Լոյս Տեսաւ Հ․Յ․Դ․ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի Գ․ Համարը
Համացանցի վրայ կարելի է ընթերցել «Դրօշակ» ամսագրի 2021 թուականի Գ․ համարը:
Այս համարին նիւթերու զգալի մասը նուիրուած է ներկայ օրերու իրադարձութիւններուն:
Ներքաղաքական մտահոգիչ առօրեայի անդրադարձն է համարի առաջնորդող Խմբագրականը: Նոյն իրականութեան մասին, գնահատում կը կատաևէ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ՝ Մուրատ Փափազեանը՝ պատասխանելով «Դրօշակ»-ի հարցումներուն: Մուրատ Փափազեան կը պատմէ նաեւ Ֆրանսայի իշխանութեան, որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի նախագահութեան անդամի, տեսակէտներու մասին, Արցախի շուրջ վերջին ամիսներուն տեղի ունեցած ճակատագրական իրադարձութիւններու վերաբերեալ:
Վարդան Յակոբեանի վերլուծական յօդուածը կ՛ընդգրկէ լայն շրջագիծ, ներառելով նաեւ հայ-ատրպէյճանական դիմակայութեան ընթացքի նկատմամբ շահագրգիռ տերութիւններու դիրքորոշումները եւ հնարաւոր զարգացումները:
Ատրպէյճանագէտ Արտիոմ Տօնոյեանը կ՛անդրադառնայ ներքաղաքական իրողութիւններուն ու տրամադրութիւններուն, որոնք պատերազմէն ետք կը գերիշխեն Ատրպէյճանի վրայ։ Իսկ Իրանագէտ Ահարոն Վարդանեան կ՛ուրուագծէ Իրանի դիրքորոշումները, որոնք որոշակի զարգացումներ կրնան ունենալ:
Ազգային անվտանգութեան հարցերու մէջ մասնագիտացած Արփի Աբրահամեանը կը ներկայացնէ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող իրաւական հիմքը։
Պաշտօնաթերթի գերիշխող թեման որոշակի իմաստով կը լրացնէ Անի Մելքոնեանի յօդուածը, որուն մէջ կը լուսաբանուի փանթուրքիզմ երեւոյթը եւ հակահայ բնոյթն ու նպատակները:
1921 թուականի ռուս-թրքական պայմանագրի կնքման ճակատագրական իրադարձութեան նուիրուած է պատմաբան Արարատ Յակոբեանի յօդուածը, որուն մէջ կը ներկայացուին հետաքրքրական բազմաթիւ փաստեր:
Կարդալու համար սեղմել Դրօշակ թիւ 3, Մարտ 2021


