
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 25, 2012
Իր “Եկեղեցին Հայկական“ բանաստեղծութեան մէջ, Վահան Թէքէեան իր “Ուր շուշաններ կը ծաղկին Շարականի գետին մօտ“ տողին ներշնչումը վստահաբար առած է այնպիսի պահէ մը, մթնոլորտէ մը, զոր երաժշտասէր հանրութեան հրամցուց խքբավար Վաչէ Պարսումեան, “Լարք“ի “Գեղարդ“ երգչախումբին հետ, յաջորդաբար երկու Կիրակիներ` 18 եւ 25 Նոյեմբերին, Կլենտէյլի մէջ:
Երգահանդէսը պարզ երգչախմբային կատարում մը չէր, այլ հանդիսականը հայկական երգի դարաւոր մշակոյթին եւ անոր ակունքներուն հետ հաղորդակցութեան մէջ դնող նախաձեռնութիւն մըն էր ըստ ամենայնի. երաժշտասէր հանդիսականը ոչ միայն հայկական ու միջազգային հոգեւոր երաժշտութեան գեղեցիկ կտորներու ունկնդիր եղաւ, այլ նաեւ, հայկականին պարագային` վայելեց գործնական անմոռանալի դասախօսութիւն մը` մեր հնադարեան խազագրութեան վերածանումներուն եւ անոր հիմամբ որոշ շարականներու վերականգնումի գործընթացին մասին:
Չենք ուզեր կանգ առնել շուրջ 40 անդամներէ բաղկացած երգչախումբին կատարումի մակարդակին առջեւ. կը բաւականանք արձանագրելով, որ “Լարք“ երաժշտանոցը, իր գործի տարբեր դաշտերով, յատկապէս երգչախմբային կատարումներով, ստեղծած է մակարդակ ու չափանիշ, որուն հաւատարիմ է Վաչէն` իր ասպարէզի առաջին քայլերէն ի վեր, սկսելով Պէյրութէն. ան բծախնդիր ու հետեւողական աշխատանքով, յաջողած է տարուէ տարի նոր աստիճաններու բարձրացնել երաժշտական իր մատուցումները, անոնք ըլլան աշակերտական, օփերային ներկայացումներ, նմանօրինակ երգչախմբային նուաճումներ թէ այլօրինակ նուագահանդէսներ: Կը նախընտրենք լուսարձակը կեդրոնացնել Վ. Պարսումեանի “Լարք“ին աշխատանքի այն ոլորտներուն վրայ, որոնք կը ձգտին հաւատարիմ մնալ Կոմիտասի ու այլ հանճարներու կտակին, այդ նպատակով ալ, գործակցութեան անդաստաններ կը մշակուին նո՛յն ուղիէն քալող ուխտաւորներու հետ:
Ըսինք, թէ երաժշտական յիշեալ մատուցումները լայն իմաստով գործնական դասախօսութիւններ էին մեր երաժշտական բազմադարեան գանձարանին մասին: Բացատրենք, թէ ինչպէ՛ս տեղի ունեցաւ մատուցումը:
Յայտագիրը կը կրէր “Հին Կտակ“ խորագիրը, որ ինքնին թելադրական է: Ընտրուած էին հոգեւոր երաժշտութեան ընդամէնը ութ կտորներ, չորսը` Պախէն, իսկ մնացեալ չորսը` մեր շարականներու գանձարանէն: Պախի կտորները ներկայացուեցան քառաձայն, ընկերակցութեամբ երկու նուագարաններու, իսկ հայկական շարականները միաձայն էին, մատուցուած` երկու տարբերակով. եւ ճիշդ հոս էր այս համերգին շահեկանութիւնն ու արժանիքը:
Հայկական բաժինէն առաջ եւ անոր առընթեր խօսք առնելով, Վաչէ Պարսումեան եւ հայրենի երաժշտագէտ Արթուր Շահնազարեան հակիրճ բայց բովանդակալից լուսաբանութիւններ տուին հայկական երաժշտութեան պատմական կարգ մը իրականութիւններուն ու երեւոյթներուն մասին. յայտնենք, որ ընտրուած չորս կտորները` հինգերորդէն տասնմէկերորդ դարերու ստեղծագործութիւններ էին, Ստեփանոս Սիւնեցիէն (երկու շարական), Սահակ Ձորոփորեցի ու Պետրոս Գետադարձ Կաթողիկոսներէն: Իւրաքանչիւր շարական ներկայացուեցաւ աւանդական ու վերականգնած տարբերակներով: Իսկ թէ ի՞նչ է աւանդականին ու վերականգնածին տարբերութիւնը` արդէն մաս կը կազմէ մեր գանձերու պեղման ու կորուսեալ արժէքներու վերականգնումի հսկայական գործին, որուն առաջին քայլերը առնուած էին 19րդ դարուն, կոթողական զարգացում ու հունաւորում գտած էր մեծն Կոմիտասի գործով, ապա, տասնամեակներ շարունակ լուսանցքի վրայ մնալէ ետք, վերջին շուրջ 20 տարիներուն նոր ծաղկում կ՛ապրի Հայաստանի մէջ, շնորհիւ հայկական խազարգրութեան մասնագէտ Արթուր Շահնազարեանի նման երաժիշագէտի մը “պեղումներուն“ եւ բանալիներու վերականգնումի երախտաշատ աշխատանքին:
Երաժշտասէր ունկնդիրը (եթէ չէր գիտեր) իմացաւ, որ հայկական հոգեւոր երաժշտութիւնը սկիզբ առած է Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան մուտքին ու մեր ազգային գիրերու ծնունդին առընթեր, սակայն անոր արմատները կ՛երկարին նախաքրիստոնէական` մեհենական դարերը, որովհետեւ մեր եկեղեցականները օգտուած են նաեւ նախաքրիստոնէական երաժշտութենէն: Ստեղծուած էր հայկական խազագրութեան (նոթաներու) դրութիւն մը, որ նման էր նշանագրերու, եւ կ՛արտայայտուէր բառերու եւ նախադասութիւններու վերեւ արձանագրուած նշաններով: Այդ դրութիւնը սերունդէ սերունդ փոխանցուած է գլխաւորաբար եկեղեցականներու կողմէ, երէցէն կրտսերին, յետոյ, մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին հասած պատմական պատուհասներուն հետեւանքով, խազագրութեան բանալիները կորուստի մատնուած են: Կոմիտաս Վարդապետ, շուրջ 20 տարիներու պրպտումներէ ու սպառիչ ուսումնասիրութիւններէ ետք, մօտաւորապէս 100 տարի առաջ գտած էր հայկական խազերու բանալին, նշած էր, որ հայական հնադարեան հոգեւոր երգերը կը դասուին երեք խմբաւորումներու մէջ` պարզ, միջին եւ դժուար. ան սկսած էր այդ բանալիներուն, այսինքն` հայկական երաժշտական “լեզուին“ այբուբենին վերականգնումին, երբ Ցեղասպանութիւնն ու ծանօթ ողբերգութիւնները ընդհատեցին անոր գործը:
Տասնամեակներ շարունակ, բազմաթիւ երաժշտագէտներ ու Կոմիտասի կիսատ մնացած գործը շարունակել փորձողներ աշխատած են մեծ հայուն կտակը իրագործելու ուղղութեամբ: Անոնցմէ է Արթուր Շահնազարեան, որ երկարատեւ պրպտումներէ եւ ուսումնասիրութիւններէ ետք, կանգնած է Կոմիտասի ոտնահետքերուն վրայ, լծուած է անոր գործը ամբողջացնելու երախտաշատ աշխատանքին, արձանագրած է որոշ նուաճումներ (որոնց մասին, “Լարք“ի հրաւէրով, ան Նոյեմբերի վերջին երկու շաբաթներուն չորս դասախօսութիւն տուաւ երաժշտանոցին յարկին տակ):
Ընտրուած չորս շարականները ներկայացուեցան միաձայն, երկու կատարումով. ծանօթ մեներգչուհի Անահիտ Հալապի երգեց շարականներուն դասական, այսինքն` վերջին շրջանին ծանօթ եղանակներով, իսկ երգչախումբի առական բաժինը զանոնք կատարեց վերականգնեալ խազերուն հիմամբ: Մասնագէտ երաժշտագէտը վստահաբար տարբեր գնահատականով կրնայ անդրադառնալ այս շարականներուն երաժշտական արուեստի արժանիքներուն, իսկ տողերս արձանագրող սիրողի մը համար, ակներեւ էր, որ մեր երաժշտական արուեստը ոչ մէկ ձեւով ստորադաս է այլ մշակոյթներու արտայայտութիւններէն, այլ կարելի է հաստատել, թէ մերը կրնայ գերազանցել շատերը, ինչպէս որ Թորոս Ռոսլինի մը կամ Սարգիս Պիծակի մը մանրանկարները, իրենց գոյներով, յղացքով ու արուեստի այլ արտայայտութիւններով կը գերազանցեն աւելի ուշ դարերու ստեղծուած եւրոպական մանրանկարները:
Ահա այս երեսին կ՛ակնարկէինք քիչ առաջ, երբ կ՛արձանագրէինք, որ երգահանդէսը լայն առումով գործնական դասախօսութիւն մըն էր (ի դէպ` ոչ հազուադէպ երեւոյթ` Վաչէ Պարսումեանին համար, որ անցեալին ալ իր դասախօսութիւնները համեմած է նման կատարումներով), ու հանդիսականը ափսոսաց, որ անիկա վերջ գտաւ մէկ ու կէս ժամէն…:
Եթէ փորձենք քանի մը գիծերու մէջ արժեւորել այս երգահանդէսը, կրնանք արձանագրել գէթ հետեւեալ կէտերն ու խորհրդածութիւնները.-
Ա.- Երգչախումբը ունի փորձառու եւ երիտասարդ տարրեր, որոնք կրողներն են “Լարք“ի ջահին, իսկ մատուցումը, ինչպէս նշեցինք արդէն, հաւատարիմ է ի՛ր իսկ կողմէ հաստատուած Մակարդակին: Հոգեկան բաւարարութիւն պարգեւող պատկեր կար նաեւ սրահին մէջ. ունկնդիրներու շարքին էին որոշ թիւով պատանիներ եւ երիտասարդներ:
Բ.- Եթէ մեր երաժշտութիւնը ունի դարերու անցեալ ու կը հանդիսանայ գանձարան մը, որուն հազիւ մէկ մասին ծանօթ ենք, ահաւասիկ կատարուած ուսումնասիրութիւններն ու պրպտումները մեզ դրած են այդ ակունքներուն հասնելու, դարաւոր “գաղտնիքները“ վերծանելու հանգրուանին: Պետական թէ ազգային կառոյցներով, սա մեզ կը դնէ ազնիւ մարտահրաւէրի մը դիմաց, կարելի միջոցներով սատար կանգնելու մշակութային այս գործին: Հայկական աւելի քան 1200 շարականներ, որոնք կը կազմեն մեր երաժշտութեան գանձարանին մէկ կարեւոր բաժինը, հետզհետէ կը դառնան մատչելի: Պէտք կա՞յ կրկնելու, որ այս գանձարանը հիմնական մէկ բաժինն է մեր Մշակոյթին. ծանօթ է, որ տարբեր կալուածներու սպասարկող արուեստագէտներ` երաժիշտ, բանաստեղծ, նկարիչ, քանդակագործ թէ այլք, դարեր շարունակ բոլորուած են Հայ Եկեղեցւոյ շուրջ, եկեղեցին եղած է նա՛եւ մեր արուեստներու պաշտպանն ու զանոնք քաջալերողը, ծաղկեցնողը, ինչպէս որ մանրանկարիչները ծաղկեցուցած են մեր մատեանները:
Գ.- Հայկական ժողովրդային երգը, որ եկեղեցական-հոգեւորին կողքին ժողովուրդի կեանքին մէջ մուտք գործած է միջնադարէն սկսեալ, ճամբայ կտրած է անոր զուգահեռ. Կոմիտասի բնութագրումով` անոնք երկուորեակներ եղած են: Եւ այդ գանձերը` եկեղեցական ու ժողովրդային երգերը, գոհարներ են, որոնք իբրեւ կտակ հասած են մեզի` ապրող սերունդներուս, մեզի կը մնայ ճանչնալ անոնց արժէքը, զանոնք ապրեցնել մեզի հետ ու փոխանցել նորահաս սերունդներուն, ինչպէս որ մշակոյթ կերտած այլ ժողովուրդներ կը վարուին իրե՛նց մշակութային ժառանգութիւններուն հետ (մէկ հիմնական տարբերութեամբ, որ մերը աւելի երկար կեանք ունի, քան իրենց մշակոյթով այսօր տիրապետող այլ ժողովուրդներ):
Դ.- Մեզի ծանօթ են մեր եկեղեցական ու ժողովրդային երգերու բազմաձայն մշակման կոմիտասեան եւ այլ ժառանգութիւններ, որոնք սկիզբն են լայնատարած ճամբու մը. խազագրութեան վերծանումի ճամբուն կատարուած նոր գիւտերով, հայ երաժիշտը-երգահանը կը գտնուի հսկայական գործի մը սեմին:
Ե.- Որքան ցանկալի պիտի ըլլար, որ նման յայտագիրներ կրկնուէին ու շատ աւելի մեծ թիւով հայորդիներ առիթը ունենային հաղորդակից դառնալու մեր հնադարեան գանձերուն, մեր ակունքներուն: Նմանապէս, որքան ցանկալի պիտի ըլլար, որ այս գործնական դասախօսութիւնը մատուցուէր մեր պատանի աշակերտներուն ու երիտասարդ ուսանողներուն, իբրեւ միջոց` հայութեամբ ու հայկականութեամբ անոնց վարակումին (պայման չէ, որ աշակերտն ու ուսանողը ըլլան երաժշտութեան հետեւող. սա մեր մշակոյթին մէկ մասնիկն է, ու ոեւէ հայու իրաւունքն է հաղորդակից դառնալ նման գանձերու):
Ձեռնարկը ձօնուած էր Երուսաղէմի վերջերս վախճանած Թորգոմ Պատրիարքի յիշատակին. ու եթէ յիշենք, որ ան ալ հմուտ կոմիտասագէտ մըն էր, աւելի ամբողջական կը դառնայ ձեռնարկին մէկտեղած զուգորդութեանց պատկերը:
…2012ի տարեսկիզբին, “Լարք“ մատնուած էր նիւթական տագնապի ու կը գտնուէր փակուելու վտանգին տակ: Շնորհիւ խումբ մը ազնիւ աջակիցներու եւ բարերարներու, երաժշտանոցը փրկուեցաւ` հանգանակային ձեռնարկի մը ճամբով: Երգչախմբային այս երախտարժան գործը նորագոյն – ոչ միակ – գործնական արտայայտութիւնն է, թէ “Լարք“ն ու նման արուեստի բոյներ ինչո՛ւ պէտք է վայլելեն մեր բարերարներուն եւ ամբողջ ժողովուրդին գուրգուրանքը, նեցուկը:
Տարին դժուարութեամբ սկսած երաժշտանոցը յաղթանակով մը կ՛աւարտէ 2012ը, եւ ապագային կը նայի դժուար օրերը մոռնալու կամքով:
Նոյեմբեր 25ի համերգի աւարտին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Յովնան Սրբազանը, յանուն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի, Վաչէ Պարսումեանի շնորհեց “Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ“ շքանշանը: Ասիկա Վաչէի շնորհուած կաթողիկոսական երկրորդ շքանշանն էր. առաջինը շնորհուած էր Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ, 2005ին: Աւելորդ է ըսել, որ Վաչէ Պարսումեանը արդարօրէն արժանի է բարձր գնահատանքի: Գնահատանքի արժանի են ու իրագործումներուն բաժնեկից են իր աջակիցները` երաժիշտներ, երգչախումբի անդամներ, վարչականներ, բարերարներ ու, ինչո՞ւ չէ, աշակերտներ, անուանի ու անանուն գործակիցներ, “Լարք“ի կողքին կանգնողները: Անցեալ տարիները ցոյց տուած են, որ Վաչէին համար, իւրաքանչիւր նուաճում կը դառնայ նորին ձգտելու նոր զսպանակ մը, անոր խանդը, սէրն ու ամբողջ կեանքը կապելով ՀԱՅ ԵՐԳԻՆ ու ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ, անոնց ուսումնասիրութեան, անոր հրայրքը ուրիշներու հոգիներուն մէջ տարածելու, Հայ ԵՐԳին ջերմութեանբ վարակելու մարտահրաւէրի:
“…Շարականի գետին մօտ“ ճամբան երկար է: