
Յատուկ հրաւէրով Միացեալ Նահանգներ կ’այցելէ Հ.Հ. Կրթութեան եւ Գիտութեան նախկին նախարար, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի նախկին անդամ ընկ. Լեւոն Մկրտչեան:
Նկատի ունենալով Հ.Հ. Սահմանադրական փոփոխութիւններու կարեւորութիւնը, Մկրտչեան զրոյց-հանդիպումներ պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի երեք քաղաքներու մէջ: Այսպէս, Շիքակոյի Հայ Կեդրոնին մէջ, 1701 N. Greenwood Ave.Glenview, IL., ելոյթ պիտի ունենայ Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8-ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Նիւ Եորքի Հայ Կեդրոնին մէջ, 69-23 47th Avenue, Woodside, NY, ելոյթ պիտի ունենայ Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9-ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, իսկ Պոսթընի «Բաբգէն Սիւնի» ակումբին մէջ, 76 Bigelow Ave., Watertown, MA, ելոյթ պիտի ունենայ Կիրակի, Հոկտեմբեր 11-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին:
Նշենք թէ, Սահմանադրութեան վերամշակուած տարբերակով հիմնովին կը փոխուի մեր հայրենի պետականութեան համակարգը, ուր նախագահական համակարգին կու գայ փոխարինելու խորհրդարանական ձեւը,եւ աւելի կարեւոր տեղ կու տայ կուսակցութիւններու դերակատարութեան, վերահսկող աւելի մեծ առիթ կուտայ ընդդիմութեան եւ յոյս կու տայ հայոց պետութեան դէմ ծառացած բազմաթիւ խնդիրներու լուծման: