիւանդանոց»ը չեն հասկնար, եւ կը գործածեն միջազգային «հոսպիտալ»ը,- քմծիծաղով շշնջաց Մակարուհին:
– Է՛հ, սփիւռքի դռներն ալ բաց են, բաց: Ուրիշ մը, լրաբաշխութեան ժամանակ, գիւտարարի պէս կ’ըսէ Գարեգին ԲԵՆ, Արամ ԱՅԲ: Քերակա՞ն կը կարդանք: Յատուկ անունի առջեւ դրուած գլխագիր Ա տառը դասական ածական է, եւ կը կարդացուի «առաջին», Ֆրանսայի թագաւորները Լուդովիկոս Ժէ ԱՅԲ, ԺԷ ԴԱ, ԺԷ ԶԱ չեն, այլ տասնըմէկերորդ, տասնըչորրորդ, տասնըվեցերորդ…
– Ինչե՜ր կը փնտռես, Արմենակ, կը մոռնա՞ս որ հիմա քիչեր հայերէն կը գրեն, բայց լատինատառ: Համացանցի ե-նամակները չե՞ս տեսներ, հոն մոծակներ չկան, այդ դաշտը հայերէնի սպանդանոց է: Հոս կ’աշխատին նոյնիսկ սպանդանոցները բարոյականացնել, իսկ մե՞նք…
– Մակա՛ր, երբեմն կը խորհիմ որ հայերէն չեմ գիտեր: Կարեւոր հայ թերթի մը կարեւոր սիւնակին մէջ հանդիպեցայ նորաթուխ բառի մը. «Ծաւալայնացնել»: Խորհեցայ որ Հայաստանէն ներածուած է: Բառարաններու դիմեցի: Նաեւ՝ համացանցի: Չկար: Ինչո՞ւ նորաթուխ բառին քով անգլերէնը, ռուսերէնը, ֆրանսերէնը, արաբերէնը, թրքերէնը չեն գրեր: Չինարէնը գրելու կարիք չկայ: Այս ընթացքով հայերէնը չինարէնի գաւառաբարբառ պիտի դառնայ: Ինչո՞ւ այս մասին չես խօսիր խորհրդաժողովներու, համաժողովներու եւ հանրաժողովներու ընթացքին:
– Արմենակ, խենթացա՞ր: Խօսողին Տոն Քիշոթ կ’ըսեն…

Մակար, ի Գաղիա, 10 օրէն «Ապրիլ 24» է

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles