Լրահոս

Լոյս Տեսաւ Հ․Յ․Դ․ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 9-րդ Համարը


Սեպտեմբերի 1-էն սկսեալ համացանցի վրայ է Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 9-րդ համարը: Պաշտօնաթերթի սեպտեմբերեան համարի երկու կարեւորագոյն իրադարձութիւններ են` Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան տարեդարձները: Հայկական երկու պետութիւններու անկախացման իրողութեան, անցած ճանապարհի եւ առկայ մարտահրաւէրներու շուրջ է «Դրօշակ»-ի հարցազրոյցը Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեանի հետ: Անկախութեան ժամանակաշրջանին դրսեւորուած եւ այսօր ալ մտահոգութեան տեղի տուող ազգային կարեւորագոյն հիմնահարցերու մասին կ՛անդրադառնայ պաշտօնաթերթի առաջնորդող յօդուածը:
Այս թիւին մէջ, նաեւ տեղ գտած են,-
-Արցախեան թեման, յանձին պատմաբան Արմէն Ասրեանի՝ «Ղարաբաղի խնդիրը 1918-1920 թուականներուն։ Անգլիոյ դիրքորոշումը եւ մեր դասերը»։
-Անցեալ Օգոստոսին Լիբանանի մէջ պատահած ծանր պայթումի թեման: Տեղի ունեցածը քաղաքական ակնոցով կը քննէ «Ազդակ» օրաթերթի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեանը:
-Քեսապն ու քեսապահայութեան առօրեան, որ գրած է Կարօ Մանճիկեանը։
Այս ամսուան թիւին մէջ, տեղ գրաւած են, նաեւ այլ նիւթեր։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button