Լերան Երկու Լանջերը

0 0
Read Time:1 Minute, 32 Second
Լուսանկար՝ Ռուբէն Ճամպազեանի
Լուսանկար՝ Ռուբէն Ճանպազեանի

Գրեց՝ Խաչիկ Մուրատեան
Թարգմանեց՝ Յարութիւն Մըսրլեան
Նիւ Ճըրզի
Մայիս 28, 2016
Ստորեւ, թարգմանաբար լոյս կ՛ընծայենք Խաչիկ Մուրատեանի “The Two Sides of the Mountain” գրութիւնը, որ լոյս տեսաւ “Հայրենիք“ի անգլերէն բաժնի “Արմինիըն Ուիքլի” շաբաթաթերթի վերջին համարին մէջ: Յոդուածագիրը “Արմինիըն Ուիքլի”ի նախքին խմբագիրն է:

Արարատի գծագրութիւնները կախուած են շատ մը հայերու տուներուն մէջ. եւ Արարատ լերան առջեւ նկարուիլը հայրենիքը այցելողներուն համար շատ ժողովրդական երեւոյթ մը դարձած է:
Ես յաճախ կը խոկամ մեր սերունդէ սերունդ շարունակուող իր անմաշ քաշողական ուժին առջեւ: Հազարաւոր գծագրութիւններէ, գրութիւններէ եւ երգերէ յետոյ, մեր ճամբորդութիւնը այս պաշտելի քարակոյտին հետ, դեռ նորանոր գալարումներ եւ թաւալումներ կը ներկայացնէ խուզարկութեան համար:
Երեկոյ մը, քանի մը տարի առաջ, լերան ստորոտը եղած ատեն, յանկարծ իրականութիւնը կարծես բացայայտուեցաւ աչքերուս առջեւ: Հայերը երբ Երեւանէն Արարատը կը դիտեն, անոնք ոչ միայն այդ լերան կը նային, այլեւ՝ անոնք, իրապէ՛ս, աւելի հեռուն գտնուող պատմական Արեւմտահայաստանն է որ կը տեսնեն:
Սակայն նոյն այդ տեսարանը երբ Թուրքիոյ կողմէն, այսինքն՝ հայրենիքի խորքէն կը դիտենք, մեր ազգին դիմաց բացուող ճանապարհը նոյնքան խորհրդանշական կը դառնայ:
Հոս, այս տեղը, որ այսօր Թուրքիա կը կոչուի, կեցած եմ մեր հայկական ժառանգութեան փլատակներուն մէջ եւ կը դիտեմ Արարատը: Հիացմունքով ոչ միայն լեռն է որ կը դիտեմ, այլ՝ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւնները:
Կը դիտեմ մեր Հայրենիքի այն մասը ուր մեր դպրոցներն ու եկեղեցիները փլատակի ՉԵՆ վերածուած: Ուր՝ ազգը ուռճացածէ: Ուր՝ մենք այցելուներ չենք:
Եւ պատուէրը ճիշտ հո՛ն է, ազդու եւ ճնշիչ, այնպէս ինչպէս Արարատի ներկայութիւնն է ջինջ օրուան մը ընթացքին: Առանց այդ լերան ձախ կողմը գտնուող հայրենիքին նեցուկ դառնալու, լերան աջ կողմը՝ արդարութիւն երբե՛ք պիտի չկրնանք ձեռք ձգել:
Առանց զօրաւոր, բարգաւաճ ԵՒ ժողովրդավար Հայաստանի եւ Արցախի, շատ քիչ բան կրնանք ակնկալել լերան թէ՛ այս, եւ թէ՛ այն կողմը գտնուող լանջերէն:
Ահա ա՛յս է որ լեռը, եթէ կարենար խօսիլ, պիտի փսփսար մեր ականջներուն, եթէ իրեն հետ նկարուելու կանգնէինք:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles