
ԼԻԶՊՈՆ.- Չորեքշաբթի, Յուլիս 20-ին Ազգային երախտաշատ բարերար հոգելոյս Գալուստ Կիւլպէնկեան պիտի ոգեկոչուի։ Գալուստ Կիւլպէնկեան, որ կեանքի վերջը անցուցած է Փորթուգալի մէջ, վառ հետքեր թողած է նաեւ այդ երկրի հասարակութեան հաւաքական յիշողութեան մէջ։ Այս առումով մեծ խորհրդանշան մըն է Լիզպոնի համանուն հիմնարկը, որ թէեւ ունի Հայկական համայնքներու բաժանմունք մը, սակայն, ըստ էութեան, Փորթուգալի հաստատութիւն մըն է իր ամբողջութեան մէջ։ Այս բոլորի հիման վրայ Գալուստ Կիւլպէնկեան ամէն տարի մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօնով կ՚ոգեկոչուի Փորթուգալի մէջ։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Լիզպոնի կաթողիկէից մայր տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ ոգեկոչումը։
Ողբացեալ Գալուստ Կիւլպէնկեանի ի յիշատակ նախատեսուած հոգեհանգստեան պաշտօնին պիտի մասնակցի նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։