
ՀԱՅՐԵՆԻՔ – Պոսթըն
Խմբագրական
Պելոռուսիոյ ղեկավար Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի խօսքերէն մէկն է հետեւեալը․ «Ես ջատագովն եմ եղափոխական, եւ ո՛չ թէ յեղափոխական փոփոխութեանց»։
Տարօրինակ տիպար մըն է Պելոռուսիոյ ղեկավարը, որ վերջերս, 4 Փետրուարին երկար հարցազրոյց մը ունեցաւ ռուս լրագրող Վլատիմիր Սոլովիեւի հետ եւ անգամ մը եւս, արհամարհանքով, քմծիծաղով եւ նոյնիսկ հեգնանքով խօսեցաւ Հայաստանի մասին, պարզապէս շեշտելով, թէ «Հայաստան ոչ մէկ հնարաւորութիւն ունի» (այսինքն՝ արեւելեան զինակցութենէն դուրս մնալու)։
Միշտ ալ այդպիսի մօտեցում ունեցած է Պելոռուսիոյ բռնապետը։ Աւելի՛ն, իր մօտիկ գործակից եւ բարեկամ այլ բռնապետի մը՝ Իլհամ Ալիեւի հետ, ան բազմիցս հանդէս եկած է միացեալ յայտարարութեամբ, թէ՝ երկու բարեկամ երկիրներն ալ կը հաստատեն, որ առաջնահերթ է Արցախի հիմնահարցին կարգաւորումը, որ անպայմանօրէն պէտք է համապատասխանէ միջազգային իրաւունքի կանոններուն, յատկապէս ինքնիշխանութեան ապահովման, տարածքային ամբողջականութեան եւ պետութեան սահմաններու անխախտելիութեան սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Անվտանգութեան խորհուրդի համապատասխան բանաձեւերուն եւ որոշումներուն (նման հաստատում ընդհանրապէս ընկալուած է իբրեւ ի նպաստ Ատրպէյճանի):
Նոյն ոճը դրսեւորուեցաւ քառօրեայ պատերազմին՝ 2016-ին, եւ ապա 44-օրեայ պատերազմին, 2020-ին։ Քառօրեայ պատերազմին, Ատրպէյճանին ի նպաստ հնչած յայտարարութեան յաջորդ օրն իսկ, Պելոռուսիոյ դեսպանը կանչուած էր Հ.Հ. Արտաքին Գործոց նախարարութիւն եւ ազդարարուած, թէ նմանօրինակ յայտարարութիւններ անյարիր եւ անընդունելի են, յատկապէս Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան անդամ երկու երկիրներուն համար:
Կրօնական եւ ընկերային ապրելակերպի պայմանները մէկդի դրած, յար եւ նման է Պելառուսիոյ եւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան բռնատիրական ոճը:
Տնտեսական սերտ կապ եւ գործակցութիւն գոյութիւն ունի Մինսքի եւ Պաքուի միջեւ, եւ քաղաքական այլ դաշինքներ, համաձայնութիւններ կամ պարտաւորութիւններ բոլորովին երկրորդական եւ անկարեւոր կը նկատուին:
«Թրէվըլ Պլոկ»-ի համար գործող ու մեծ ժողովրդականութիւն վայելող հանրածանօթ լրագրող-լուսանկարիչ Ալեքսանտր Լափշինի (Ռուսաստանի եւ Իսրայէլի քաղաքացի) դէմ հալածանքն ու ձերբակալութիւնը դեռ թարմ է մեր մտքին մէջ։
Պաքու-Մինսք բարեկամական ջերմ յարաբերութիւններու գործընթացին վրայ է, որ Լուքաշենքօ՝ արհամարհելով Հ․Ա․Պ․Կ․-ի մէջ իր դաշնակից Հայաստանը, յարեցաւ Ատրպէյճանի հակահայ քաղաքականութեան եւ առիթ չփախցուց յայտարարելու, որ Իլհամ Ալիեւի հետ իր բոլոր համաձայնութիւնները առաջնահերթութիւն կը վայելեն իրեն համար։
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգեց Հայաստանին վերաբերող Լուքաշենքոյի նորագոյն յայտարարութիւններուն, սակայն սպասուածէն շատ աւելի մեղմ եւ բաւական ուշացումով: Նախ եւ առաջ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Վահան Յունանեանը պատասխանեց, փոխան նախարարին։ Յունանեանի յայտարարութեան բառ առ բառ պատկերը երկար մեկնաբանութեան չի կարօտիր եւ ցոյց կու տայ իշխանութեան խուսափողականութիւնը, իրականութենէն խզուած մնալու մարմաջը. «Համոզուած ենք, որ Պելոռուսիոյ նախագահին աշխարհաքաղաքական ինքնատիպ վերլուծութիւնները նպատակ ունին սպասարկելու նախ եւ առաջ սեփական՝ ներքին քաղաքական օրակարգը, եւ որեւէ առնչութիւն չունին Հայաստանի եւ անոր արտաքին քաղաքականութեան հետ»:
Շատ աւելի վճռական եւ ինքնավստահ պէտք է ըլլար Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, սակայն երբ մոռցուած են Արցախն ու իր մշակութային եւ կրօնական կոթողներու քանդումը, սրբապղծումը, այլ դարձած է «հայ-թուրք առանց պայմանի» բանակցութիւնները․․․։
Պէտք է դարձեալ կրկնենք հարցումը. մեր ժողովուրդը որքա՞ն կրնայ հանդուրժել նորանոր վարկաբեկումներ բերող, երկիրն ու պետութիւնը անկումէ անկում տանող, Արցախի մեծ մասէն ետք՝ Հայաստանն ալ կտոր-կտոր զիջող այս իշխանութեան կործանարար ընթացքը, եւ աչք ու ականջ փակել ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ՓՐԿԵԼՈՒ նախանձախնդիրներուն ահազանգերուն դիմաց: Շիրազի՞ մը պէտք է սպասենք, ըսելու, որ «բաւական է, չպէտք է լռել»: