Յօդուածներ

ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ԿԱՏԱԿԵՐԳՈՒԹԻՒՆ (2)


ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ

Երեւան 2019

***

Ապարանցին «ականջը կանչէ» արտայայտութիւնը այնքան կը լսէ, որ շլմորած կը մտածէ, թէ իսկապէ՞ս իրավիճակ փոխուած է եւ ականջը բերանին տեղն անցած:

***

Հմայեակը այնքան հանդարտ մարդ է, որ ամէն տհաճ բան «ականջին ետեւ կը նետէ»:  Հիմա կինը ստիպուած ետեւէն կը դառնայ հաւաքուած բուրգը մաքրելու:

Advertisement Subscribe Today

***

Երբ խնամիները աղջկան ձեռքը կը խնդրեն, հայրը վիրաւորուած կ’ըսէ. «Բայց մենք մեր աղջկան միայն ձեռքը չենք տար, եթէ իսկապէս կ’ուզէք՝ ամբողջութեամբ տարէք զայն»:

***

Օճառները սուղցած են, քանի որ հիմա անոնց պահանջքը շատցած է: Պետական պիւտճէն աւելցնելու նպատակով, կրճատումներ տեղի կ’ունենան եւ պաշտօնեաներու ոտքերուն տակ մէկական օճառներ կը դրուին:

***

Ապարանցի Վահէն ամբողջ օրը կշիռքը ձեռքը կը պտտի. դուն մի ըսեր, ան իր ծանր օրերը կշռելու ելած է:

***

Արեւմտահայը դրամատուն կը մտնէ եւ կը յայտնէ, որ կ’ուզէ դրամ պառկեցնել իր հաշիւին: Սակայն արեւելահայուն շլմորած դէմքը տեսնելով կը հասկնայ, որ հոս դրամները չեն պառկիր, այլ կը մուծուին:

***

Սուրիացին Երեւան կու գայ եւ կ’իմանայ, որ իր բարեկամը բերդը նստած է: Ապշած կը մտմտայ, թէ արդեօք ժամանակի մեքենայ նստելով բերդեր ու ամրոցներ գրաւելու դարո՞ւն յայտնուած է:

***

Արեւելահայը վճռած է, որ այլեւս օտար բառեր պիտի չգործածէ իր լեզուին մէջ: Երբ վարորդը կը հարցնէ, թէ ո՛ւր երթայ, «Շրթունքեանի (Պռոշեան) կողքից թեքուէք դէպի Ձիթապտուղ (Զէյթուն)», հաստատակամ կը պատասխանէ:

***

Երկար սպասումէ ետք, ի վերջոյ ամուսնացաւ: Հիմա չորս ոտքով կը քայլէ այլեւս:

***

-Սմբուկը քանի՞ կ’արժէ:

-Ինչ ես ուզու՜մ:

-Սմբուկ:

-Հա՜, Պատինճա՞ն ես ուզում:

***

Լսած էր դուռը կը բացուի, պատուհանը կը բացուի, վարագոյրը կը բացուի, նոյնիսկ հեռատեսիլը կը բացուի ու կը գոցուի, բայց երկամեայ Նանորիկին բարբառելուն առթիւ յաճախ կրկնուող «լեզուն բացուեցաւ» արտայայտութիւնը նոր լսեց: Լեզուին բացուիլ-գոցուիլը ո՞րն է…. մտմտաց վեցամեայ Սեւակս:

***

Կարծեց որ նոր ջուր պիտի տեսնէր, ջուրը չիջած բոպիկցաւ: Ու ի՜նչ տեսնէ, ջուրի երեսին ջրիմուռներ բուսած են ու կը ծփան: Գլխուն վրայ սառը ջուր թափելէ ետք, հասկցաւ որ բան չէ փոխուած. նոյն ջուրն է նոյն ջաղացը:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button