
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
Այս տարուան Ցեղասպանութեան դարադարձի հանդիսութիւններէն անմասն չմնաց նաեւ Նիւ Ճըրզիի «Ախթամար» պարախումբը: Օգոստոսին տուած էր իր անդրանիկ այցելութիւնը Հայաստան եւ ունեցած ելոյթներ: Երիտասարդ ու պատանի պարման-պարմանուհիներով կազմուած այս պարախումբը, առաւելաբար նախկին պոլսահայ ծնողներու զաւակներ, Մեծագոյն Նիւ Եորքի այլապէս հարուստ պարախումբերու շարքին կը շարունակէ իր ուղին գրեթէ նո՛յն հաւասարութեամբ միւսներուն, հրամցնելով տոհմիկ ազգագրական պարարուեստը, հեռու ամերիկեան «շօ»երու հրամցուցած խաբկանքէն:
Խմբավարն ու պարուսոյցը՝ Սիլվա Գանթարճեան-Ասատուրեան, ի՛նք ալ մաս կազմած 70ական թուականներուն, Սարգիս Բասքալեանով գլխաւորութեամբ սկսած Ամերիկայի տարածքին նախաձեռնուած պարարախումբերուն: Սիլվան յամառօրէն շարունակեց սկսուած աւանդը եւ արդէն այս պարախումբի եօթանասունի մօտ իր անդամներով նոր սերունդին կը փոխանցէ հայկական պարի աւանդոյթը:
Հոկտեմբեր 4, 2015, Կիրակի կէսօրէ ետք, հակառակ զիրար հրմշտկող այս օրերուն, մեր շրջանի համայնքային ձեռնարկներուն, Նիւ Ճըրզիի Ֆելիշըն Գալէճի հազարի հասնող սրահը գրեթէ լեցուն էր:
«Վերածնունդ եւ Յաղթանակ» լոզունքով յայտագիրը ամբողջութեամբ հայրենասիրական պատկեր մը կը ներկայացնէր, որքա՛ն պատշաճ այս օրերու մեր ժողովուրդին զգացումներուն: Եւ այդ աւելիով կը հպարտացնէ մեզ՝ ազգային տարբեր երազներով խմորուած Միջին Արեւելքի մայր գաղութներէն այս ափերը հաստատուած մեր սերունդին, տեսնելով՝ պոլսահայ ծնողներէ ծնունդ առած այս նոր սերունդին ջերմեռանդութիւնը հանդէպ որքան մեր մշակութային աւանդական արժէքներուն, նոյնքա՛ն արդէն այն համատարած պահանջատիրութեան ոգիին, որ բացայայտ կերպով ակներեւ սկսած է դառնալ ամէնուրեք:
Եւ այսպէս յայտագիրը կ՚ընթանայ ազգագրական պարերով՝ «Հայաստանի երգը», «Մուշ», «Յուշեր», «Ախթամար», «Մենք ենք մեր սարերը» … կը յուշեն մեր բռնագրաւեալ հայկական նահանգները, մեր սրբավայրերը: Եւ ինչո՞ւ չյուզուիլ:
Երկրորդ բաժինով մեր յաղթանա՛կը կը ներկայացնեն «Ուրախութեան պար»ով, «Զարթիր Լաօ»ով եւ այլ պարերով:
Յայտագրին մէջ կան երեք օտարամուտ պարեր՝ բոլորն ալ մեր ժողովուրդին բարեկամ ազգերու պարերէն. ռուսական, վրացական ու յունական, ցոյց տալով մեր սերտ բարեկամութիւնը այդ ժողովուրդներուն հետ:
Երգով հանդէս եկաւ Գէորգ Արթինեան իր նուագախումբով՝ Վիգէն Մանուշեան (դաշնամուր) եւ Արա Տինքճեան (ուտ): Գէորգ իր հայրենասիրական երգերու մեկնաբանութեամբ առաւել խանդավառեց հայրենակարօտ հանդիսատեսը: Երգեր, որոնք յօրինուած էին դեռ Խորհրդային Հայաստանի այդ հայրենասիրական օրերու կարօտովը ու ամբողջութեամբ հայկական ոգիովն ու թեմայովը, այսօր ալ այդ երգերը գերազանցապէս կը կապեն մեզ դէպի մեր հայրենիքն ու մեր անցեալը: Երգեր, որոնք արդէն դարձած են դասական ու հայ տուներէն ու ազգային հաւաքոյթներէն ներս մնայուն ու հաճելի երգացանկ:
Շնորհաւորելի է «Ախթամար» պարախումբին յանձնախումբի անդամները Զուարթ Կիւլեանի գլխաւորութեամբ եւ մասնակցութեամբ՝ Նուարդ Արսլանի, Թալին Չինարի, Ռիթա Խիշլեանի, Մարալ Քիլերճեանի, Ճեննի Գորօղլեանի, Թալին Բուրութի եւ Դալար Շէշէթեանի-Սարաֆեան: Նիւ Ճըրզիի պոլսահայերու Հայ Տան վարչութիւնը առայժմ կը հիւրընկալէ պարախումբը կատարելու իր շաբաթօրեայ փորձերը, որուն համար, յանձնախումբը անհունօրէն շնորհապարտ է:
Պարուսոյց Սիլվայի մօր՝ ողբացեալ Տիկին Մարի Գանթարճեանի ծառայութիւնը պարախումբէն ներս յիշատակուեցաւ յայտագիր-գրքոյկի մէջ Ողբացեալը երկա՜ր տարիներ եղած էր օգտակար Ախթամարին յանձնելով խնամեալ կերպով պարախումբին հայկական տարազները:
Վերանորոգուած հայրենասիրութեամբ ու քիչ մը աւելի հայացած, ներկաները վերադարձան իրենց տուները: «Ախթամար» վստահաբար պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը: