Լա Հէյի Դատարանը Հաստատեց, Թէ Ատրպէյճան Պարտաւոր Է Ապահովել Բերձորի Միջանցքով Տեղաշարժը

0 0
Read Time:55 Second

ԼԱ ՀԷՅ․- Արդարադատութեան միջազգային դատարանը հրապարակեց Բերձորի միջանցքի ապաշրջափակման վերաբերեալ ժամանակաւոր միջոց կիրարկելու Հայաստանի պահանջի մասին որոշումը: Այսպիսով` դատարանը եզրակացուց, որ Ատրպէյճանը պարտաւոր է իր` հռչակագիրով ստանձնած պարտաւորութիւններուն համաձայն` ձեռնարկել իրմէ կախուած բոլոր միջոցները, որպէսզի ապահովէ անձերու, փոխադրական միջոցներու եւ բեռներու անխափան տեղաշարժը Բերձորի միջանցքով երկու ուղղութեամբ:

Դատաւորը նշեց, որ դատարանը կը նկատէ, որ 12 Դեկտեմբեր 2022-էն Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ կապը Բերձորի միջանցքով խաթարուած է: Դատարանը կ՛արձանագրէ, որ այս իրավիճակին պատճառով շարք մը  հետեւանքներ ծագած են, եւ, որ հետեւանքները կրող անձերը կը շարունակեն մինչեւ հիմա այդ ազդեցութիւն կրել: Տեղեկութիւններուն համաձայն, նաեւ խոչընդոտուած է Լեռնային Ղարաբաղ կենսական ապրանքներու ներմուծումը, որուն հետեւանքով սնունդի, դեղորայքի եւ այլ կեանք փրկող պարագաներու պակաս յառաջացած է: Դատարանը կը գտնէ, որ վնասը կրնայ անուղղելի նկատուիլ, երբ համապատասխան անձեր կը յայտնուին կեանքի եւ առողջութեան համար վտանգաւոր հանգամանքներու մէջ: Դատարանը յիշեցուց, որ 30 Յունուար 2023-ին տեղի ունեցած դռնբաց նիստին Ատրպէյճանի ներկայացուցիչը հաստատած է, որ իր կառավարութիւնը պարտաւորուած է եւ կը շարունակէ պարտաւորուիլ ձեռնարկել իրմէ կախուած բոլոր քայլերը` երաշխաւորելու անձերու, փոխադրական միջոցներու եւ բեռներու ազատ տեղաշարժը Բերձորի միջանցքով` միաժամանակ շարունակաբար աշխատելով Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին հետ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles