
Մէկ շաբթուան ընթացքին իրարայաջորդ երկու դասախօսութիւններ կազմակերպուեցան պատմութեան ծանօթ ամերիկահայ երկու յարգելի դասախօսներու կողմէ, կազմակերպութեամբ` Հ.Բ.Ը.Մ.-ի, Թ.Մ.Մ.-ի, Ազգային Տեղեկատուութեան Ընկերակցութեան (Պոսթըն) եւ Սրբոց Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ կողմէ։
Առաջինը` տեղի ունեցաւ Ռուս-Իրանական յարաբերութիւններու նիւթով, Դոկտ. Ճորճ Ա. Պուռնութեանի կողմէ, Հոկտեմբեր 17-ի երեկոյեան։
Հիւր բանախօսը ներկայացուց Արա Արազ, որ անցնող քանի մը տարիներուն կը կազմակերպէ նման հաւաքոյթներ ի մի բերելով նոյն հեռանկարներն ու ազգային մտահոգութիւնները բաժնող քոյր կազմակերպութիւններ։
Նիւթը ունի իր յատկանշանական կապակցութիւնը ներկայ Հայաստանի կազմաւորման գործընթացին հետ։ Իր վերջերս հեղինակած “Թաւրիզէն մինչեւ Սէյնթ Փեթերզպուրկ – Իրանի ներում խնդրելու առաքելութիւնը, 1829ին“ ունի պատմական գերակշռող ազդեցութիւն որքան 19րդ դարու ռուս-իրանական յարաբերութիւններուն, նոյնքան եւ աւելի այսօր եւս կը մնան ի զօրու եւ կարեւոր։ Ու այդ երկու մեծ ժողովուրդներու խաչմերուկին վրայ կը շարունակէ մնալ մեր Հայաստանը։
1826-28 երկրորդ Ռուս-Իրանական Պատերազմի վաղորդայնին Ցարական Ռուսաստան Երեւանի եւ Նախիջեւանի շրջանները միացուց իր կայսրութեան կոչելով զայն Հայկական Նահանգ։ Հազարաւոր պարսկահայեր քաջալերուելով երկու պետութիւններու համաձայնութենէն կը գաղթեն դէպի նորակազմ հայկական այս նահանգը` դէպի պատմական Հայաստան. այսպիսով ալ արդէն կը խարսխուէր այսօրուան Հայաստանի Հանրապետութիւնը Արեւելահայաստանի մէկ կարեւոր հողամասին վրայ։
Դասախօսը պատմական տուեալներու վրայ ծանրանալով, անդրադարձաւ նաեւ հայ-իրանական յարաբերութիւններուն վրայ, որոնք մինչեւ այսօր կը շարունակուին շատ աւելի անկեղծ գործակցութեամբ քան հայ-թրքական վերապահութեամբ ստեղծուած կապերը երկու ժողովուրդներու բովանդակ իրենց պատմութեան ընթացքին։
Պուռնութեան աւագ դասախօս է պատմութեան “Այոնա“ համալսարանի մէջ եւ հեղինակ` 28 գիրքերու։
Երկրորդ դասախօսութիւնը` տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 30-ի երեկոյեան Սրբոց Ղեւոնդեանց Եկեղեցւոյ սրահը. նիւթ ունենալով` “ Ճանապարհորդութիւն դէպի անցեալը“, Րիչըրտ Յովհաննէսեանի կողմէ: Տեսաերիզներով ներկայացուած այս դասախօսութիւնը կը ծանրանայ Կեսարիոյ հայաբնակ գիւղերու պատմութեան տուեալներուն, յարանուանական, տնտեսական, մշակութային, կրթական եւ քաղաքական անցուդարձերուն հայութեան կեանքէն ներս։ Կեսարիոյ շրջանին մէջ կը գտնուէին շատ մը գիւղեր, ինչպէս` Թալաս, Էվերէք, Ֆենիսէ, Թոմարզա, Չոմախլու, Էֆքերէ եւ Կերմիր, ուրկէ մեծ թիւով մտաւորականներ, հասարակական գործիչներ ու գրողներ ծնան եւ անոնցմէ շատեր եղան սփիւռքահայ իրականութեան մէջ ծանօթ անուններ։
Յովաննէսեանի այս գիրքին` “Հայեր Կեսարիոյ-Կայսերիի եւ Կապադովկիոյ մէջ“ բովանդակութեան մէջ կը ներփակուի Վարդան Մաթոսեանի եւ Թինա Տէմիրճեանի աշխատասիրութիւնները։
Իսկ երկրորդ գիրքը` “Հայկական համայնքները Փոքր Ասիոյ մէջ“ կը ներկայացնէ հայ կեանքը սկսած` Կոստանդնուպոլիսէն մինչեւ Իզմիթ, Ատապազար, Պարտիզակ … ու դեռ Պուրսա, Էսքի-Շեհիր, Քիւթահիա եւ Աֆիոն-Քարահիսար, ուր եւս մեծաթիւ հայկական համախմբումներ եղած էին իրենց ազգային կրօնական ու կրթական հաստատութիւններով։ Աշխատակցած են տաս գրողներ, որոնք պարփակած են հայութեան կեանքը նախ քան Ցեղասպանութիւնը եւ ներկայացուցած` տարագրութեան տխուր ճանապարհը այս ժողովուրդին։
Ցուցադրուեցաւ նաեւ ժապաւէն մը “Տիգրանակերտի հայութեան վերջին բեկորները“ եւ “Սեւ Ծովու հայախօս համշենահայերը“։
Երկու դասախօսութիւններուն ալ ներկաներու մեծ թիւ մը ապահովուեցաւ։