Լոյս Տեսաւ․- «Լեռ Կամսար․ Մարդը Գործին Մէջէն»

0 0
Read Time:1 Minute, 12 Second

Վերջերս, Պոլսոյ «Արաս» հրատարակչատունը լոյս ընծայեց «Լեռ Կամսար․ Մարդը Գործին Մէջէն» գիրքը, խմբագրութեամբ՝ Յարութիւն Քիւրքճեանի։

Հայալեզու գրականութեան ամենաբեղուն գրիչներէն մէկն է Լեռ Կամսար, որու ստեղծագործութիւններու տպագրութիւնը խրախուսելի չէին կամ ընդհանրապէս արգիլուած էին խորհրդային վարչակարգի ժամանակաշրջանին։ Գրողի մահէն, Խորհրդային Միութեան վարչակարգի փլուզումէն ու Հայաստանի անկախութենէն ետք, շնորհիւ Լեռ Կամսարի ժառանգորդներուն, գրագէտին անտիպ գործերը լոյս աշխարհ եկան՝ բացայայտելով մինչ այդ ծածուկ մնացած անսովոր աշխարհ մը։ Կամսարի գրական ժառանգութիւնը կարեւոր է անցեալին առերեսուելու ու զայն վերստին գնահատելու առումով։ Հատընտիր այս հատորը, որ այս գիրքով կը դրուի ընթերցողի սեղանին, բաղկացած է հեղինակի օրագրութենէն, թատերական գործերէն, երգիծական գրութիւններէն, որոնք կ՚ամբողջացնեն Լեռ Կամսարի դիմանկարը՝ դառնալով անզուգական աղբիւր մը աւելի լաւ հասկնալու Խորհրդային Հայաստանը։

Լեռ Կամսար, բուն անունով Արամ Թովմաղեան, ծնած է  1888-ին, Վան, ուր իր կրթութիւնը ստացած է Ամերիկեան վարժարանին մէջ։ Վաղարշապատի Գէորգեան ճեմարանին մէջ ուսանելէ ետք վերադարձած է ծննդավայր։ Ուսուցչագործած է Վանի ու Աղթամարի մէջ, եղած է դերասան։ 1915-էն ետք անցած է Երեւան։ Գրողի իր կենսագրութիւնը, որ սկսած էր Վանի մէջ, կը շարունակուի նաեւ այստեղ, ուր իր երգիծական ակնարկները կը հրատարակուէին յառաջատար թերթերու մէջ։ 1935-1955 թուականները անցան Խորհրդային Միութեան բանտերուն մէջ։ 1955-ին վերադարձաւ Երեւան, ուր ալ կնքեց իր մահկանացուն 1965-ին։ Հակառակ բեղուն արձակագիր մը ըլլալուն, իր հեղինակութիւններուն մեծ մասը ոչնչացած է աքսորի ճամբաներուն վրայ կամ վարչակարգին կողմէ։ Այդ դաժան տարիներուն գզրոցներու մէջ մնացած գրուածքները այսօր լոյս աշխարհ կու գան թոռնուհիին՝ Վանուհի Թովմասեանի ջանքերով։ Մարտ 2021-ին տպուած այս գիրքը կը բաղկանայ 480 էջէ։

Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար․- info@arasyayincilik.com

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles