Լրահոս
Լեւոն ԺԴ. Պապը Այցելեց Պոլսոյ Հայ Առաքելական Եկեղեցին

ՊՈԼԻՍ.- Հռոմի Լեւոն ԺԴ. Պապը, Թուրքիա իր այցելութեան չորրորդ եւ վերջին օրը այցելեց Պոլսոյ Հայ Առաքելական Սուրբ Աստուածածին աթոռանիստ մայր տաճար եւ հոն ալ աղօթեց։
Իր խօսքին մէջ, Պապը ողջունեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ին, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ գտնուող ամբողջ հայ համայնքին։
Լեւոն ԺԴ. յիշեցուցշ, որ Հռոմի եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարքին միջեւ առաջին համատեղ հռչակագիրը ստորագրուած է 1970 թուականի Մայիսին՝ Պապ Պողոս Զ.-ի եւ Կաթողիկոս Վազգէն Ա.-ի միջեւ։ «Այն ատենէն ի վեր, Աստուծոյ շնորհքով, մեր Եկեղեցիներուն միջեւ ողորմութեան երկխօսութիւնը ծաղկում ապրած է»,– ըսաւ ան, յիշեցնելով, թէայս այցելութիւնը նուիրուած է Նիկիական Հանգանակին, որ կը նշէ տիեզերաժողովի 1700-ամեակը։

