Լոյս Տեսաւ․- Հ․Յ․Դ․ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 10-րդ Համարը

0 0
Read Time:1 Minute, 3 Second


ԵՐԵՒԱՆ․- Հոկտեմբերի 1-ին լոյս տեսաւ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 10-րդ համարը: Բնականաբար պաշտօնաթերթը կ՛արծարծէ Արցախի եւ Հայաստանի սահմանային գօտիէն ներս ծաւալածող պատերազմի թեման, որ առաջնորդող յօդուածն է: Հարցազրոյցի հիւրն այս անգամ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պճաքչեանը, որ կը պատասխանէ պաշտօնաթերթի հարցերուն, Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած աղէտէն ետք Լիբանանի ընդհանուր կացութեան, հայութեան խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ, աւելի լայն բանալով կարկինը, կ՛անդրադառնայ ընդհանրապէս տարածաշրջանի խնդիրներուն, հայութեան կացութեան, Թուրքիոյ բացասական դերակատարութեան շրջանի ներքին խնդիրներուն մէջ եւ այլն:
«Համազգային» կրթական եւ մշակութային միութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտչեան, որպէս «Դրօշակ»-ի հրապարակած հետաքրքրական յօդուածաշարի եզրակացութիւն, կրկին կ՛անդրադառնայ «Հայաստան – Հ․Յ․Դ․- Սփիւռք» փոխյարաբերութիւններուն եւ կը խօսի համազգային կեանքէն ներս առկայ կատարուելիքներուն մասին:

Պաշտօնաթերթի նոր համարին մէջ հրապարակուած է Վարդան Պետրոսեանի «Հայեցակարգային հակասութիւններ կամ հայագիտութեան հինգերորդ շարասիւնը» յօդուածի եզրափակիչ մասը, որուն պատմալեզուաբանական տեսանկիւնէն կը քննուին Ուրարտագիտութեան, Արարատեան թագաւորութեան եւ յարակից հարցերու վերաբերեալ վերջին շրջանի հանրային ուշադրութեան առարկայ դարձած թեման:

Հայագիտութեան, ինչպէս եւ ազգային-մշակութային խնդիրներով նախանձախնդիր ընթերցողներու համար հետաքրքրական է ընթերցելը, նաեւ պատմաբան Վարդան Ղանդիլեանի «Հայոց եկեղեցին եւ քրիստոնէական ազգային արժէքային համակարգի ձեւաւորումը յօդուածը:

«Պատմութեան լուսարձակ» խորագրի ներքոյ ներկայացուած են Սեդօ Պոյաճեանի «Լօզանի դաշնագիրը չփոխարինեց Սեւրի դաշնագիրը» եւ Անի Մելքոնեանի «Կարսի անկումը. պատճառներ եւ դասեր» ուշագրաւ յօդուածները:

«Դրօշակ»-ի Հոկտեմբերի համարի ընթերցողը կը գտնէ այլ հետաքրքրական հրապարակումներ եւս:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles