Լրահոս

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ.- ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԺԱՄԿԷՏ՝ ՆՈՅԵՄԲԵՐ 20

Լիբանանի մէջ կայանալիք երեսփոխանական ընտրութիւններու սկզբունքային թուական ճշդուած է Մայիս 6, 2018 թուականը։ Լիբանանի խորհրդարանի որոշումով, այս ընտրութիւններուն, առաջին անգամ ըլլալով, արտասահման ապրող բոլոր լիբանանցիները պիտի կարենան քաղաքացիական իրենց պարտականութիւնը կատարել՝ բնակած վայրերուն կամ ամէնէն մօտակայ շրջաններուն մէջ:

Լիբանանի Արտաքին գործոց եւ Արտերկրի լիբանանցիներու նախարարութեան որոշումով՝ մինչեւ Նոյեմբեր 20, պիտի կատարուի արտերկրի լիբանանցի քուէարկողներու ելեկտրոնային արձանագրութիւն եւ այդ ‎ճամբով ապահովուի անոնց քուէարկելու իրաւունքը՝ քուէարկութեան օրը։ Արձանագրուելու համար պէտք է այցելել Լիբանանի Արտաքին գործոց նախարարութեան համապատասխան կայքէջ https://diasporavote.mfa.gov.lb/

Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի բնակիչներուն համար, կապ հաստատել.-

Հեռաձայն.- Գէորգ Ապտալեան    617-538-6788

կամ Իշխան Սաղպազարեան        617-955-5914

Advertisement Subscribe Today

Ել-նամակ.- blebanon2018@gmail.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button