
Յեղափոխութեան ծիածանն է սա,
լուռ ժայթքումէն ետք`
երաշտի երկար ժամանակէն ետք,
ծիածանն է` գոյնով արեւի,
գոյնով արիւնի,
գոյնով աչքերուն երիտասարդ տղոց:
Անձնուրացութեան խորհուրդն է սա`
բոսոր բառերով,
խօսուն լռութեամբ,
եւ մարդոց մտքերն
ցնցող արարքով:
Եւ ով կը խօսի լեզուով թիւերու`
չի կրնար ապրիլ խոյանքը անոնց:
Ասիկա, գիտենք, ըմբոստ մերժումի
աշխարհն է, ուր
խոչընդոտները արհամարհուած են,
եւ սէր մը ամբողջ, անանձնական, մեծ,
բոցի վերածուած`
երկրաշարժի պէս
անցած է հիմա բոլորիս մէջէն:
Իսկ ով որ խուլ է`
չի կրնար լսել,
կանչը մեր ինկած նահատակներուն,
եւ ով չի գիտեր Վահագնի լեզուն`
չի կրնար թռչիլ աստղերուն մէջէն:
Բոցն է բոսոր յեղափոխութեան`
թափանցիկ, մաքրող
աշխարհն առօրեայ:
Յեղափոխութեան ծիածանն է սա,
որ կը բարձրանայ
ոչ թէ անձրեւէն,
այլ ջրհեղեղէն
ըմբոստացումի,
եւ հրաբուխ է
խորունկ սէրերու եւ նուիրումի:
Անոնք քաջ գիտեն,
ինկող տղոց տեղ`
կը ծաղկին նորեր,
հարիւրաւորներ,
երբ որ հարկն է
երթը սրբազան
կը շարունակուի: