
Ուրբաթ, Յուլիս 31-ին, Պըրպէնքի Պեշիր Մարտիրոսեան Երիտասարդական կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ Յուլիս 27, 1983-ի Լիզպոնի գործողութեան 38-ամեակին նուիրուած յիշատակի ոգեկոչման երեկոն:
Ձեռնակին ներկայ էին աւելի քան 180 հանդիսատեսներ, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանը, Հ․Յ․Դ․ Արևմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ, ընկերներ եւ համակիրներ:
Կեդրոնի մուտքին զետեղուած էին Լիզպոնի հինգ մարտիկներու մեծադիր նկարները, որոնց առջեւ խնկարկեցին սրահ մուտք գործողները:
Նահատակներու հոգոււոյնաղաղութեան համար աղօթքով եւ պատգամով ելոյթ ունեցաւՀիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանը եւ նշեց թէ Լիզպոնի հնգեակի սխրագործութիւնը ամենավեհ զոհաբերութեան մարմնացում էր, որ նոր շունչ ու ոգի ներարկեց:
Ցուցադրուեցաւ այս օրուան առթիւ պատրաստուած տեսաներիզը, որ կը պատմէր Լիզպոնի հերոսական գործողութեան դրուագների, ողջակիզուած հերոսներու կեանքի, անհատականութեան, գաղափարներու եւ թողած պատգամներու մասին: Տեսաներիզը նաեւ կը յիշատակէր, թէ ինչպիսի հսկայ ազդեցութիւն ունեցաւ Լիզբոնի գործողութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան համաշխարհային ճանաչման, հայ թէ օտար մամուլի անդրադարձի եւ զանազան անձանց ու սերունդների հոգիներում թողած ազդեցութեան մասին: Այնուհետև անդրադարձ եղաւ թէ ինչպէս Լիզպոնի հերոսներու գաղափարներով տոգորուած Արցախեան առաջին պատերազմի ազատամարտիկները կեանքի և մահուան կռիւ տալով ազատագրեցին Արցախ աշխարհը և թէ ինչպէս 2020 թուականի աշնանը նոյն ոգով պատերազմի ճակատ մեկնեցան նոյն գաղափարի կրողները, միշտ պատրաստ նոյն գերագոյն զոհաբերումին: Պատկերներ ցուցադրուեցան Հ․Յ․Դ․ կամաւորական ջոկատներուն եւ նահատակուած ընկերներուն:
Օրուայ գլխաւոր բանախօս՝ Հ․Յ․Դ․ ԱրԵմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Տարոն Տէր Խաչատրեանը, իր խօսքին մէջ կեդրոնացաւ Լիցբոնի հինգ հերոսներու մնայուն եւ մշտավառ յիշատակի մասին, որ խարիսխ ու կողմացոյց հանդիսացած է յեղափոխական երիտասարդութեան համար անցնող գրեթէ չորս տասնամեակներու ընթացքին: Ան զուգահեռներ գծեց հայրենիքի ներկայ պայմաններու, անոր կարիքներու, ազգային սեւեռակէտի և հեռանկարներու եւ հինգ մարտիկների այնքան երազած ու փափաքած ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի գաղափարի միջեւ:
Խօսք առաւ նաև հիւրաբար շրջան գտնուող Հ․Յ․Դ․ Հիւսիսային Իրանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ ընկեր Սեւան Դանիէլեանը իր պատգամը փոխանցելով ներկաներուն:
Ձեռնարկի հոգեպարար բաժիններէն մէկն էր նաեւ Լիզպոնի հինգ մարտիկներէն Սիմոն Եահնիեանի եղբօր՝ Զարեհի պատգամը, որ ընդառաջելով ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի խնդրանքին, ուղարկած էր Գիւմրիէն, ուր բնակութիւն հաստատած է 18 տարիէ ի վեր:
Ելոյթ ունեցաւ սիրուած երգչուհի եւ ազգային-ժողովրդական երգերու անզուգական մեկնաբան՝ տիկին Սալբի Մայիլեանը:
Ձեռնարկի աւարտին ներկաները յոտնկայս երգեցին «Արիւնոտ Դրօշ» երգը: