
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Լիբանանահայութեան վերականգնումին զօրակցելու համահայկական նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ, Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդը, շարունակելով Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք սկսած հանգանակային իր աշխատանքները՝ իրականացուց նաեւ պատկերասփիւռային հանգանակութիւն մը՝ Թելեթոն, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, Օգոստոս 30-ին, երեկոյեան ժամը 5-8։30 եւ ուղղակի սփռուեցաւ հայկական պատկերասփիւռի կայաններէն։
«Մէկ ազգ, մէկ ապագայ» նշանաբանին տակ, երեկոյեան ժամը 5ին սկսած թելեթոնը բացառիկ յաջողութեամբ պսակուեցաւ, երբ մեր համայնքին հաւաքական ճիգերով կարելի եղաւ գոյացնել 1․375․555 տոլարի պատկառելի գումար մը:
Թելեթոնի բացման սրտառուչ խօսքով հանդէս եկաւ Արամ Ա. վեհափառը, որ իր երախտագիտական խօսքը ուղղելով մեր համայնքին՝ մեծապէս դրուատեց մեր կազմակերպութիւններուն եւ զաւակներուն անդուլ աշխատանքը՝ Լիբանանի հայութեան օգնութեան համազգային գործին մէջ, նոյն ժամանակ ներկայացնելով բոլոր մարտահրաւէրները, զորս լիբանանահայութիւնը կը դիմագրաւէ այս օրերուն:
Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդին ներքեւ գործող 40 կազմակերպութիւնները եւ մեր համայնքի զաւակները սրտաբուխ նուիրատուութիւններով օժանդակութեան ձեռք երկարեցին լիբանանահայութեան՝ որպէսզի կարենայ յաղթահարել տնտեսական, առողջապահական եւ հոգեկան ծանր տագնապները ու կարելի եղածին չափ արագ ժամանակամիջոցի մը մէջ վերականգնել Սփիւռքի ծաղկուն եւ կարեւոր գաղութներէն՝ Լիբանանի հայաշունչ օրրանը։
Ուշագրաւ էր յատկապէս Լիբանանէն ներկայացուած տեղւոյն գաղութի պատասխանատուներուն եւ նաւահանգիստի պայթումին պատճառով զոհուածներու ընտանիքներուն հետ կատարուած հարցազրոյցները եւ գաղութի վերականգման աշխատանքներուն մասին թղթակցութիւնները։ Յիշատակելի մէկ այլ երեւոյթ էր Արեւմտեան Հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Կարօ Էշկիեանի 150 հազար տոլարի առատաձեռն նուիրատուութիւնը:
Թելեթոնին ընթացքին սրտառուչ պատգամներով ելոյթ ունեցան նաեւ Համահայկական խորհուրդի անդամ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Ելոյթներով հանդէս եկան նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան վերապատուելի Պերճ Ճամպազեան, ինչպէս նաեւ Հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեան:
Թելեթոնի աւարտին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան անակնկալ յայտարարութիւն մը կատարելով՝ տեղեկացուց 250 հազար տոլարի նուիրատուութեան մը մասին, իր ինքնութիւնը յայտնել չուզող հաստատութեան մը կողմէ: Իրենց մասնակցութիւնը բերին համայնքի երկար տարիներու այլ բարերարներ եւս, որոնց կարգին Սարգիս եւ Նունէ Սեփեթճեանները, որոնք նուիրեցին 100 հազար տոլար, Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեանները՝ 30 հազար տոլար, ու «Սուփըր Քինկ Մարքեթ»ի սեփականատէր Ֆերմանեան ընտանիքը՝ 25 հազար տոլար: