
«Վէմ» հանդէսի խմբագրութիւնը կը հաղորդէ, որ լոյս տեսած է Երուանդ Փամպուքեանի կազմած «Ռոստոմի անտիպ նամակները» փաստաթուղթերու ստուարածաւալ ժողովածուն:
Բարձր մակարդակի տպագրութեամբ լոյս տեսած այս 732 էջնոց պատկառելի հատորը «Վէմ մատենաշար»-ի թիւով 4-րդ հրատարակութիւնն է, որ իր աւարտին հասցուցած է Հ․Յ․Դ․ ականաւոր գործիչ Ռոստոմի (Ստեփան Զօրեան) անտիպ նամակներու հրատարակութիւնը: Երուանդ Փամպուքեան շարունակելով «Վէմ» հանդէսի հիմնադիր Սիմոն Վրացեանի կազմած «Հ․Յ․ Դաշնակցութեան դիւան»-ով սկսած, իսկ հետագային Հրաչ Տասնապետեանի հատորներով շարունակուած փաստաթուղթերու տպագրութիւնը, բայց չկրկնելով անոնց բովանդակութիւնը, ստեղծած է կոթողային աշխատութիւն մը, որ անգնահատելի ծառայութիւն պիտի մատուցէ մասնագէտ պատմաբաններուն ու ընթերցող լայն հասարակութեան: Այսպիսով, ընթերցողի դատին կը ներկայացոււի վաստակաշատ պատմաբան, Հ․Յ․ Դաշնակցութեան արխիւներու անխոնջ հետազօտող Երուանդ Փամպուքեանի երկարամեայ գիտական պրպտումներու արդիւնքը հանդիսացող այս ստուարածաւալ ժողովածուն: Առկայ վաւերագիրները հիմք պիտի դառնան հայոց պատմութեան նոր շրջանի բազմաթիւ հիմնահարցերու գիտական գնահատականները վերանայելու համար: Համեմատաբար կարճ ժամանակամիջոցի մէջ կատարուած այս ահռելի աղբիւրագիտական աշխատանքին խմբագրումն ու տպագրութիւնը առանց չափազանցութեան` իսկական հերոսութիւն է պատկառելի տարիք ունեցող գիտնականին կողմէ: