
Հոկտեմբերի 24-ին, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Գերաշնորհ Տ. Յովնան եպիսկոպոս Յակոբեանի, Սէօտերթէլիէ (մայրաքաղաք Սթոքհոլմէն երեսուն քլմ. – 19 մղոն հեռու) քաղաքին մէջ կատարուեցաւ Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը:Արարողութեան մասնակցեցան Կեդրոնական Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Հոգեշնորհ Տ. Տիրան վարդապետ Պետրոսեան, Սկանտինաւիահայոց հոգեւոր հովիւ Հոգեշնորհ Տ. Եղիշէ վարդապետ Աւետիսեան, Սէօտերթէլիէ հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տ. Նորայր քահանայ Գանջումեան եւ Դանիոյ ու Նորվեկիոյ հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տէր Ստեփանոս քահանայ Յովհաննիսեանը:
Եկեղեցւոյ մուտքին աղ ու հացի աւանդական արարողութիւնէն ետք, «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ, լուսարարապետ Սրբազանը, օրհնեց հաւատացեալները: Ապա եկեղեցական թափօրով մուտք գործեց եկեղեցի, ուր ազդանշանը տրուեցաւ օծման կարգին:
Շարականների եւ սաղմոսների երգեցողութիւնէն, աղօթքներու ընթերցումէն ետք, խորան բարձրացաւ Սրբալոյս Միւռոնը: Յովնան եպիսկոպոսը կատարեց եկեղեցւոյ Սուրբ Սեղանի եւ սիւներու օծումը:
Այնուհետեւ վերակառուցուած եկեղեցին կոչուեց Ս. Մարիամ Աստուածածին անունով:
Արարողութեան աւարտին Տ. Յովնան եպիսկոպոս Յակոբեանը եւ Տ. Տիրան վարդապետ Պետրոսեանը Սէօտերթէլիէի վերանորոգուած եկեղեցու օծման առիթով շնորհաւորեցին հաւատաւոր ուխտաւոր հայորդիներՈՒն:
Արարողութեանը ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, Շուէտի Հ.Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արտակ Ապիտօնեանը, Շուէտի խորհրդարանի փոխխօսնակ Իզապէլ Տինկիզեանը, եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, համայնքի անդամներ եւ ուխտաւորներ:
Նշենք թէ այս եկեղեցւոյ վերակառուցումը կատարուած է համայնքի հաւատացեալների հանգանակութեամբ եւ բարերար հայորդիներու նուիրատուութեամբ՝ 2014-էն ի վեր: