
Լիբանանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 1950-ական եւ 1960-ական տարիներու աստղերէն մէկն ալ հրաժեշտ տուաւ այս աշխարհին, փառաւոր պատմութիւն, յաղթանակներու բերկրանք ու հպարտութիւն ձգելով իր ետին։
Մեկնողը այս անգամ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Ուստա»-ն էր՝ եղբ. Լեւոն Ալթունեանը, որ 1952-էն 1973 ծառայեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ին, նաեւ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբին։
Ան մահացաւ Սեպտեմբեր 6-ին, զոհը դառնալով քորոնա համաճարակին։
Լեւոն Ալթունեան ծնած էր Սեպտեմբեր 15, 1936-ին, Պէյրութ։ Փոքր տարիքէն ան սկսած էր ֆութպոլ խաղալ։ 16 տարեկանին հանդէս եկած էր Հ.Մ.Ը.Մ.ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբէն, հետեւելով իր երէց եղբօր՝ Մանուէլի օրինակին։
Առաջին մրցումը ան կատարած է Ռասինկի դէմ։ Այդ մրցումին, իբրեւ պահեստի մարզիկ, եղբ. Լեւոն ներկայացած է երկրորդ կիսախաղին, երբ խումբը պարտուած է 1-0 արդիւնքով։ Շնորհիւ սակայն իր արագ ու տպաւորիչ խաղարկութեան, ան նշանակած է երկու կոլ, իսկ եղբայրը՝ Մանուէլ մէկ կոլ, 3-1 արդիւնքով արդար յաղթանակ մը ապահովելով Հ.Մ.Ը.Մ.-ին։ Այնուհետեւ, ան Լիբանանի ֆութպոլի պատմութիւն մուտք գործած է լայն դռնէն, դառնալով բոլոր ժամանակներու լաւագոյն միջնապահներէն եւ աջ ծայրի ռմբարկուներէն մէկը։
Նշենք,թէ Աշխարհի ֆութպոլի համադաշնակցութեան (FIFA) նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ, ցաւակցական մը յղած էր Լիբանանի ֆութպոլի համադաշնակցութեան, յիշելով Լեւոնի արձանագրած յաջողութիւնները։ Կցուած կարդալ Սեպտեմբեր 8-ի թուակիր ցաւակցականը։
Լեւոն Ալթունեան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ներկայացուցչական խումբին եւ մարզիչ Ժոզէֆ Նալպանտեանի հետ Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան տիրացած է երեք անգամ.- 1954-1955, 1962-1963 եւ 1968-1969 տարեշրջաններուն։ Լիբանանի բաժակակիր դարձած է 1961-1962 տարեշրջանին։ Լիբանանի լաւագոյն կոլ-սքորըրը հանդիսացած է 1962-1963 եւ 1966-1967 տարեշրջաններուն։ 1970-ին, իր խմբապետութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ֆութպոլի խումբը կը գրաւէ Ասիոյ ակումբներու ախոյեանութեան երրորդ դիրքը։
Ան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շապիկը կրած է 21 տարի շարունակ։ Վերջին մրցումը ան կատարած է 1973-ին, Նըժմէի դէմ, Հապիպ Ապի Շահլա մրցաշարքին։ Այդ օրը «Ուստա»ն նշանակած է մրցումին միակ կոլը։ Անոր բազմաթիւ առիթներ ներկայացած են մաս կազմելու եւրոպական խումբերու, սակայն ան հաւատարիմ մնացած է իր պաշտած միութեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ին, ֆութպոլիստի ամբողջ կեանքը անցընելով անոր յարկին տակ։
Ստորեւ, կը հրատարակենք, վերջերս առցանց հրատարակուած Գրիգոր Գրաճեանի «Ժողովուրդին բեմը» գիրքին մէջ, Լեւոն Ալթունեանի մասին, յապաւումով գրութիւն մը,-
«Ուստա»
Հին սերունդէն ո՞վ չէ լսած Լեւոն Ալթունեանին մասին. չի ճանչնար Հ․Մ․Ը․Մ․-ի ֆութպոլիստ «Ուստա»ն՝ «վարպետ»-ը։
Մինչեւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սկիզբը՝ 1975, Հ․Մ․Ը․Մ․- ի ֆութպոլի առաջին խումբը մարտունակ վիճակի մէջ էր. ախոյեանութիւնը դիւրին-դիւրին չէր զիջեր մրցակից Նըժմէին, Մազրաային, Ռասինկին եւ Հ․Մ․Մ․-ին։
Այդ օրերուն, ֆութպոլի մրցումները տեղի կ՛ունենային «մարզական աւան»-ին՝ «Շամունի դաշտ»-ին վրայ։
Մարզասէր հայեր, խաղէն հասկցող կամ չհասկցող, ներկայ կ՛ըլլային քաջալերելու համար իրենց նախասիրած խումբը, պուրճ համուտցիին համար միայն ու միայն՝ Հ․Մ․Ը․Մ․- ը։ Մրցումները կ՛ըլլային «տաք», հակառակ երբեմն ձմեռնային պաղ եղանակին, իսկ կիրքերը միշտ սրած, մանաւանդ երբ մերինները կոլ մը կամ երկու «կերած» ըլլային։ Ա՛լ տո՛ւր որ կու տաս իրաւարարին հասցէին, որ ըստ հայերուն, միշտ կողմնակալ կ՛ըլլար ի նպաստ արաբական կազմին։ Մարզասէրները կոկորդ պատռելու աստիճան կը պոռային.
– «Արպիթր ա լ՛էքոլ» (Իրաւարարը՝ դպրոց), կամ, իրաւարարին «նուիրուած» հայհոյախառն երգ մը.
Եւ հակառակորդ խումբի մարզիկներուն մօր-քրոջ սեռային գործարանները ներբողող արտայայտութիւններով կը գունաւորէին մթնոլորտը։ Իսկ «մերինները» քաջալերելու համար կը պոռային..
– Տղաք, ոտքերնին կտրեցէք, մայրերնին ք…էք։
Խաղէն ետք, դաշտէն դուրս, հայերու ինքնաշարժներուն ապակիները եթէ ջարդ ու փուշուր եղած ըլլային՝ կարեւոր չէր. Միայն թէ հայկական կողմը յաղթած ըլլար։
Այդ օրերուն, մարզիկները անունով, մականունով, դէմքով բոլորին ալ ծանօթ էին։ Անոնց նախասիրութիւնները, մոլութիւնները, առաւելութիւններն ու թերութիւնները հանրութեան սեփականութիւնը կը կազմէին։
– Այսինչը խմող է, միւսը «խումարճի» է, կնիկ-աղջիկ կը խաղցնէ։
Կային նաեւ «մաքուր տղայ»-ները։
Իսկ «Նալպանտեանի տղաքը»՝ դեղին սատանաները ( կարմիր գուլպայ, կապոյտ կարճ տաբատ, դեղին շապիկ), Լեւոնը, Մանուէլը, Յակոբիկը, մեծ եւ փոքր Աբոները, բերդապահ Եղիշը, Սարգիսեանը, Ճոգին եւ ուրիշներ, երբ դաշտ իջնէին, մարզասէրներուն սրտի զարկը 150-ը կ՛անցնէր։
Ներկայիս, բնական տերեւաթափով, հիները մէկիկ-մէկիկ կը հեռանան կեանքէն իրենց ետին միայն յիշատակներ ձգելով։
Լեւոնը ֆիզիքապէս նոյնը չէ։ Թէեւ 50-60 տարի անցած է իր փառքի օրերէն, սակայն հոգիով նոյն մարզիկն է. մտքով ու մարմնով առոյգ եւ կայտառ։
Խնդրեցի իրմէ, որ հինէն՝ հին յիշատակներէն հատ մը պատմէ։
– Ո՞ր մէկը պատմեմ, ըսաւ «Ուստա»-ն, շատ կայ
– Սաանկ, հաճելի հատ մը։
– Գօգօ անունով բերդապահ մը ունէինք, սկսաւ «վարպետ»-ը, որ «խումարճի» էր։ Կարեւոր մրցում մը ունէինք «Ռասինկ»-ին դէմ։ Մէկ գիշեր առաջ, Աբոն տուն հասցուց Գօգոն եւ անկողին մտցուց, վստահ ըլլալու համար որ «խումար»-ի պիտի չերթայ։ Մի ըսեր, որ հերոսը Աբոյին երթալէն ետք, կ՛ելլէ եւ ամբողջ գիշերը «խումար» կը խաղայ։
Յաջորդ օրը, խաղի ատեն ձեռքին տակէն գնդակ մը փախցուց եւ կոլ կերանք։ Հինգ վայրկեան ետք, Աբոն «փաս» տուաւ Յակոբիկին, ան ալ գլխով ինծի, ես ալ պատրաստ կեցեր եմ արդէն. մէկ հատ դրի եւ եղանք մէկ-մէկ։
«Հաֆ թայմը» լրացաւ։
Երկրորդ «հաֆին», հերոսը մէկ հատ ալ փախցուց։ Այնքան յոգնած եւ անքուն էր որ ձեռքին տակէն գնդակ կը փախցնէր։
Եղանք երկու- մէկ։
Խաղի աւարտէն հինգ վայրկեան մնացած, ես կեցեր եմ կոլին ձախ կողմը։ Գնդակը Աբոյին ոտքն է եւ ինծի կը փնտռէ։ Տեսաւ որ պատրաստ եմ, օդէն ինծի տուաւ ես ալ «վոլէ», մէկ կտոր անկիւնէն կոլին մէջ դրի։
Եղանք երկու-երկու եւ խաղը վերջացաւ։
Նոր սերունդէն քիչեր կը ճանչնան Լեւոնը եւ այս կը վիրաւորէ «ուստա»-ն։
– Ինչ ընենք, աս է կեանքը կ՛ըսէ հին օրերու Հ․Մ․Ը․Մ․-ի «Մէսսի»-ն։