Արտերկիր

ԼԻԲԱՆԱՆ.- ԴԵՍՊԱՆՆԵՐ ԵՒ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐԲԵՐՈՒ ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ

terchnotspouyn2

 

Դեկտեմբեր 10-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ, Արժանթինի, Գերմանիոյ, Դանիոյ, Լեհաստանի, Յունաստանի, Չեխիոյ, Ռուսաստանի եւ Վատիկանի դեսպանները, այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին տակ գործող Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» Թանգարանը:terchnotspouyn4

Այցելուները ծաղիկներ զետեղեցին դանիացի միսիոնար Մարիա Եաքոպսընի շիրիմին: Ապա հիւրերուն իր  ողջոյնի խօսքը փոխանցեց Դեսպան Աշոտ Քոչարեան: Այցելութիւնը տեղի ունեցաւ Մարդկային Իրաւանց միջազգային օրուան առիթով, որ կը նշուի ամէն տարի Դեկտեմբեր 10-ին: Դեսպանը նշեց, թէ այս տարի առաջին անգամ ըլլալով, Դետեմբեր 9-ին միջազգային ընկերութիւնը պաշտօնապէս նշեց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի եւ Ցեղասպանութեան Կանխարգիլման միջազգային օրը:terchnotspouyn5

Այնուհետեւ ներկաները շրջագայեցան թանգարանը, ուր ցուցադրուած են զանազան փաստագրական նիւթեր Հայոց Ցեղասպանութեան, հայ որբերու, «Թռչնոց Բոյն» որբանոցի հիմնադրման եւ Մարիա Եաքոպսընի  մարդասիրական գործունէութեան վերաբերեալ:

Advertisement Subscribe Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button