
Չորեքշաբթի, Յունիս 8-ին, Փրովիտենսի Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ «Ֆերմանեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը, նուիրուած Արցախին, կազմակերպութեամբ, տեղւոյն «Քրիստափոր» մասնաճիւղին:
Օրուան հիւր բանախօսն էր, Ամերիկահայ Մշակութային Ընկերակցութեան «Արցախ Ֆոնտ»ի եւ «Հայրենիք»ի հրաւէրով, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջան ժամանած, Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ՝ Լեռնիկ Յովհաննիսեան:
Ան ներկայացուց Արցախի ներկայ իրավիճակը, եւ յայտնեց թէ շնորհիւ աննման զինուորներու եւ բնակչութեան մարտունակութեան, կարելի եղաւ դիմադրել եւ պարտութեան մատնել նախայարձակ թշնամին:
Ան անգամ մը եւս շեշտեց թէ, իւրայատուկ երեւոյթ էր պատերազմի դաժան ժամերուն, աշխարհի զանազան գաղութներէն կատարուած օժանդակութիւնը:
Ան նաեւ յայտնեց թէ Ատրպէյճան աւելի քան երեսուն ուղղաթիռներով որոշած էր յարձակիլ, սակայն կարճ ժամանակաշրջանի մը մէջ, առաջին երկու ուղղաթիռները կորսնցնելով, Պաքու նախընտրեց շարունակել ձախողութիւններու շարքը:
Ան մանրամասնօրէն տեղեկութիւններ փոխանցեց Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին մասին:
Լեռնիկ Յովհաննիսեանի խօսքը, թարգմանաբար փոխանցեց Թալին Մկրտիչեան:
Նշենք թէ, նախքան այս հաւաքը, Լեռնիկ Յովհաննիսեան այցելեց շրջանի հայկական կառոյցները: