Լրահոս

Լիզպոն 5-ի Յիշատակի Ոգեկոչում՝ Լիբանանի Մէջ

 

ՊԷՅՐՈՒԹ․- Կազմակերպութեամբ Հ․Յ․Դ․ Լիբանանի Երիտասարդաց Միութեան քարոզչական յանձնախումբին, կիրակի, 26 Յուլիսի երեկոյեան Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի գործողութեան 43-ամեակի նշումը:

Բացման խօսքը արտասանեց Վարանդ Կիրակոսեան, որ նշեց, թէ հաւաքին նպատակը ոչ միայն յիշելն է պատմական դէպք մը կամ ոգեկոչել հինգ հայ երիտասարդներու յիշատակը, այլ նաեւ` վերանորոգել  ազգային ուխտը, որ կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ, եւ որուն հիմքը մեր ժողովուրդին պահանջատիրութիւնն է, արդարութեան նկատմամբ անսակարկելի հաւատքն ու Հայ դատի նկատմամբ անխախտ նուիրումը:

Օրուան պատգամը յղեց Գրիգոր Էքմեքճեան, որ շեշտեց, թէ հինգ հերոսներուն` Արային, Սեդրակին, Սագոյին, Վաչէին եւ Սիմոնին անունները այլեւս սոսկ անուններ չեն, այլ` հինգ ճակատագիրներ, որոնք դարձած են յիշողութիւն եւ պատգամ, հինգ երիտասարդ սրտեր, որոնք մեր ժողովուրդին ցաւը իրենց մէջ կրելով` որոշեցին աշխարհին յիշեցնել, թէ լռութեան դատապարտուած ժողովուրդ մը անպայման օր մը պիտի բարձրացնէ իր ձայնը:

Բանախօսը նշեց, որ 27 յուլիս 1983 թուականը հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան մէջ արձանագրուած է խոր ցաւով, սակայն` անզուգական հպարտութեամբ, ծանր խորհուրդով եւ ազգային պահանջատիրութեան անջնջելի դրոշմով, աւելցնելով, որ ոգեկոչումին նպատակը միայն հինգ հերոսներու յիշատակը յարգել չի նպատակադրեր, այլ` իւրաքանչիւր իր խիղճին առջեւ քննութիւն պէտք է կատարէ եւ հարց տայ, թէ արդեօք արժանի ժառանգո՞րդն է այն սերունդներուն, որոնք իրենց գարուն կեանքերը նուիրեցին Հայ դատին, մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն եւ Ցեղասպանութեան արդար հատուցման պահանջին:

Advertisement Subscribe Today

Էքմէքճեան իր խօսքին վերջին բաժինով հաստատեց, որ այսօր մենք կը խոստանանք, որ մեր սերունդներուն պիտի փոխանցենք ոչ թէ ցաւը, այլ` պայքարելու կամքը, պիտի սորվեցնենք անոնց, որ հայ ըլլալը միայն ինքնութիւն չէ, այլ պարտաւորութիւն է լեզուին, մշակոյթին, հայրենիքին եւ արդարութեան հանդէպ: Եզրափակելով` ան ըսաւ, որ պայքարը պիտի շարունակուի, ոչ միայն մինչեւ որ Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնը ամբողջութեամբ ճանչցուի, այլ նաեւ արժանանայ արդարութեան:

Օրուան պատգամին յաջորդեց տեսերիզի ցուցադրութիւն: Աւարտին Հ․Յ․Դ․ Լիբանանի Երիտասարդաց Միութեան նուագախումբը ներկայացուց փունջ մը ազգային-յեղափոխական երգեր:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Վէրքերով լի» երգով:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button