ԼԻԲԱՆԱՆ․- ՊԱՏԿԵՐՆԵՐԸ ԹՈՂ ԽՕՍԻՆ

0 0
Read Time:4 Minute, 37 Second

 

   Ա.Ա.

Լիբանանը վիրաւոր չէ։ Մահամերձ է։

Իսկ մենք առասպելներու եւ հեքեաթներու դարը չենք ապրիր, որպէսզի հաւատանք, թէ Փիւնիկեան թռչունը մոխիրներէն պիտի յառնի։ Մեր դարուն նման բանի հաւատալու համար կարիքը կայ բազմաթիւ գործօններու եւ ազդակներու, որոնց ամբողջութիւնն է, որ միայն կրնայ փրկել Լիբանանը մահուան ճիրաններէն։

Առասպելները ձգենք գիրքերուն էջերուն մէջ եւ փորձենք լուսանկարներու շարքով մը պատմել Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն առօրեայ տառապանքներուն մասին։ Լուսանկարները բնականաբար բնաւ ամբողջական պատկերը  պիտի  չտան այն ահաւոր եւ հակասութիւններով լեցուն իրավիճակին, որ տիրական է այնքան մը, որ լիբանանցիները գլորած է յուսահատութեան վիհը։ Սակայն անոնք այնքան խօսուն եւ խորհրդանշական  են, որ անոնց միջոցով կարելի է որոշ գաղափար մը տալ լիբանանցիներուն առօրեային մասին։

….Իրականութիւնը ծածկելու եւ այնպէս մը ձեւացնելու , թէ իսկապէս լուրջ ճիգ կը թափուի՝ կացութիւնը փրկելու, տագնապները լուծելու եւ երկիրը իր ահաւոր վիճակէն դուրս բերելու համար, յար եւ նման է Մար Մըխայէլի մայր գիծին վրայ, ելեկտրականութեան ընկերութեան շէնքին դիմաց գտնուող այս խանութին ցուցափեղկին մէջ «բանտարկուած»  երկու մանըքէններուն ծածկին։ Մերկութիւնը ծածկելու փորձ մը չէ անշուշտ ասիկա։ Յստակ է, որ մանըքէնները փոշիէն պաշտպանելու համար է, որ նայլընէ տոպրակներով ծածկած են։ Սակայն  ահա ձեզի  հիանալի պատկեր մը, որ հարազատօրէն կը ցոլացնէ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն կացութիւնը։ Ծածկել, ձեւացնել, քողարկել։Բայց մերկը մերկ է, տագնապները մեզ կլանած են, խնդիրները լուծումներու կը սպասեն։ Որքան ալ ծածկուի իրականութիւնը, խայտառակ վիճակը յստակօրէն կ՛երեւի։Ճիշդ ու ճիշդ այս մանըքէններուն նման։

…..Աղբ։ Ամէնուրէք։ Ոչ մէկ թաղ, արուարձան, գիւղ, քաղաք, անմասն է աղբէն, որ կը կուտակուի, օրեր շարունակ կը մնայ արեւուն տակ, ապա անձրեւին ջուրը վրայ կը հասնի, ճահիճներ կը ստեղծէ։ Քաղաքապետութիւնները իրենց միջոցներով կը փորձեն գտնել լուծումներ, որոնք կէս կատար են, որովհետեւ այս անտանելի իրավիճակին պատասխանատուն միայն քաղաքապետութիւնները եւ գրեթէ գոյութիւն չունեցող աղբահաւաք ընկերութիւնները չեն։ Այս պարագային քաղաքացիներն ալ յանցանքի իրենց մեծ բաժինը ունին։ Եթէ աղբ չթափեն փողոցները, ճամբաները մաքուր կը մնան։ Քաղաքապետարաններուն համապատասխան սպասարկութիւններն ալ եթէ ճիշդ ձեւով եւ կանոնաւոր ժամանակացոյցի մը հիմամբ հաւաքեն աղբերը, կացութիւնը թերեւս կրնայ քիչ մը բարեփոխուիլ։

  Բայց կայ խնդիր մը։ Ամէն տեղ աղբը կը թափուի։ Անկիւններ, վաճառատուներու դիմաց, խաչմերուկներու վրայ, ճամբաներու եզրին։Ապա գործի կը լծուին աղբերէն իրենց օրապահիկը շահող թշուառները։Երկաթ, պողպատ, պղինձ, խաւաքարտ, ալիւմինում, փայտ, քաուչուկ, թիթեղ, ապակեայ եւ կերպընկալէ շիշեր  եւ այն ամէն ինչը,որ կարելի է վաճառել վերամշակմամբ զբաղող քանի մը գործարաններու, կը հաւաքուին։ Տոպրակները կը պատռեն, ամբողջ աղբը կը թափեն գետինը, կ՛առնեն ինչ որ պէտք է իրենց եւ կը հեռանան։Ոչ ոք արգելք կը հանդիսանայ այս աղբի փերեզակներուն։ Ամէն ոք կքած է իր հարցերուն եւ խնդիրներուն տակ։ Ժամանակ եւ տրամադրութիւն չունի աղբերը ցիրուցան տարածող տղեկներուն ըսելու, որ կարելի չէ այսպէս ընել։

….. Պատկերներուն մէջ կայ նաեւ խրախուսիչը։ Ահա այս հայորդին, որ ամէն օր իր վաճառատան դիմաց կ՛աւլէ, աղբքաշով կը հաւաքէ աղբը, կը լեցնէ տոպրակին մէջ։ Բայց փակ օղակն է, որ ինքզինք կը պարտադրէ, որովհետեւ աղբահաւաքը չհասած՝ աղբերէն իրենց օրապահիկը շահող թշուառները պիտի յարձակին։

… Բնական պայմաններու եւ օրէնք ու կանոն պարտադրող համակարգ ունեցող երկրի մը մէջ այս տեսարանը զարհուրանք կրնայ պատճառել։ Խալիլ Պատաուիի երկաթէ կամուրջին մօտերը այս երիտասարդը իր հրանիւով կը փոխադրէ չորս աշակերտներ։ Քիչ մը անդին կանգնած էր ճանապարհային ոստիկանը, որ սակայն բջիջային հեռաձայնով զբաղած էր։ Արդէն նոյնիսկ եթէ տեսներ, ոչինչ պիտի ընէր, որովհետեւ անհետացած է օրէնքն ու կանոնը պարտադրելու տրամադրութիւնն ու ճիգը։ Ոստիկանին ամսականը մէկ միլիոն ութ հարիւր հազար լիբանանեան թղթոսկի է՝ շուրջ ինիսուն տոլար։ Իսկ վճարումներուն եւ ծախսերուն մասին չխօսիլը աւելի լաւ է, որովհետեւ կարելի չէ նկարագրել թէ՛ սղութիւնը, թէ ամսական անխուսափելի ծախսերը։ Միայն յիշեցնեմ, որ ելեկտրական շարժակներուն ամսական վարձքը, զոր քաղաքացին պէտք է վճարէ, որպէսզի օրական տասնչորս ժամ ելեկտրականութեան հոսանք ունենայ, մէկ միլիոն ինը հարիւր հազար է՝ իւրաքանչիւր հինգ ամփերի համար։ Ալ կրնաք երեւակայել։Այս ոստիկանը եւ քաղաքացիներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը մխրճուած են այնպիսի ահաւոր տագնապի մը մէջ,որ վերածուած են անտարբերներու։Այս հոգեվիճակն է, որ ամէնէն վտանգաւորն է։

….Մինչ մարդիկ անօթութեան դռները կը թակեն, ուրիշներ, որոնց թիւը բնաւ արհամարհելի չէ, կը ճաշեն ճաշարաններու մէջ, սրճարաններու եւ գինետուներու մէջ կը հանգստանան եւ կը զբօսնուն։ Այս պարագային ալ մեծ մասը անտարբեր է եւ  բնաւ հետաքրքրուած չէ, թէ ով ինչպէս կ՛ապրի։Ի վերջոյ ձեւով մը եկամուտ  ունի եւ կեանքը կը շարունակէ։ Իր ինչ հոգը, որ ահա այս աղջնակին նման երեխաներ, կրնան անօթի ըլլալ։ Անմիջապէս աւելցնեմ, որ աղջնակը, որ առնուազն տասը վայրկեան սպասեց, որ մէկը դրամ տայ, սուրիացի գաղթական է։ Գիտեմ նաեւ, որ շատ շատեր մուրացկանութիւնը գործի վերածած են։ Բայց նաեւ վստահօրէն կրնամ հաստատել, որ գիշերները կէս անօթի անկողին մտնող երեխաներու թիւը բնաւ արհամարհելի չէ։ Այս իրավիճակէն դուրս գալու համար միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու կատարած աշխատանքը բնաւ բաւարար չէ, հակառակ անոր որ անոնք իսկապէս շնորհակալ աշխատանք կը կատարեն։ Խնդիրը այն է, թէ չքաւորութիւնը այնքան տարածուած է, որ պարզապէս կարելի չէ հասնիլ բոլորին, մանաւանդ երբ բախտախնդիրներ եւ պատեհապաշտներ յաճախ կը խլեն չքաւորին տրուելիք օժանդակութիւնը՝ միութիւններն ու կազմակերպութիւնները խաբելով։

….. Յոյսն է, որ մարդը ոտքի կը պահէ եւ անոր կու տայ գոյատեւելու ուժը։ Ամանոսի կողքի թաղերէն  մէկուն մէջ պատին վրայ գծուած ծաղկուն ճիւղերը, որոնք կու տան սղոցուած կոճղին շարունակութիւնը ըլլալու խաբկանքը, իրենց յոյսը չկորսնցնելու լիբանանցիներուն տրամադրութեան լաւագոյն պատկերն է։ Սակայն խաբկանքը կապ չունի իրականութեան հետ, ոչ ալ կրնայ հարցերուն եւ խնդիրներուն լուծումներ բերել։ Հարցը այն է,թէ սղոցուած կոճղը վերածաղկած տեսնելու մարդոց փափաքին մասին մտածող իսկ չկայ։ Երբ ամբողջ երկիրը մահամերձ է, անյոյս ճիգեր կը թափուին «հիւանդին կեանքը քանի մը օրով երկարաձգելու» տրամաբանութեամբ։ Ուրիշ ոչինչ։

Իրավիճակը գորշ ամպերով պարուրուած է։Բարելաւման յոյս, ճիգ, աշխատանք եւ պատասխանատուութեան գիտակցութիւն կայ եւ չկայ։ Տիրական է զիրար մեղադրելու շատ ծիծաղելի հոլովոյթ մը, մինչ բոլորիս աչքերուն առջեւ խաւաքարտէ դղեակի մը նման Լիբանանը փուլ կու գայ։ Լիբանանեան դրօշին այս լուսանկարն ալ շատ խորհրդանշական է։ Պետութեան խորհրդանիշը իսկապէս բանտարկուած է ճաղերու ետին։ Ճաղեր՝ անհոգութեան, անտարբերութեան, փտածութեան, աւազակութեան, ապիկար ղեկավարման եւ քաղաքացիական կրթութենէ զուրկ քաղաքացիներու։ Կարելի պիտի ըլլա՞յ փրկել երկիրը։ Հրաշքի համազօր հարցում մըն է։ Սակայն մենք հրաշքներու, առասպելներու եւ հեքեաթներու դարուն մէջ չենք ապրիր։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
100 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles