Read Time:1 Minute, 39 Second
Մարտ 7-էն 9-ին, յաջորդաբար Տիթրոյթի, Պոսթընի եւ Նիւ Ճըրզիի մէջ, տեղի ունեցաւ հանդիպում Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի հետ:
Նախարարի այցը մէկ օղակն է Հիւսիսային Ամերիկա կատարած իր այցելութեան, որուն ընթացքին ան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Գանատայի (Մոնրէալ եւ Թորոնթօ) եւ Գալիֆորնիոյ (Լոս Անճելըս) հայ համայնքներուն հետ:
Նախարար Կիտանեան շնորհակալութիւն յայտնեց շրջաններու հայութեան՝ սոյն ընտրութիւններուն առթիւ գաղթներէն տարած աչալուրջ աշխատանքին համար: Ան յայտնեց, թէ վերջին շրջանին Լիբանան կ’ապրի համեմատաբար խաղաղ շրջան մը, շնորհիւ երկրի նախագահին եւ վարչապետին համախոհութեան:

«2000 թուականէն ի վեր Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը ունեցած է երկու երեսփոխաններ Լիբանանի Խորհրդարանէն ներս, մինչ քանի պայմանները փոխուած են եւ ընտրութեանց օրէնքները նոր կարելիութիւններ կ’ընձեռեն մեզի, պէտք է ամէն ճիգ ի գործ դնենք, որպէսզի արդարօրէն ունենաք երեք կամ չորս երեսփոխաններ, եւ այսպիսով դառնանք իրաւակա՛ն ներկայացուցիչը մեր ժողովուրդին՝ Լիբանանի քաղաքական կեանքէն ներս: Գրանցուելու ճշդուած ժամանակաշրջանը անբաւարար նկատելով, ներքին համաձայնութիւն կար զայն երկարաձգելու, սակայն քաղաքական կարգ մը անակնկալ իրադարձութիւններ պատճառ դարձան երկարաձգումին խափանման: Հետեւաբար սպասուած արդիւնքներուն չկրցանք հասնիլ: Կը մտածուին նոր միջոցներու մասին՝ համալրելու քուէարկողներու պահանջուած թիւը: ….Լիբանանի ճգնաժամային պայմաններուն տոկացինք եւշարունակեցինք ապրիլ որպէս Լիբանանի հաւատարիմ քաղաքացիներ, այդ պատճառով ալ բոլոր ուժերուն կողմէ մեծ յարգանք կը վայելենք առ այսօր, հետեւաբար ժամանակն է, այս բարօր ժամանակաշրջանին, որ Հ.Յ. Դաշնակցութիւնն ու լիբանանահայութիւնը օգտուին ընձեռուած կարելիութիւններէն, եւ Սփիւռքի մեր հայրենակիցները մասնակցելով քուէարկութեանց՝ նպաստեն ոչ միայն լիբանանահայութեան, այլ նաեւ մեր ազգային հարցերուն», ըսաւ նախարարը, աւելցնելով, թէ Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աունի վերջերս կատարած Հայաստան այցելութեան, որուն ընկերակցած էր նաեւ ինք, յիշեցթէ նախագահը Հայաստանի, Արցախի եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցերուն վերաբերեալ իր անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնած է:
Ձեռնարկներու աւարտին, նախարարը նշեց, թէ Հ.Յ. Դաշնակցութեան թեկնածուներու ընտրատարածքներն են Պէյրութ մայրաքաղաքը, Մեթնի շրջանն ու Այնճարը: Ան կոչ ուղղեց լիբանանահայ մեր հայրենակիցներուն վերջին ճիգը չխնայելու՝ ի նպաստ լիբանանահայութեան, ազգին եւ հայրենիքին: Շնորհակալական խօսք ուղղեց ընտրական յանձնախումբին եւ Կեդրոնական կոմիտէին՝ այս առնչութեամբ իրենց տարած անխոնջ աշխատանքին համար:
Նշենք թէ, Նիւ Ճըրզի այցելութեան ժամանակ, նախարար Կիտանեան տեսակցութիւն մը ունեցաւ Ա.Մ.Ն. արեւելեան շրջանի Բարեջան Առաջնորդ Օշական Արք. Չօլոյեանի հետ: Իսկ Պոսթընի մէջ, Կիտանեան այցելեց Հ.Յ.Դ.-ի արխիւները: