
Կիրակի, Նոյեմբեր 13-ին, Հ․Յ․Դ․-ի հիմնադրութեան 132-ամեակին եւ նահատակուած ու մահացած ընկերներու յիշատակին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան Հ․Յ․Դ․ Պանթէոնին դիմաց տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն: Ներկայ էր հոծ բազմութիւն մը` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի եւ Հ․Յ․Դ․ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, Լիբանանի կառոյցի կոմիտէներ եւ շարքայիններ, Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Կեդրոնական վարչութիւնը եւ միջդիւանական 10-րդ խորհրդաժողովի մասնակիցները, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը, Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամները եւ մեծ թիւով համակիրներ: Գերեզմանատան մուտքին դաշնակցական պատանիները ժողովուրդին ծաղիկներ բաժնեցին` զանոնք առ ի յարգանք զետեղելու համար Հ․Յ․Դ․ Պանթէոնին վրայ:
Հ․Յ․Դ․ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով Յակոբ Հաւաթեանի բացման հակիրճ խօսքէն ետք առաջնորդ սրբազան հայրը Լիբանանի հայոց թեմէն քահանաներու ընկերակցութեամբ նախագահեց հոգեհանգստեան արարողութեան, ապա Հ․Յ․Դ․-ի եւ անոր ուղեկից միութիւններուն` Հ․Մ․Ը․Մ․-ի, Համազգայինի եւ Հ․Օ․Մ․-ի անունով Հ․Յ․Դ․ Պանթէոնին առջեւ զետեղուեցան ծաղկեպսակներ:
Հ․Մ․Ը․Մ․-ի շեփորախումբին նուագակցութեամբ «Մեր հայրենիք» քայլերգի ունկնդրութենէն ետք օրուան պատգամը ուղղեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեան, որ նշեց, թէ այսօր եկած ենք Հ․Յ․Դ․ Պանթէոն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անցեալի նուիրեալներու եւ իրենց այլուր յաւիտենապէս ննջող նմաններու հոգիներու հանգստեան համար խոկալու եւ աղօթելու, սակայն այդ ննջեցեալներու հոգիներու հանգիստը մեր օրերուն ապահովելը չափազանց դժուար իրագործելի փափաք է, որովհետեւ հայութեան եւ Հայաստան աշխարհի ներկայ վիճակը նկատի ունենալով, ի՛նչ ալ ընենք, ի՛նչ ալ խօսինք, չենք կրնար զանոնք հանգստացնել:
«Իրենք ալ փոխադարձաբար մեզ հանգիստ չեն ձգեր, ո՛չ ալ պիտի ձգեն, այնքան ատեն որ առկայ են հայութեան եւ Հայաստանի ապագայ գոյութեան սպառնացող վտանգները, որոնք մեր դիմաց ծառացան Հայաստանի ներկայ ապաշնորհ իշխանութիւններու ազգային բանականութիւնը դրժող որոշումներուն եւ գործունէութեան հետեւանքով», նշեց Մկրտիչեան, որ անդրադարձաւ նախորդ չորս տարիներուն ընթացքին` իշխանափոխութենէն ի վեր իշխանութիւններուն վարած ազգավնաս քաղաքականութիւններուն` հասարակութեան պառակտումին, իշխանութիւններուն կողմէ Սահմանադրական դատարանի` ամբողջական հակակշիռի տակ առնուելուն, արդարադատութեան համակարգը իբրեւ իշխանութիւնները լռեցնելու գործիք օգտագործուելուն, բանակի վարկին դէմ հրապարակային պայքարի շղթայազերծման եւ այլ հարցերուն:
Մկրտիչ Մկրտիչեան մանաւանդ նշեց, որ լուրջ հարուած հասցուեցաւ Արցախի հիմնահարցին նիւթով աւելի քան երկու տասնամեակ տեւած բանակցութիւններու թղթածրարին: Բանակցութիւնները յանգած էին կէտի մը, ուր Հայաստան եւ Ատրպէյճան պէտք է ստորագրէին միջնորդ եռեակին կողմէ ներկայացուած փաստաթուղթը, որ կ՛ապահովէր Արցախի կարգավիճակի վճռումը` հիմնուելով ինքնորոշման սկզբունքին վրայ: Ատրպէյճանի նախագահը կը մերժէր ստորագրել: Հաւանականութիւնը մեծ էր, որ խնդիրը ուղղուէր դէպի բախում, բայց ատակ կառավարումով, դիւանագիտական աշխատանքով եւ մարտունակ բանակով միշտ կարելի կ՛ըլլար բախումի այդ վտանգը հեռացնել: Իշխանափոխութեամբ պատերազմը եկաւ անխուսափելիօրէն որովհետեւ առաջին օրէն իսկ Փաշինեան յայտարարեց, որ Արցախի խնդիրի քննարկումը պիտի սկսի զերօ կէտէն:
«Արցախը ի՛նքն է, որ անցնող Հոկտեմբեր 30-ին Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութեան եւ միջազգային հասարակութեան հակադրուելով` փորձ ըրաւ օրակարգը վերադարձնելով իր բուն հունին մէջ. Արցախը գոռաց իր ո՛չը ժողովուրդով ու ղեկավարութեամբ` խանգարելով բոլոր այն գրասենեակները, որոնց համար խաղին ելքը արդէն վճռուած կը թուէր: Այդ ո՛չը անմիջականօրէն կ՛իմաստաւորէ նաեւ այսօրուան հոգեհանգիստը: Ննջեցեալներու հոգին հանգստանալու յոյս ունի գոնէ: Աւելի քան 130 տարիներու անցեալով կազմակերպութեան մը պարագային, անցեալի գործիչները ընդօրինակելի բնորդ են նորերուն համար. անոնք մաս կը կազմեն դաշնակցութեան ոգեկան ղեկավարութեան մեծ փաղանգին: Իսկ անոնց հոգեկան հանգիստը կը լիանայ, եթէ ժառանգորդները կարենան գերազանցել բնորդները: Ատիկա՛ պէտք է դարձնել մե՛ր նշաձողի նուազագոյն բարձրութիւնը», ընդգծեց Մկրտիչ Մկրտիչեան։
Հաւաքը վերջ գտաւ «Վէրքերով լի» երգով: