Կիզակէտ

ԼՍԵԼՈՎ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐ ԹԱԳՈՒՀԻ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆԻ ՊԱՏՄԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ

 Յ. Պալեան

            Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին մէջ ինքնատիպ երեւոյթ է նախկին «Իմքայլական» եւ ապա անկախ պատգամաւոր Թագուհի Թովմասեանը:

            Արդէն սկսած ընտրապայքարի աղմուկը եւ իրարանցումը պատճառ պէտք չէ ըլլան, որ մեր ուշադրութենէն վրիպին կարեւոր դէպքեր եւ յայտարարութիւններ, անոնց շարքին՝ Թագուհի Թովմասեանի խօսքը:

            Թագուհի Թովմասեան արդէն լուծուած Ազգային Ժողովի մասին դառն դատում մը ըրած է. «…ցաւօք սրտի, պատմութեան մէջ (Ա.Ժ.) մնալու է ոչ այնքան դրական յիշատակումնեով, որովհետեւ մենք պարտութեան խորհրդանիշ դարձանք»: Խօսած է անոր լուծումէն առաջ եւ ըսած է. «Քանի դեռ այս խորհրդարանը իրաւաբանօրէն գործում է, մենք պէտք է հասցնենք ամենակարեւոր հարցի պատասխանը այս խորհրդարանում տալ՝ ի՞նչ է լինելու Արցախի ապագան:…. Մեր խորհրդարանը պէտք է Արցախի ապագայի մասին տեսլական գծի, որպէսզի պատմութեան մէջ չմնանք միայն որպէս Արցախը յանձնած խորհրդարան, պէտք է Արցախի ապագայի մասին մեր տեսլականը տանք»:

            Ես ինծի թոյլ պիտի տամ լրացնել Թովմասեանի միտքը. ոչ միայն խորհրդարանը պէտք է Արցախի ապագայի մասին տեսլական գծի, այլ նաեւ ներսի եւ դուրսի բոլոր ղեկավարութիւնները այդ ընեն:

Advertisement Donate Today

            Արցախի ազատագրումը դիտած էինք որպէս մեր պատմութեան վերադարձը իր ճիշդ հունը, դարեր շարունակ հայրենի հողի կորուստ ունենալէ ետք, հող վերադարձուցած էինք: Այս մեր պատմութեան հանգուցային պահերէն մէկն էր: Համազգային նուաճում՝ տեսիլքով եւ յանձնառութեամբ:

            Երազը իրականութիւն դարձած էր, քանի որ իրաւունք էր, հաւատք, գիտակցութիւն:

            Բազմաթիւ կրնան ըլլալ մեր ակնկալութիւնները Հայաստանի Ազգային Ժողովէն, կառավարութենէն եւ քաղաքական ուժերէն, անոնք պէտք չէ մնան ցանկութիւններու միգամածի մէջ, ունենան անուն եւ սահմանում: Գոյապահպանական հարցերու կողքին պէտք է դասենք Արցախը, անոր ազատագրումը որպէս հայրենիքի եւ բնակեցումը: Ինչպէ՞ս, ի՞նչ միջոցներով, ի՞նչ նախաձեռնութիւններով եւ ի՞նչ ժամանակացոյցով: Այս քաղաքական ծրագրում է, ոչ երգ, ոչ թմբուկ, ոչ յուզող ճառ:

            Լրագրողը արձագանգած է նաեւ Թագուհի Թովմասեանի խօսքի երկրորդ մասին. «…պատգամաւորը նշեց՝ մենք չունենք խրամատ, չունենք կահաւորուած առաջնագիծ, չունենք զինուորների գիշերակացի համար շատ պայմաններ»: Թագուհի Թովմասեան շարունակած է, գծելով անհրաժեշտի ճանապարհը. «Երբ Ազգային Ժողովում այս խնդիրների մասին բարձրաձայնեցի, Նիկոլ Փաշինեանն ասաց, թէ գաղտնիք եմ բացայայտում: Ի՞նչ կայ գաղտնիքի, եթէ մի քանի մետր հեռաւորութեան վրայ հակառակորդը տեսնում է մեր առաջնագիծը: Առաջնագիծն այն կարեւոր անվտանգային վիճակն է, որտեղից սկսուում է իմ հայրենիքը, իսկ հայրենիքը պէտք է լինի անվտանգ եւ զարգացած, պէտք է մեր ապագան կառուցենք մեր երկրում, բայց այդ առաջնագծով եւ այդ մթնոլորտում դժուարութիւններ եւ ռիսկեր եմ տեսնում»:

            Եթէ այս է կացութիւնը Հայաստանի սահմանին վրայ, ի՞նչ կրնայ եղած ըլլալ ան Արցախի սահմաններուն վրայ, ուր պաշտպանութեան գիծերը փուլ եկան թշնամիի գրոհին դիմաց: Այսինքն՝ պատրաստուած չէինք սպառնալիքի առջեւ թումբ կանգնելու:

            Թագուհի Թովմասեանի վճիռը պարզ է. «…այն իշխանութիւնը, որը մեզ տարել է պարտութեան, չի կարող մեզ նորից առաջնորդել»:… «Մենք ունեցել ենք պարտութիւն, որի պատճառները չենք քննել, ու ինձ համար ոեւէ էական նշանակութիւն չունի՝ ինչ պատճառով, որովհետեւ ակնյայտ է, որ մենք ունենք եւ ունէինք անկարող եւ պատերազմ վարելու ընդունակութիւն չունեցող իշխանութիւն»:

            Արցախի մասին տեսլական ինչպէ՞ս ունենալ նկարագրուած պայմաններու տակ…

            Հայաստանի եւ սփիւռքի ղեկավարութիւնները նախ պիտի պատասխանեն հետեւեալ հարցումին. Արցախի 75 տոկոսի կորուստը վերջնակա՞ն է, ի՛նչ ալ եղած ըլլան ճնշման տակ կամ պարտուողականութեամբ ստորագրուած համաձայնութիւնները: Ապա պէտք է մտածել ծրագրումի եւ նիւթական ու մարդկային ներդրումի մասին, որոնք անհրաժեշտ են քաղաքական-դիւանագիտական լայնածիր եւ ազդու պայքարի համար: Այդ պայքարը, առաջին հերթին, միջազգային կազմակերպութիւնները պիտի կանգնեցնէ իրենց պատասխանատուութիւններուն առջեւ: Ապա պէտք է կազմակերպուիլ բոլոր միջոցներով, մասնագիտական եղանակներով, ո՛չ ճառախօսային եւ ո՛չ սիրողական:

            Եւ ի հարկէ՝ վերականգնել բանակը, տրամադրելով բոլոր անհրաժեշտը, որուն բացակայութեան ակնարկած է Թագուհի Թովմասեան:

            Այս հարցերը սոսկ ներհայաստանեան չեն: Այս պէտք է ըմբռնեն Հայաստանի քաղաքացին եւ ղեկավարութիւնը: Իսկ սփիւռքը իր մարդկային եւ նիւթական ներդրումներով մասնակից եւ դերակատար պէտք է ըլլայ իրողապէս: Ցարդ սփիւռքի մասնակցութիւնը եւ դերը ազգի եւ հայրենիքի հարցերու քննարկման եւ լուծումներուն ոչ մէկ ձեւով լուծում չէ գտած: Ե՞րբ պիտի գայ քաղաքական այն իմաստութիւնը, որ Հայաստանի երեք միլիոն բնակիչի կշիռը առնուազն հինգով կը բազմապատկուի սփիւռքի իրաւասու մասնակցութեամբ եւ դերակատարութեամբ:

            Հայ կեանքի դժուար պայմաններուն մէջ սկսած Ազգային Ժողովի ընտրութեան համար սկսած պայքարին մէջ իմաստութիւն կ’ըլլայ, աթոռատենչութիւններէ անդին, խօսիլ նաեւ այս հարցերու մասին, նկատի ունենալով այն պարզ իրականութիւնը, որ քաղաքականութիւնը նաեւ ուժի, ուժերու հաւասարակշռութեան եւ յարաբերութեան հարց է:

            Տեսլական պէտք է մշակել եւ ունենալ: Այդ ընելու համար ցարդ եղած սխալներու եւ ձախողութիւններու պատճառները քննել առանց ինքնարդարացման եւ հաճոյակատարական ճապկումներու, ընդունիլ սխալները:

            Միաժամանակ, նոյնքան կարեւոր է հայ ժողովուրդի,- Հայաստան եւ սփիւռք,- հայրենատիրական գիտակցութեամբ քաղաքականացումը, որ կ’ենթադրէ նաեւ ներկայութիւն: Վլատիվոսթոքի, Պեվըրլի Հիլզի, Փարիզի եւ այլ վայրերու հայերը տիրոջ գիտակցութեամբ յանձնառութիւն եւ մասնակցութիւն պէտք է ունենան: Մասնակցութիւն՝ ոչ միայն բարոյական եւ նիւթական, այլ նաեւ կազմակեպուած եղանակով՝ ֆիզիքական ներկայութեամբ:

            Մեր ժողովուրդի պատմութեան ճակատագրական այս օրերուն, պէտք է առաջնորդուիլ վաղը կառուցելու ծրագիրներով, որոնք պէտք չէ ըլլան միայն տեսութիւն, այլ ըլլան գործնական:

            Միամիտ չըլլանք. Հայաստանի պաշտպանութիւնը պէտք ունի ժողովուրդի: Ի հարկէ, չարիք է արտագաղթը, որ երկիրը կը զրկէ իր ուժէն, աշխատանքի եւ բանակի, բայց նոյնքան չարիք է հայրենադարձութեան բացակայութիւնը: Այս հարցով սփիւռքը պարկեշտութեամբ իր ինքնաքննադատութիւնը պիտի ընէր եւ պէտք է ընէ: Հայաստանի ղեկավարութիւնները քաղաքական-կազմակերպական օրակարգ դարձուցա՞ծ են հայրենադարձութեան կազմակեպումը: Սփիւռքի քարոզչական կառոյցները կը պատահի՞ որ օրակարգ դարձնեն հայրենադարձութիւնը, որ նաեւ մեր քանակի եւ որակի պաշտպանութիւնն է, եւ հզօրացման պատուանդան:

            Պէտք է զբաղիլ անմիջականով, անկասկա՛ծ: Բայց պէտք է միաժամանակ զբաղիլ գալիքով, որ վաղուան անմիջականը կ’երաշխաւորէ: Եթէ սփիւռքը ընտրութեան մասնակցութեան եւ թեկնածուներ ունենալու իրաւունք ունենար, հաւանօրէն աւելի հանգամանօրէն կը քննուէին այս խնդիրները:

            Թագուհի Թովմասեան կը խօսի Արցախի տեսլականի անմիջականութեան մասին: Եթէ ընդլայնէինք ծիրը, եւ հարցերը առանց դիտելու մատներու արանքէն, խօսէինք Հայաստանի բնակեցման, հզօրացման, հայրենադարձութեան եւ միացման տեսլականներու մասին, քաղաքական ճիշդ գործ կ’ընէինք:

            Այսինքն՝ ունենալ համազգային-համահայկական գալիքի պատկերացում եւ յանձնառութիւն: Զայն կոչեցէ՛ք տեսլական, եթէ այդ աւելի լաւ կը հնչէ:

            Մինչ այդ, այժմէականութիւն է ազգային-քաղաքական բարձրամակարդակ քաղաքական գիտակցութեամբ առաջնորդութեան յառաջացումը: Անմիջականօրէն՝ Ազգային Ժողով եւ անոր պատգամաւորները:

            Այս պարագային, Հայաստանի ժողովուրդին պատասխանատուութիւնն է ճիշդ ընտրութիւն կատարել: Այս մասին պէտք է խօսիլ, ճիշդ քարոզչութեան սկզբունքով այդ գիտակցութեան կոչը հասցնել՝ իւրաքանչիւրին՝ իր յարկին տակ:

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button