Յօդուածներ
Լեզուական Կատակերգութիւն
Հայերէն լեզուն տեսակ-տեսակ երանգներ կրնայ ունենալ հոս՝ Երեւանի մէջ: Սուրիացի հա՛յ մը, օրինակ, կ՚ըսէ.- Օ՜, մոպայլիս պաթարիան վերջացաւ: Նոյն մտահոգութեամբ երեւանցի հա՛յը պիտի ըսէ.- վա՜յ, սոտովիս զարյատկան նստեց: Փառք Աստուծոյ, որ բացագանչութիւններն ու բայերը յուշարարի դեր կը խաղան դեռ ու մեզ կը զգաստացնեն, որ խօսողները հայեր են :



բացատիկ եւ հաճելի գրութիւն… սակայն տխրալի պատկեր…
շատ ապրիս