ԱրտերկիրԼրահոս

Լիբանանի Նոր Կառավարութեան  Ճարտարարուեստի Նախարարն է Ճորճ Պուչիքեանը

ՊԷՅՐՈՒԹ.- Աւելի քան տարի մը անդամալոյծ վիճակէ ետք, անցեալ շաբաթավերջին կազմուեցաւ Լիբանանի կառավարութիւնը, որու հայ համայնքի ներկայացուցիչն է Ճորճ Պուչիքեանը:

Ծնած Մայիս 10, 1965-ին, ան վկայուած է որակի եւ նորոգութեան մարտահրաւէրներու տնօրինման մարզին մէջ՝ Ճարտարարուեստի եւ արհեստագիտութեան տնօրինման Գանատայի հիմնարկէն:

Ամուսնացած եւ երկու զաւակի տէր՝ Պուչիքեան մասնագիտացած է պաշտօններու արժեւորման, ծրագրաւորումի եւ արտադրութեան մարզի տնօրինման, ծախսերու նուազեցման եւ որակի պահպանման ընդմէջէն՝ արտադրողականութեան բարելաւումը ապահովելու, պիւտճէներու պատրաստութեան եւ գործարկումի ծախսերու քննութեան մարզերուն մէջ: Ան Այնճարի բարեկարգումի խորհուրդի նախագահն է եւ անդամ՝  բժշկական սարքեր ներածող սենտիքայի տնօրէն խորհուրդին, Լիբանանեան- զուիցերիական առեւտուրի պալատին: Ան կը տիրապետէ հինգ լեզուներու՝ հայերէնին, արաբերէնին, անգլերէնին, ֆրանսերէնին եւ գերմաներէնին:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button