
ԼՈՆՏՈՆ.- Յունիս 29-30, 2013-ին, “Նաւասարդեան“ կեդրոնին մէջ գումարուեցաւ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողովը` նախաձեռնութեամբ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ հիւրընկալութեամբ Մեծն Բրիտանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին:
Նախքան այս ժողովը, Ուրբաթ, Յունիս 28-ի երեկոյեան, տեղւոյն կեդրոնին մէջ, Մեծն Բրիտանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն` Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողովին առիթով: Ընդունելութեան ներկայ էին Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Չարլզ Թաննոք, Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ Սթիֆըն Փաունտ, էնճի Փրատ եւ Վիրընթրա Շարմա, Լոնտոնի Իլինկ շրջանի քաղաքապետական խորհուրդի ղեկավար Ճուլիըն Պէլ, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Պասամ Մալուֆ եւ Արա Իսքենտէրեան:
Օրուան հանդիսավարն էր տեղւոյն Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Վահան Գրիգորեան, որուն կատարած բացման խօսքէն ետք, բեմ բարձրացան երեսփոխաններ Սթիֆըն Փաունտի եւ Չարլզ Թէնոքի, որոնք իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին հայ ժողովուրդի արդար դատին եւ Հայ Դատի յանձնախումբերուն խորհրդաժողովին մաղթեցին յաջողութիւն:
Հ.Յ.Դ. մամլոյ դիւանը. յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցելով, տեղեկացուց թէ այս խորհրդաժողովին մասնակցեցան Սպանիոյ, Ֆրանսայի, Հոլանտայի, Պելճիքայի, Պուլկարիոյ, Յունաստանի, Կիպրոսի եւ Մեծն Բրիտանիոյ յանձնախումբերու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի Պրիւքսելի, Փարիզի եւ Երեւանի կեդրոնական գրասենեակներու պատասխանատուները: Խորհրդաժողովը վարեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Նաեւ, զեկուցումներ ներկայացուցին Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանն ու Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը: Խորհրդաժողովը կազմեց Եւրոպայի տարածքին յառաջիկայ երկու տարիներուն կատարուելիք աշխատանքներու ծրագիրը:
Խորհրդաժողովը առանձնաբար անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման, հարիւրամեակի, Հայաստանի միջազգային վարկի բարձրացման, Արցախի անկախութեան ճանաչման եւ Ջաւախքի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան գծով եւրոպական երկիրներուն եւ կառոյցներուն մէջ կատարուելիք աշխատանքներուն: Կարեւորութեամբ քննարկուեցան նաեւ Եւրոպայի հայութեան յաւելեալ քաղաքականացման եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերող հարցերը: Խորհրդաժողովը շեշտեց Սուրիոյ հայութեան աջակցութեան ուղղութեամբ Հայ Դատի գրասենեակներուն եւ յանձնախումբերուն աշխատանքները շարունակելու անհրաժեշտութիւնը: