ԼՈՒՐԵՐ ՆԻՒ ԵՈՐՔԷՆ.- ՊԱՏՄԱԲԱՆ ԱՐԱ ՊԱՊԵԱՆ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԻՐ ՎԵՐՋԻՆ ԳԻՐՔԸ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ` “ՈՒԻԼՍԸՆԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒՆ“
Հոկտեմբեր 7, 2011, Ուրբաթ օր, երեկոյեան Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ “Փինաճեան“ երիտասարդական սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը հայրենի մտաւորական Արա Պապեանի վերջին գիրքի հրատարակութեան, որ նուիրուած է, այսպէս կոչուած ժողովրդային կերպով` “Ուիլսընեան սահմաններ“ուն:
Հանդէսը նախաձեռնուած էր շրջանի կազմակերպութիւններու` Նիւ Ճըրզիի Հայ Դատի Յանձնախումբի, Թէքէեան Մշակութային Միութեան, “Վարդանանց Ասպետներ“ու եւ Համազգայինի կողմէ: “Իրաւարարութեան Ներկայացումը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի“ խորագիրը կրող հատորը, փաստացի տուեալներով, քարտէսներով, փաստարկութիւններով լեցուն եւ Հայ Դատին օգտակար եղող հրատարակութիւն մըն է անկասկած:

