
“Ծիծեռնակաբոյն“ Հայ Քոյրերու Վարժարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Յունիս 15, 2012 երեկոյեան ժամը 7-ին դպրոցի սրահին մէջ, Լեքսինկթըն: Ներկայ էին Հայր Ռաֆայէլ վարդապետ Անտոնեան, հիւրեր, ծնողներ եւ դպրոցասէր հանդիսատեսներ:
Յայտագրի բացումը կատարուեցաւ Ամերիկեան ապա հայկական Օրհներգներով: Առաջին հերթին բեմ բարձրացաւ տնօրէնուհի Քոյր Սեսիլ Քէհեայեան եւ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք, շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք զօրավիգ կը կանգնին դպրոցին, շեշտելով թէ հայ դպրոցը կը յաջողի իր առաքելութեան մէջ երբ ծնողք եւ դպրոցասէր հասարակութիւնը թիկունք կը կանգնի անոր: Ան կրկնեց թէ հայ մանուկը պէտք է հասակ առնէ հայկական միջավայրի մէջ, սորվի իր մայրենի լեզուն եւ պատմութիւնը ու ապրի, որպէս հայ քրիստոնեայ անձ, որ հպարտ է իր մշակոյթով եւ ինքնութեամբ:
Ապա իրեն միացաւ փոխ-տնօրէնուհի Տիկ. Մայտա Մելքոնեան: Ան մէկ առ մէկ բեմ հրաւիրեց հինգերորդ դասարանի աշակերտները, որպէսզի տնօրէնուհիի ձեռամբ ստանան իրենց վկայագրերը եւ յուշանուէրները: Տեղին է նշել թէ դպրոցի տնօրէնութիւնը իւրաքանչիւրին յանձնեց Աստուածաշունչ մը, մաղթելով որ Աստուած առաջնորդէ եւ յաջողութիւն պարգեւէ իրենց:
Իսկ Հ.Օ.Մ.֊ի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած շարադրութեան մրցումին մասնակցող եւ առաջնահերթ տեղեր գրաւող աշակերտները իրենց մրցանակները ստացան հետեւեալ շարքով,֊ 3րդ, 4րդ եւ 5րդ կարգերու խմբակէն հայերէն բաժնէն Ա. Մրցանակը ստացաւ Կարէն Մկրտիչեան եւ Գ. Մրցանակը` Նիգոլ Թօփանեան. իսկ “Յիշատակութեան Արժանի“ էին Սմպատ Տէիրմէնճեանի, Սարին Մկրտիչեանի, Գարինա Հանանեանի, Անի Քալէշեանի, Նշան Կլորիկեանի, Անի Չաղլասեանի եւ Քրիսթինա Չաղլասեանի շարադրութիւնները: Նոյն խմբակի անգլերէն բաժնէն Ա. Մրցանակը ստացաւ Անդրանիկ Տակլըս, Բ. Մրցանակը` Ատրիանա Մինասեան եւ Գ. Մրցանակը` Փիթըր Գութուճեան, իսկ յիշատակութեան արժանի էր Ալին Գարակէօզեանի շարադրութիւնը: Ապա Հ.Օ.Մ.֊ի “Լէօլա Սասունի“ եւ “Շուշի“ մասնաճիւղերու նուիրած հայերէնի մրցանակը ստացաւ Անի Քալէշեան. իսկ դպրոցի կողմէ հայերէնի մրցանակը տրուեցաւ Կարէն Մկրտիչեանին: Հպարտ ենք մեր աշակերտներով եւ կը շնորհաւորենք զիրենք եւ իրենց ծնողները:
Գնահատականներէն ետք յաջորդաբար բեմ բարձրացան Մանկապարտէզի, Մանկամսուր Ա.ի ապա Մանկամսուր Բ.ի աշակերտները գունագեղ սիրուն տարազներով թիթռնիկներու նման եւ հանդէս եկան հաճելի շարժումներով եւ զուարթ դէմքերով. անոնք պարեցին, երգեցին եւ արտասանեցին մանկական յատուկ անմեղութեամբ գրաւելով ներկաներուն սրտերը:
Այս բաժնին յաջորդեց հայկական պարերու շարք մը առաջին, երկրորդ ապա երրորդ դասարաններու աշակերտութեան սքանչելի կատարմամբ: Երրորդ դասարանի աշակերտները հայոց եռագոյնը իրենց ձեռքին հպարտութեամբ պարեցին “Ես Սիրում Եմ Իմ Երկիրը“ երգի երաժշտութեան ներքոյ:
Հասած էր պահը ներկայացնելու “Յաւերժի Ճամբորդը“ կատարմամբ երկրորդէն հինգերորդ դասարաններու աշակերտութեան կողմէ: Ճամբորդը կու գար Նայիրի երկրէն, Տէր Զօրէն, Անիէն, Վանէն, Կիլիկիայէն, Երեւանէն եւ այլուր կրելով զանազան անուններ ինչպէս Հայկ Նահապետ, Մեսրոպ Մաշտոց, Խորենացի, Վարդան Մամիկոնեան, Կոմիտաս, Զօրավար Անդրանիկ, Սայեաթ Նովա, Իսրայէլ Օրի, հայ ֆետայի, Սփիւռքի հայը եւյլն.: Բոլորի ամբողջութիւնը Հայաստանն էր, Հայ ժողովուրդը, Յաւերժի Ճամբորդը, որը դարերու խորքէն կու գար եւ որուն երթը վախճան չունի: Մէջընդմէջ հնչեցին “Գարուն Երեւան“, “Երեւան Էրեբունի“, “Հզօր Հայաստան“, “Պատերազմ էք Գնում“, “Գետաշէն“, “Ես Սիրում Եմ իմ Երկիրը“ եւ “Իմ Սեւան“ երգերը եւ Սայաթ Նովայի Քամանչայ երգի երաժշտութեան ընկերակցութեամբ հեզաճկուն մենապար մը: Ապա Չորրոդ եւ Հինգերորդ դասարաններու աղջիկները “Սարերի Հովին Մեռնեմ“ երգի երաժշտութեան ներքոյ նազանքով պարեցին եւ ծածանեցին պարի ուսուցչուհի` Տիկ. Մէյրիի գծագրած Ա. Բ. Գ.ով զարդարուն շղարշը:
Հանդէսի վերջին բաժինին բեմ բարձրացան մանկապարտէզի աշակերտները իրենց ուսուցչուհիներուն առաջնորդութեամբ եւ Տնօրէնուհիէն ստացան իրենց վկայականները. ապա “Մնաս Բարով մանկապարտէզ“ երգելով իջան բեմէն իրենց աչքերը յարած դէպի նախակրթարան:
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս տնօրէնուհի Քոյր Սեսիլ Քէհեայեան բեմ հրաւիրեց ուսուցչական կազմը ինչպէս նաեւ ծնողական յանձնախումբի ատենապետուհի Տիկ. Միշէլ Մինասեանը եւ դպրոցիս 30֊ամեակի յատուկ գրքոյկին յաջողութեան համար մեծապէս աշխատանք տանող Պրն. Նաճիպ Տիարպաքըրլին, որուն փոխարինեց Տիկ. Տուլսէ Տիարպաքըրլին: Տնօրէնուհին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին մէկական ծաղկեփունջ նուիրելով անոնց: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Պարսումեան, Յարութիւնեան եւ Ժուսքալեան ընտանիքներուն իրենց յարատեւ օգնութեան եւ նեցուկին համար:
Դպրոցական այս ոգեւորիչ հանդէսի աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ Հայր Ռաֆայէլ վարդապետ Անտոնեանը, որպէսզի արտայայտէ օրուան հանդիսութեան հայող իր հայրական խօսքը:
“Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու այս վարժարանը, գեղեցկօրէն “Ծիծեռնակաբոյն“ անունով խորհրդանշուած“, ըսաւ հայր սուրբը, “իր ամավերջի այս հանդէսով յաջողեցաւ ցուցաբերել եւ հաղորդել ներկայ հանդիսատես այս հասարակութեան, անվիճելի զգայնութիւն մը հանդէպ հայ դպրոցին, անոր անփոխարինելի առաքելութեան իբրեւ անհրաժեշտ ազդակ հայակերտումի, մնայուն ու յարատեւ կրթա-դաստիարակչական իր բազմաճիւղ գործունէութեամբ:
“Արդարեւ, այսօր, այս պահուս մենք ականատես եղանք մեր փոքրիկներու հայաշունչ արտայայտութիւններուն, որոնք հայ երգի ու պարի ոգեւորիչ եղանակներու եւ տարազներու բազմերանգ գոյներով աւելի եւս գեղեցկացած մեզի կը փոխանցէին պատգամ մը, երախտագէտ խօսքը, արդիւնք ստացած իրենց հայեցի դաստիարակութեան` ուղղուած իրենց ծնողներուն,—Պահեցէք մեզ հոս, այս վարժարանէն ներս, որպէսզի մեծնանք հայութեան շունչով—:
“Այո , ժամանակն է ամէն գնով սատարել հայ դպրոցի գոյատեւման, որովհետեւ միայն այն ատեն պիտի լռեն եւ զինաթափ ըլլան անոնք որոնք մահամերձ կը նկատեն հայոց լեզուն: Հայութիւնն ու Հայ Գաղութները կը շնչեն ու կենսունակ կը մնան ամէն բանէ առաջ իրենց դպրոցներով եւ հայախօսութիւնը անոր անսակարկ գրաւականն է: Մեր գրական անդաստանը ճոխացնող բանաստեղծութիւններու բեմական արտասանութիւններով եւ յատկապէս Գէորգ Էմինի “Յաւերժի Ճամբորդը“, վերածուած արեւմտահայերէնի Տիկ. Մայտա Մելքոնեանի կողմէ, նոյնքան սահուն ու հաճելի, որքան անոր բնագիր Արեւելահայերէնը, հայոց պատմութեան դարեր երկարող եւ դիմագիծ կերտող գրական այդ տեսիլքին ներկայացումը, դեռ աւելի սաստկացուց մեր մէջ ապրող հայու ոգիի հանդէպ մեր բոլորիս պատասխանատուութիւնները, երբ լսեցինք Գէորգ Էմինի պատգամը արձագանգող, լիաթոք ու ոգեւորուած կանչը մեր պատանիներուն թէ, “Սփիւռքի այն հայն եմ ես, որուն տառապանքը սորվեցուցած է յարատեւելու եւ հայ մնալու գաղտնիքը եւ որն այսօր պանդուխտ է, իսկ վաղը նոր Հայաստանի քաղաքացի“: Խթանիչ խօսքեր որոնք կը մղեն մեզ, քալելու իբրեւ անխոնջ ճամբորդներ, առանց յանձնուելու յոգնութեան նուաղումներու, զմիշտ ուղեւորուելու իբրեւ Ճամբորդներ Յաւերժի, “եկած դարերու խորքէն եւ որ դէպի գալիք դարերը կ՛երթայ եւ որուն երթը վերջ ու վախճան չունի, քանի դեռ գէթ մէկ հայ կ՛ապրի այս հողագունդին վրայ, այս յաւերժական արեւի ներքեւ“:
Ապա Հայր սուրբը հրաւիրեց ներկայ հասարակութիւնը աղօթելու խմբովին “Տէրունական Հայր Մեր-ը“, մինչ բեմէն կը ծածանէր մեսրոպաշունչ տառերու բազմերանգ հիւսուածքը, գործ Տիկ. Մէրի Տէմիրճեանի, եւ մեր հոգիները դեռ կը լսէին ձայներն աշակերտներուն որոնք սրտաբաց կը կրկնէին Գէորգ Էմինի հետ թէ “Այն հայ աշակերտն եմ ես, որուն այսօր, հազար վեցհարիւր տարի ճամբորդելէ ետք, հասեր են Մեսրոպ Մաշտոցի ստեղծած տառերը, եւ որուն հայ մնալէն կախեալ է Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ըլլալն ու չըլլալը“:
Մ.Մ.