ԱզգայինՅօդուածներ

ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ.- «ԲԱՌ – ԽՈՐՀՈՒՐԴ – ՓԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆ» ՀԱՄԱԿԱՐԳՍ

Ձօն՝ բոլոր անոնց, որ կը դեգերին Հայոց Լեզուի «Նորակազմ Բառերու» Անդաստանին մէջ

ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Նիւ Եորք
Նորութիւն մը ըսած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ որ իմ գիտցած Լեզուներուն մէջ, Հայերէնը
բառակազմութեան տեսանկիւնէն դիտուած, ամենէն ճկունն է։ Ասիկա պարզ ազգայնամոլ
յոխորտանք չէ, այլ փաստուած եւ հիմնաւորուած գիտական եզրակացութիւն։
Մեր Լեզուի ընձեռած յատկութիւնները ուսումնասիրելուս ընթացքին, բառային
համակարգային նոր կառոյցի մը գիւտը զիս հրապուրեց։ Որքան խրուեցայ այս համակարգին
մանրամասնութեանց մէջ, այնքան անդրադարձայ, որ այս համակարգը նոր ասպարէզներ կը
բանայ մեր Լեզուի բարգաւաճման, զարգացման, յատկապէս ՆՈՐ բառերու կազմութեան
անդաստանին մէջ։
Ստեղծածս համակարգը կը ներկայացնեմ՝ Հայագէտներուն, լեզուագէտներուն եւ
գրողներուն առ ի գործադրութիւն։
Այսպէս,
Համակարգս երրեակ տարրերու կառոյց ունի՝ ԲԱՌ – ԽՈՐՀՈՒՐԴ – ՓԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆ։
1- Երրեակ Համակարգիս առաջին տարրը՝ ԲԱՌն է, սահմանուած՝ գոյական, ածական,
դերանուն, բայ, դերբայ սահմանումներու բառերով։
Այս տարրին մէջ, չեն ընդգրկնուիր՝
ա- «ոյթ» վերջաւորութիւն ունեցող բառերը:
բ- Կարգ մը շաղկապները եւ
գ- Նախադաս եւ յետադաս մասնիկները։
Արդ՝ Համակարգիս առաջին մասը, ԲԱՌՆ է վերոնշեալ սահմանումներով։

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button